«Գիտութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Ջուր: clean up, replaced: շատ մը → բազմաթիւ using AWB
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Գիտություն}} using AWB
Տող 1. Տող 1.
{{Արևելահայերեն|Գիտություն}}

[[Պատկեր:Iceberg with hole near Sandersons Hope 2007-07-28 2.jpg|thumb|'''Ջուրը իր երեք վիճակներուն մէջ՝ հեղուկ, պինդ եւ կազ''']]
[[Պատկեր:Iceberg with hole near Sandersons Hope 2007-07-28 2.jpg|thumb|'''Ջուրը իր երեք վիճակներուն մէջ՝ հեղուկ, պինդ եւ կազ''']]
'''Գիտութիւնը''' ճանաչողական գործունէութեան յատուկ տեսակ է՝ ուղղուած բնութեան, հասարակութեան եւ մտածելակերպի վերաբերեալ ''օպճեգթիւ'' համակարգուած գիտելիքներու ստացման, ճշդման եւ ստեղծման։
'''Գիտութիւնը''' ճանաչողական գործունէութեան յատուկ տեսակ է՝ ուղղուած բնութեան, հասարակութեան եւ մտածելակերպի վերաբերեալ ''օպճեգթիւ'' համակարգուած գիտելիքներու ստացման, ճշդման եւ ստեղծման։

12:27, 24 Յունիս 2019-ի տարբերակ

Ջուրը իր երեք վիճակներուն մէջ՝ հեղուկ, պինդ եւ կազ

Գիտութիւնը ճանաչողական գործունէութեան յատուկ տեսակ է՝ ուղղուած բնութեան, հասարակութեան եւ մտածելակերպի վերաբերեալ օպճեգթիւ համակարգուած գիտելիքներու ստացման, ճշդման եւ ստեղծման։

Ջուր

Ձիւնի Փաթիլներ

Ջուրը աշխարհին վրայ ամէնէն տարածուած բաղադրութիւնն է։ Երկրագունդին մակերեսին 70 տոկոսը ծածկուած է ջուրով։ Զուտ ջուրը անգոյն, անհոտ եւ անհամ հեղուկ մըն է։ Մեր խմածը յաճախ թեթեւ համ մը ունի, որովհետեւ կը պարունակէ կարգ մը հանքային աղեր եւ լուծուած կազեր։ Ջուրը սքանչելի լուծիչ մըն է. կարող է բազմաթիւ հաստատուն մարմիններ իր մէջ լուծել։

Ջուրը շոգիի կը վերածուի 100 °Cէն սկսեալ եւ սառոյցի՝ 0 °Ckէն վար։

Ջուրի մոլեկուլը կազմուած է երկու ջրածինի եւ մէկ թթուածինի հիւլեներէ։

Տարօրինակօրէն՝ ջուրը սառելով կ'ընդլայնի, հակառակ որ միւս նիւթերու մեծամասնութիւնը աւելի կը խտանայ, երբ հաստատուն մարմինի վերածուի։ Այսպէսով, սառոյցը ջուրէն աւելի թեթեւ կ'ըլլայ եւ կը ծփայ։

Ջուրը անհրաժեշտ է կեանքի բոլոր տեսակներուն համար։ Անձ մը առանց ուտելու կրնայ բազմաթիւ օրեր ապրիլ, սակայն առանց ջուրի՝ միայն քանի մը օր։

Ջուրի Շրջանառութիւն

Անձրեւին ջուրը կը թափանցէ հողին մէջ՝ սնուցանելով բոյսերը կամ հոսելով կը թափի առուակի կամ գետի մը մէջ։ Արեւուն ճառագայթներու ազդեցութեան տակ ջուրը կը շոգիանայ։ Մթնոլորտին մէջ կը խտանայ եւ կը կազմէ ամպերը, որոնցմէ կը ստացուի վերստին անձրեւ։ Ամպերու մէջ խտացած ջուրը կու գայ գետակներէն, լիճերէն, գետերէն, ծովերէն, ինչպէս նաեւ բոյսերէն եւ անասուններէն։

Հիտրոելեկտրականութիւն

Կայծակը ելեկտրականութեան գերբնական պատճառն է

Ելեկտրականութիւն կարելի է արտադրել ջուրէն, շնորհիւ ջրանիւներու վրայ բանեցուած անոր մղումի ուժին. այս՝ հիտրոելեկտրականութիւն կոչուող ուժանիւթն է։ Կը կառուցուի գետին հոսքը ընդմիջող հսկայական ամբարտակ մը։ Ջուրը բարձունքէ մը գահավիժելով՝ կը դարձնէ ելեկտրակային ջրանիւները, որոնց շարժումը կը փոխանցուի ելեկտրականութիւն արտադրող սարքածներու։

Լոյս

Եռանկիւն ապակի, որուն մէջէն կ'անցնի լոյսը

Արեւուն լոյսը սպիտակ կ'երեւի, սակայն իրականութեան մէջ բազմաթիւ գոյներէ կը բաղկանայ։ Լոյսը մեզի կը հայթայթէ անհրաժեշտ ջերմութիւն։ Առանց լոյսի, կեանք գոյութիւն պիտի չունենար աշխարհի վրայ։

Շուքեր

Մարդոց Շուքը

Երբ լոյսը իյնայ անթափանց մարմինի մը վրայ, շուք մը կը գոյանայ մարմինին ետեւը, հո՛ն, ուր լոյսը չի կրնար թափանցել։

Պրիսմակ

Սպիտակ երեւցող լոյսը իրականութեան մէջ կը պարունակէ Ծիածանին բոլոր գոյները։ երբ սպիտակ լոյսի ճառագայթախուրձ մը պրիսմակ մը մէջէն կ'անցնի, կը տարբաղադրուի զայն կազմող բոլոր գոյներուն մէջէն։

Գունաւոր առարկաները կը ներծծեն որոշ գոյներ եւ կը ցոլացնեն իրենց գոյնը։ Օրինակի համար, կանաչ բոյս մը կը ներծծէ արեւու լոյսին մէջ գտնուող կարմիրն ու կապոյտը եւ կը ցոլացնէ կանաչը։

Ծիածան կամ Ծիրանի Գօտի

Արեւուն լոյսը, հակառակ ճերմակ երեւնալուն, կը պարունակէ Ծիածանին բոլոր գոյները։ Երբ տեղ մը կ'անձրեւէ եւ մօտակայ շրջանի մը մէջ արեւը կ'երեւի, ճառագայթները կը տարբաղադրուին անցնելով կաթիլներու ընդմէջէն եւ կը ստանան կարմիր, նարնջագոյն, դեղին, կանաչ, կապոյտ, լեղկագոյն եւ մանիշակագոյն գոյները։ Այսպէսով, երկինքի մէջ կը ստացուի գունաւոր գունաւոր հսկայ կամար մը, որ կը կոչուի Ծիածան կամ Ծիրանի գօտի։

Գոյներ

Մութին մէջ բոլոր գոյները մոխրագոյն կ'երեւին։

Լոյսի ներկայութեան կը տեսնենք բոլոր գոյները։ Առարկաները տեսանելի են, որովհետեւ լոյսը կը ցոլացնեն։ Օդը անտեսանելի է, որովհետեւ լոյսը չի ցոլացներ։

Աղբիւրներ

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտակս, Գիտութիւն, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, Պէյրութ։

Կատեգորիա:Գիտութիւն