«Յովհաննէս Ալթըն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

No edit summary
Չ 19 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
(Տարբերութիւն չկայ)

13:35, 7 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Յովհաննէս Ալթըն (Յովհաննէս Ալթունեան, անգլերէն՝ Jean Althen, 1710, Սպահան - 1774), հողագէտ, որ Ֆրանսայի մէջ զարգացուցած է տորոնի սերմերու մշակումը [1][2][3][4]:

Կենսագրութիւն

Ալթըն ծնած է Նոր Ջուղա (Ճուլխա—Սպահան) 1709-ին: Հայրը Մկրտիչ, որ նահանգին հարուստ կառավարիչն էր, ժամանակ մը Վիեննա Պարսկական դեսպանի պաշտօն վարած է: Յովհաննէս ճոխութիան մէջ կը մեծնայ մինչեւ 25 տարեկան: Այդ միջոցին ընտանիքը դժբախտութեան մը կը հանդիպի: Նատիր Շահ (1688—1747). որ Պարսկաստանի այնքան չարիք հասցուցած էր եւ այնքան արիւն թափել տուած՝ չխնայեց Ալթըն ընտանիքին, որուն բոլոր անդամները սպաննուեցան եւ հարստութիւննին գրաւուեցաւ: Միայն Յովհաննէս ազատեցաւ այդ ջարդէն:

Ժամանակ մը ետք իբր գերի կը վաճառուի եւ կը տարուի Անատօլուի մէկ քաղաքը, ուր քանի մը տարի հող կը մշակէ: Համբերութեան ու համակերպութեան շնորհիւ՝ Յովհաննէս կը յաջողի օր մը փախչիլ եւ կ՛ապաստանի Զմիւռնիա: Սակայն հոն բռնուելու վախէն միշտ անհանգիստ՝ Ֆրանսական հիւպատոս Մ. Բէյսօնէլի դիմեց եւ անոր օգնութեամբ կրնայ Զմիւռնիայէն Մարսէյլ մեկնիլ 1739—1740 Թուականններուն (ըստ Տիրան Թէքէեանի իր հետ տանելով տորոնի հունտը):

Այս հանճարեղ Հայուն հայրը Մկրտիչ, (ըստ Տիրան Թէքէեանի) ինքն ալ ազատելով Նատիր Շահի կոտորածէն՝ Մարսէյլ եկած էր Մուշտակով եւ սնդուսէ հագուստներով. հոն ամուսնանալով ֆրանսուհիի մը հետ՝ հասարակ արհեստներով սկսած էր պարապիլ (Կլայեկող, կօշկակար եւայլն):

Յովհաննէս Մարսէյլի մէջ իր հայրը կը գտնէ եւ կը փորձէ բամպակի մշակութեամբ զբաղիլ. անյարմար կլիմային պատճառով չի յաջողիր: Աւինիոն կ'երթայ եւ Տորոն կը փորձէ մշակել: Հոն հարուստ սեփականատէր Մարգիզ տը Կոմօն իր ձեռներէցութեան պտուղը քաղելու ատեն՝ կը մեռնի, երբ արդէն իր համբաւը կը սկսէր թռիչ առներ:

Ժան Ալթընի արձանը Աւինիոնի կեդրոնական պուրակէն ներս

Բայց Վոգլիւղցիները եւ Աւինիոնի հարուստ սեփականատէրերը չեն մոռնար այս ձեռներեց Հայուն յիշատակը, որ տորոնի մշակութեամբ մեծ բախտ պարգեւեց երկրին, անով Ֆրանսայի պետական գանձը եւ ժողովուրդը մեծ գումարներ շահեցան: 1850-ին 50 գործարաններ եւ 450 երկանաքարեր հոն կը բանէին, խորհեցան այս Հայուն յիշատակը պանծացընել, որ անձկութեան պատճառ է բացուած ստորագութեամբ բարձրացուցին արձան մը ժայռի մը վրայ. ասկէ զատ երկու արձաններ եւս նոյնպէս իր իւղաներկ պատկերը, զոր Մարգիզ տը Կոմօն պատրաստած էր եւ որ կը գտնուէր հնութեանց անկիւն մը՝ պ. Տ. Թէքէեանի շնորհիւ Քօնսէրվաթէօռի ուշադրութեան արժանացած՝ իր պատշաճ տեղը դրուեցաւ:

Ըստ Թէքէեանի Յ. Ալթըն մեռած է 1749-ին, մինչդեռ Վ. Զարդարեան իր «Յիշատակարան»ի Բ. Հատորին մէջ 1774 Նոյեմբերին կը դնէ Ալթընի մահուան թուականը: Դարձեալ Վ. Զ. Յ. Ալթընը կ'ամուսնացնէ Մարսէյլի հարուստ ընտանիքի մը դստեր հետ, որը 29.000 սկուտի օժիտ կը տանի: Ամուսնանալէն էտք Յ. Ալթըն Վէրսայլ կ'երթայ եւ Լուդովիկոս ԺԵ.էն ունկնդրութիւն կը խնդրէ. «Նշանաւոր արհեստաւորներ» անուն գրքին մէջ այս տեսակցութիւնը հետեւեալ կերպով կը պատմուի, կը գրէ Վ. Զ., «Երկու ժամի մոտ տեւող տեսակցութեան մը մէջ, Ալթըն մետաքսի շինութեան նոր դրութեան մը վրայ ա՜յնքան տրամաբանօրէն եւ յստակօրէն խոսեցաւ, որ թագաւորը խոստացաւ անոր ծրագիրներուն գործադրութիւնը դիւրացնել»: Ալթըն Մոնբէլիէ կ'երթայ եւ հոն Տորոնի մծակութեան փորձեր կ'ընէ. թշնամիները արգելք կ'ըլլան անոր փորձերուն եւ արքունիքին առջեւ կը վարկաբեկեն զինքը: Լուդովիկոս ԺԵ.էն մոռցուած՝ Ալթըն ապարդիւն փորձերու մէջ կը կորսընցնէ դրամօժիտը եւ կ'որոշէ աղքատ վիճակի մէջ Մարսէյլ դառնալ: Սակայն յետոե կնոջը հետ Ավինիօն կ'երթայ եւ մշակութեան առաջին փորձով համբաւ կը շահի:

«Պույեէ»ի Ֆրանսերէն պատմականը կը գրէ.

(Ալթըն (Ժան), Պարսիկ, ծնած 1710-ի ատենները, մեռած 1774. Զաւակն էր նահանգային կառավարիչի մը: Իր ընտանիքը Թամաս Գուլի-Խան կայսեր կողմէ տարագրուելով ինքն ալ իբր գերի ծախուեցաւ: Ան յաջողեցաւ աղատուիլ ու Ֆրանսա գաղթելով Վընըսէնի կոմսութիւնը ներմուծեց տորոնի մշակութիւնը, որ հարստացուց այս երկիրը, նոյնպէս կատարելագործեց մետաքսի շինութիւնը (1750–1763), Ավինեոն 1846ին կանգնեց անոր արձանը»: «Տէզօպրի եւ Պաշըլէի» կենսաբանական եւ պատմական մեծ բառարանն ալ կը գրէ, «Ալթըն (Ժան),երկրագործ. Ծնած Շաուք, Պարսկաստանի մէջ, 1709-ին, մեռած Ֆրանսա 1774-ին: Նահանգային կառավարիչի մը որդին, յետոյ պատերազմի հետեւանքով գերութեան մէջ ինկած, ազատեցաւ եւ Ֆրանսա եկաւ, իր յարատեւ ճիգերը զինքը թշուառութենէ փրկեցին, երկրագործութիւնը ձեւափոխեց եւ մեր նահանգներէն մէկուն ճարտարարուեստը ճոխացուց: Յիրաւի ան եղաւ ամենագործունեայ ազդակը տորոնի մշակման Ավինեոնի նահանգներուն եւ Վընըսէնի կոմսութեան մէջ: Ավինեոնը 1846ին Նոթըր Տամ տը Տոմսի ժայռին վրայ անոր արձան մը կանգնեց)
- Պույեէ

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938 Պուքրէշ, Ա․ հատոր, էջ 56-58:
  • Տ. Թէքէեանի ուսումնասիրութեան ամփոփումը՝ Տե'ս Գափամաճեան Գրպանի Տարեցոյց 1935 էջ 174: – Թէոդիկ Ամ. Տարեցոյց 1924 էջ 138–43։

Արտաքին Յղումներ


Կատեգորիա:Հայ հողագէտներ Կատեգորիա:1710 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1774 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:Սպահան ծնածներ

  1. Dédéyan, 2007, էջ 919
  2. Henri Michel (2000)։ «Հայազգի ժան Ալթենը՝ Ֆրանսիայում բամբակի և տորոնի մշակության առաջնեկ [Armenian J. Althen - a Pioneer of Adoption of the Cultivation of Cotton and Rubia tinctorum in France]»։ Patma-Banasirakan Handes (հայերեն) (2): 188–195։ ISSN 0135-0536 
  3. United States Department of Agriculture (1848)։ Annual Reports of the Department of Agriculture ... : Report of the Secretary of Agriculture. Reports of Chiefs։ United States Government Printing Office։ էջ 192 
  4. Bradshaw George (1807)։ Bradshaw's Illustrated Hand Book to France։ London։ էջ 110