«6-7 Սեպտեմբերի Դէպքեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ . using AWB
Չ →‎top: removed: {{Արևելահայերեն|Ստամբուլի ջարդեր}} using AWB
Տող 1. Տող 1.

{{Արևելահայերեն|Ստամբուլի ջարդեր}}
'''6-7 Սեպտեմբերի դէպքեր''' ({{Լեզու el|Σεπτεμβριανά}} Սեփթեմվրիանա), [[6 Սեպտեմբեր]] - [[7 Սեպտեմբեր]] [[1955 թուական|1955]]-ին [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մէջ պատահած եւ յոյներու ու առհասարակ երկրի փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ աւերի ու թալանի շարժում<ref name="YKY">"Rum azınlığa yönelik 6-7 Eylül terörü", ''Cumhuriyetin 75. Yılı'', Cilt 2 1954-1978, Yapı Kredi Kültür Sanat Yayıncılık, İstanbul, 1998, ISBN 975-363-937-6, s. 392.</ref>:
'''6-7 Սեպտեմբերի դէպքեր''' ({{Լեզու el|Σεπτεμβριανά}} Սեփթեմվրիանա), [[6 Սեպտեմբեր]] - [[7 Սեպտեմբեր]] [[1955 թուական|1955]]-ին [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մէջ պատահած եւ յոյներու ու առհասարակ երկրի փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ աւերի ու թալանի շարժում<ref name="YKY">"Rum azınlığa yönelik 6-7 Eylül terörü", ''Cumhuriyetin 75. Yılı'', Cilt 2 1954-1978, Yapı Kredi Kültür Sanat Yayıncılık, İstanbul, 1998, ISBN 975-363-937-6, s. 392.</ref>:



11:59, 24 Յունիս 2019-ի տարբերակ

6-7 Սեպտեմբերի դէպքեր (Կաղապար:Լեզու el Սեփթեմվրիանա), 6 Սեպտեմբեր - 7 Սեպտեմբեր 1955-ին Պոլսոյ մէջ պատահած եւ յոյներու ու առհասարակ երկրի փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ աւերի ու թալանի շարժում[1]:

Դէպքեր

1955-էն սկսեալ Ժողովրդավարական կուսակցութեան (1946) կազմած կառավարութիւնը տնտեսական հետզհետէ ծանրացող կացութեան մը դիմաց կը գտնուէր։ Յատկապէս բարձր սղաճի պատճառով կորսնցուցած էր կենսամականդակը նուազող խաւին վստահութիւնը։ Կասկածելի միջոցներով կը փորձէր լռեցնել ընդդիմութիւնը, ինչ որ պատճառ կը դառնար, որ մամուլը, մտաւորականները եւ ուսանողները երես դարձնեն Ժողովրդավարական կուսակցութենէն[2]: Զոր օրինակ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ զեկոյցին համաձայն, դէպքերէն դեռ 15 օր առաջ, ընդդիմութիւնը հսկողութեան տակ առնելու նպատակով, որոշուած էր 7 Սեպտեմբեր 1955-ին պարէտային ժամ հռչակել Պոլսոյ, Անքարայի ու Իզմիրի մէջ[2]: 1956-ին ընդդիմութիւնը ճնշելու նպատակով Մամլոյ եւ հաւաքներու մասին օրէնքին մէջ կատարուած սահմանափակումներն ալ մեծ մասամբ պատճառաբանուած են 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերով[2]: Վարչապետ Ատնան Մենտերեսի կառավարութեան սկզբնապէս փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ ազատական քաղաքականութիւնը հետզհետէ դժուարացող տնտեսական պայմաններուն զուգահեռ կը փոխուի եւ յարաբերութիւնները կը լարուին[2]:

Կիպրացի թուրքերուն դէմ կատարուած ճնշումները 1955-ին կը գտնուէին Թուրքիոյ օրակարգի առաջին կարգին վրայ։ «Հիւրրիյեթ» թերթը, որ ամենէն ժողովրդականն էր այդ շրջանին, առաջին էջին վրայ կը գրէր, թէ Պոլսոյ յունական համայնքը հանգանակութիւն կը կատարէ եւ այդ գումարները կը փոխանցէ կիպրացի յոյներու ԷՆՈՍԻՍ զինեալ կազմակերպութեան[3]: Արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւասուները երբ Լոնտոնի մէջ կը շարունակէին իրենց բանակցութիւնները կիպրական նիւթին վերաբերեալ, 6 Սեպտեմբեր 1955-ին, ժամը 13։00-ին, ձայնասփիւռի լուրերով[4] յայտարարուեցաւ, թէ Աթաթիւրքի Սելանիկի տան մէջ ռումբ մը պայթած է։ (Սելանիկի համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժնի ուսանող Օքթայ Էնկին, որ ըստ պնդումներու ռմբակոծած էր Աթաթիւրքի տունը, աւելի վերջ դատապարտուած է ի բացակայութեան[5]: Օքթայ Էնկին 22 Փետրուար 1992-18 Սեպտեմբեր 1993 թուականներու միջեւ նշանակուած է Նեվշեհիրի կուսակալ)։

Ժողովրդավարական կուսակցութեան համախոհ «Իսթանպուլ Էքսփրես» թերթը, որու արտօնատէրն էր Միթհատ Փերին ու խմբագիրը՝ Կէօքշին Սիփահիօղլու[4], երկրորդ հրատարակութիւն մը կատարած է նոյն օրը՝ «Մեր Աթային տունը ռմբակոծուեցաւ» խորագրով։ Թերթին տպաքանակը ընդհանրապէս 20 հազարի շուրջ էր, սակայն Սեպտեմբեր 6-ին հրատարակուած է 290 հազար տպաքանակով։ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան անդամները թերթը կը վաճառէին Պոլսոյ մէջ ու զայն կ՚օգտագործէին խուժանի հրահրելու նպատակով[4]:

Նոյն թիւին մէջ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան ընդհանուր քարտուղար Քամիլ Էօնալ գրած էր․ «Հաշիւ պիտի պահանջենք անոնցմէ, որոնք ձեռք կ՚երկարեն սրբութիւններուն։ Որեւէ անպատեհութիւն չենք տեսներ այս մասին հրապարակաւ յայտարարելէ»[4]:

«Կիպրոսը թուրք է» միութեան[2] նախաձեռնութեամբ եւ երիտասարդական այլ կազմակերպութիւններու, արհեստի միութիւններու, Ժողովրդավարական կուսակցութեան[2], պաշտօնական կամ անպաշտօն մարմիններու թելադրանքով ու խրախոյսով բնիկ հասարակութիւնը եւ այլ վայրերէ քաղաք բերուած զանգուածները 6 Սեպտեմբերի իրիկունը իրականացուցին աւերումի, քանդումի ու թալանի գործուղութիւն մը, որ աննախադէպ էր Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի պատմութեան մէջ։

Առաջին յարձակումը կատարուեցաւ ժամը 19։00-ի շուրջ, Շիշլիի «Հայլայֆ» ծաղարանին վրայ[6]: Այնուհետեւ ստուարացող խուժանը անցնելով Քումքափու, Սամաթիա, Ետիքուլէ, Պէյօղլու եւ այն բազմաթիւ թաղերը, ուր հաւաքաբար կը բնակէին փոքրամասնութիւնները, սկսաւ յարձակիլ ու թալանել նախ յոյներու, ապա ալ հայերու, հրեաներու եւ նոյնիսկ սխալմամբ քանի մը թուրքերու պատկանող խանութները։ Պոլսոյ յոյն համայնքի տուներուն, գործատեղիներուն ու աղօթատեղիներուն ուղղեալ այս յարձակումներու ընթացքին ոստիկանութիւնը բռնեց կրաւորական դիրք մը։ Քաղաքի մէջ յատուկ ինքնաշարժներով, թաքսիներով ու բեռնակարքերով, ինչպէս նաեւ հանրաշարժներով, նաւերով փոխադրուեցան 20-30 հոգինոց կազմակերպեալ խումբերը, որոնք նախապէս գիտէին յոյն քաղաքացիներու հասցէները։ Մինչեւ Մեպտեմբեր 7-ի առաւօտը շարունակուեցան յարձակումները, որոնց արդիւնքին, ներառեալ եկեղեցիներն ու սինակոկները, աւերի ենթարկուեցան աւելի քան 5000 շէնք, միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ ապրանք փողոց նետուեցաւ ու թալանուեցաւ[4]:

Պոլսոյ մէջ ամենուր թալանը կատարուեցաւ նոյն կերպով։ Յարձակողները նախ քարկոծելով ջարդեցին փեղկերը կամ երկաթեայ ձողերը բացին յատուկ սարքերու օգնութեամբ, ապա ներսը գտնուող ապրանքը եւ մեքենաները դուրս հանեցին ու ջարդուփշուր ըրին։

Եկեղեցիներն ու գերեզմանատուներն ալ այս ամբողջէն ստացան իրենց բաժինը։ Եկեղեցիներու սրբապատկերները, խաչերը եւ այլ սպասներ աւերուեցան։ Հրդեհուեցան Պոլսոյ 73 յունական եկեղեցիները։

Իզմիթէն ու Ատափազարէն եկած աւարառուները երբ վերադառնալու նպատակով հասան Հայտարփաշայի կայարանը, ձերբակալուեցան իրենց թալանած ապրանքներով։ Յայտնի դարձաւ, որ կողոպտիչներուն մեծ մասը բերուած է այլ քաղաքներէ (զոր օրինակ՝ Սիվասէն 145, Տրապիզոնէն 117, Քասթամոնուէն 116, Էրզինճանէն 111 մարդ)[7][8]։

Վնասներ

Ըստ թրքական մամուլին՝ 11, կարգ մը յունական աղբիւրներու համաձայն ալ 15 հոգի[9] սպաննուած է։ «Սապանճը» համալսարանի դասախօս տքթ․ Տիլեք Կիւվենի «Սապահ» թերթին տուած հարցազրոյցին համաձայն, մահացածներու քանակին նուազութիւնը՝ մահեր չպատճառելու ուղղութեամբ հրոսախումբերուն տրուած հրահանգին պատճառով էր։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու 30, իսկ ըստ անպաշտօն տուեալներու՝ 300 անձ վիրաւորուած է։ Ըստ Կիւվենի, բռնաբարութեան ենթարկուած կանանց թիւը, որ պաշտօնական տուեալներով 60 էր, կ՚ենթադրուի, որ մօտ էր 400-ի, սակայն այդ կիները չեն ուզած խօսիլ այդ մասին՝ վախի կամ ամօթի զգացումէն դրդուած[10]:

Յարձակումի ենթարկուած են 4.214 բնակարան, 1.004 գործատեղի, 73 եկեղեցի, սինակոկ մը, երկու վանք, 26 դպրոց, առաւել գործարանի, պանդոկի, պարի նման 5317 վայր[2]:

Կը կարծուի, թէ նիւթական վնասը այդ օրուան արժէքով կազմած է 150 միլիոն-1 միլիառ թրքական լիրա[11]: Ժողովրդավարական կուսակցութեան կառավարութիւնը շուրջ 60 միլիոն լիրա հատուցում վճարած է անոնց, որոնք հաստատած են իրենց կրած վնասը[2]:

Շրջանի մամուլին համաձայն, «բուն յանցագործները յոյներն են, որոնք գրգռած են թուրքերը»։ Յարձակումի ենթարկուած գործատեղիներէն միայն 59 առ հարիւրը կը պատկանէր յոյներուն, իսկ մնացեալ վայրերը՝ 17 առ հարիւրը հայերուն, 12 առ հարիւրը հրեաներուն, նոյնիսկ դաւանափոխերուն եւ իսլամացած սպիտակ-ռուսերուն։ Այս պարագան իսկ կու գայ հաստատելու, թէ կատարուածը կիպրական իրադարձութիւններուն հետեւանքով յոյներուն ուղղեալ փոքվրէժ մը չէր միայն։

Վաղորդայնը

Վարչապետ Ատնան Մենտերես, որ դէպքերու սկսման ժամերուն Պոլիս էր, երբ վիճակը դարձաւ անվերահսկելի՝ կանչուեցաւ Սափանճա, ու պարէտային ժամ հռչակուեցաւ։ Ձերբակալուեցան 3․151 մարդ։ Աւելի ետք այդ թիւը բարձրացաւ 5․104-ի[4]:

10 Սեպտեմբեր 1955-ին հրաժարեցաւ Ներքին գործոց նախարար Նամըք Կետիք։ Սկզբնական շրջանին հետաքննութիւնը խտացած էր «Կիպրոսը թուրք է» միութեան եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու շուրջ։ Առաջին հարցաքննութիւններն ու դատավարութիւնները կը կատարուէին պարէտային ժամի դատախազներուն կողմէ։ Ժողովրդավարական կուսակցութեան անկումէն ետք սակայն ամբաստանուեցան համայնավարները[2]: Դատեր յարուցուած են Ազիզ Նեսինի, Նիհատ Սարկընի, Քեմալ Թահիրի, Ասըմ Պեզիրճիի, Հասան Իզզետտին Տինամոյի եւ Հուլուսի Տոստողրուի նման համայնավար գործիչներուն եւ մեռեալ չորս համայնավարներու։ Դատերու աւարտին ամբաստանեալները անպարտ հռչակուեցան եւ անոնցմէ շատեր ազատ արձակուեցան Դեկտեմբեր 1955-ին։ Կարճ միջոց մը ետք «Կիպրոսը թուրք է» կազմակերպութիւնը փակուեցաւ[4]: 27 Մայիս 1960-ի պետական հարուածէն ետք, զինուորականներուն կազմակերպած Եասսըատայի դատավարութիւններու ժամանակ մէջտեղ նետուեցաւ այն պնդումը, թէ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը իրենց հունէն դուրս ելած են Ժողովրդավարական կուսակցութեան վարչապետ Ատնան Մենտերեսի սադրանքով։ Զինուորականներու դատարանը այդ դէպքերուն պատճառով եւս դատապարտեց Ժողովրդավարական կուսակցութեան վարչութիւնը։

Ըստ տքթ․ Տիլեք Կիւվենի՝[10]

Կիպրոսը թուրք է միութեան նախագահ Հիքմեծ Պիլ եւ անդամները բանտարկուեցան։ Սակայն երբ յայտարարեցին, թէ «կամ մեզ ազատ արձակեցէք եւ կամ կը բացայայտենք մի շարք գաղտնիքներ»՝ ազատ արձակուեցան։ Դէպքերը վերագրուեցան ժողովուրդին։ Որովհետեւ դատարանի մէջ ըսուեցաւ, թէ թուրք ժողովուրդը գրգռուեցաւ ու դէպքերը պատահեցան։ Ոչ ոք պատժուեցաւ։ Երկրորդ դատը Եասսըատան էր։ Դատուեցան Մենտերեսն ու կառավարութեան անդամները։ Այդ դատավարութեան ընթացքին ալ դէպքերը վերագրուեցան միայն կառավարութեան։ Մենտերես քանիցս պահանջեց, որ ազգային անվտանգութեան մարմնի նախագահը հրաւիրուի դատարան։ Սակայն միշտ մերժուեցաւ։ Իրադարձութիւնները չլուսաբանուեցան։

Այս դէպքերէն ետք հազարաւոր յոյներ գաղթեցին Թուրքիայէ։ Յոյն ազգաբնակչութեան նուազումին զուգահեռ, յոյներու տնտեսութեան մէջ ունեցած ազդեցութիւնն ալ տկարացած է եւ, ինչպէս պատահած է փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ նախորդ իրադարձութիւններու ալ ժամանակ, արագացած է թուրքերուն դրամագլուխին տէր ըլլալու ընթացքը։ Քանի մը հազար յոյներ ալ յատկապէս հաստատուած են Մերսին ու Թարսուս[12]: Հետզհետէ մնացեալ յոյներն ալ լքած են Պոլիսը։ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բնակչութեան փոխանակման արդիւնքին 1925-ին շուրջ 100 հազարի նուազած Պոլսոյ յոյն բնակիչներուն թիւը, 2006-ին իջած է մինչեւ 2․500 քաղաքացիի[13]:

Խճանկարի այլաբանութիւնը յաճախ կը գործածուի ցոյց տալու համար Թուրքիոյ հասարակական բազմազանութիւնը։ Յղուելով այս այլաբանութեան, Նամըք Կետիք 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն առթիւ ըսած է․ «Խճանկարը ճաթեցաւ»[14]:

6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերը պատճառ դարձաւ, որ յոյները յանգուածային կերպով հեռանան երկրէն։ Պատահարները փոքրամասնութիւններուն համար դարձած էին ապացոյց մը, թէ ընդունուած են որպէս Թուրքիոյ քաղաքացի։ Անոնք, յատկապէս յոյները, որոշած էին գաղթել արտասահման, մտածելով թէ անկախ երկիրը ղեկավարող կուսակցութենէն, ապագային նոյնպէս պիտի ենթարկուին խտրականութեան։ Անոնք իրենք զիրենք ապահով չէին զգար։ Դարեր շարունակ այս հողերուն վրայ բնակող Պոլսոյ ոչ-իսլամ բնիկները՝ հարկադրուած էին լքելու իրենց հայրենիքն ու տունը։ Դէպքերը, զորս չէր ընդունած կառավարութիւնը այդ ժամանակ, 1998-ին ընդունուեցան՝ խորհրդանաին յղուած առաջարկով մը։ Կառավարութիւնը չփափաքեցաւ սակայն վճարել 70 հազար արժող հատուցումը[15]:

6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն ժամանակ արտակարգ դրութիւնը հսկող մարմնին անդամակցող Սապրի Եիրմիպեշլօղու, որ 1988-1990 թուականներուն եղած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, լրագրող Ֆաթիհ Կիւլլափօղլուի հետ կայացած հարցազրոյցի մը ժամանակ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն մասին յայտարարած է հետեւեալը․

6-7 Սեպտեմբերն ալ պատերազմական յատուկ մարմնի աշխատանքն էր։ Կազմակերպչական սքանչելի աշխատանք մըն էր։ Իր նպատակին ալ հասաւ։ (Սապրի Երմիպեշօղլու 21 Սեպտեմբեր 2010-ին հեռատեսիլի ալիքէ մը սփռուած հարցազրոյցի մը ընթաքին հերքեց այս յայտարարութիւնը)


6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը եւ հայերը

6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն հետեւանքով յոյն համայնքի հետ միասին նիւթական մեծ կորուստներ կրեցին նաեւ հայերը։ Յարձակման ենթարկուած են 1004 տուն, որոնցմէ 150-ը` հայկական, 4214 խանութ-արհեստանոց, որոնցմէ 900-ը` հայկական։ Ուշագրաւ է, որ Պոլսոյ մէջ պատահած իրադարձութիւններուն տագնապը հասած էր նաեւ գաւառահայութեան։ Այդ տարիներուն Ամասիայի Կիւմիւշհաճըգիւղին մէջ բնակող հայ մը կը յիշէ, որ Պոլսոյ դէպքերէն ահաբեկուած մայրը փակ կը պահէր տան դուռը, քանի որ փողոցներուն մէջ շարունակ հակայունական ու հակահայկական կոչեր կը հնչէին[16]:

Արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի գլուխ-գործոցը՝ «Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպը, 1970-ականներուն հրատարակուած որպէս թերթօն, կը նկարագրէ պոլսահայութիւնը իրեն ենթարկող մթնոլորտին մասին՝ Ունեւորութեան տուրքին ու 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն միջեւ։

Պոլսահայ արձակագիր ու հրապարակախօս Ռոպէր Հատտեճեան գրելով այս օրերու մասին, կ՚ըսէ․ «6-7 Սեպտեմբերի պատկերը մղձաւանջ մըն է ինծի համար։ Անիկա թուական մըն է որ անտեսանելի կերպով արձանագրուած է կեանքիս օրացոյցին մէջ։ Երբեմն ես ինծի կ’ըսեմ. երանի թէ օրացոյցը 5 Սեպտեմբերէն ուղղակի ցատկէ դէպի 8 Սեպտեմբեր, եւ մղձաւանջը չկարենայ արթննալ այս անգամ։ Բայց ի զուր։ Օրացոյցին վրայ այս երկու թուականները ամէն տարի պիտի յայտնուին անգամ մը»[17]:

Մատենագիտութիւն

Ծանօթագրութիւններ

  1. "Rum azınlığa yönelik 6-7 Eylül terörü", Cumhuriyetin 75. Yılı, Cilt 2 1954-1978, Yapı Kredi Kültür Sanat Yayıncılık, İstanbul, 1998, ISBN 975-363-937-6, s. 392.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 2,7 2,8 '6-7 Eylül Olayları (1)' 6 Eylül 2005 tarihli Radikal gazetesi URL erişim tarihi: 29 Haziran 2008
  3. http://taraf.com.tr/makale/7774.htm
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 4,6 [Koçoğlu, Yahya (2001). Azınlık Gençleri Anlatıyor. İstanbul: Metis Yayınları. ISBN 975-342-336-5 s.25-31 Azınlık Gençleri Anlatıyor]
  5. 6-7 Eylül Olaylarının önemli ismi Oktay Engin'in 21-22 Ocak 2001 tarihli Yeni Şafak gazetesi söyleşisi-devamı URL eşirim tarihi: 2 Ağustos 2009]
  6. 6-7 Eylül 1955'i Basın Nasıl Gördü?
  7. Թոշակառու դատաւոր ծովակալ Ֆահրի Չոքէրի կողմէ Պատմութեան հիմնարկին յանձնուած փաստաթուղթերուն թուանշանները
  8. ADNAN MENDERES, Bir Başbakanın Trajik Sonu - Ergün Ataoğlu
  9. քանի մը անձեր, որոնց մասին ըսուած է թէ մահացած են, աւելի վերջ յայտնի դարձած է որ կը բնակին Յունաստանի մէջ
  10. 10,0 10,1 "400 Kadına Tecavüz Edildi’", Sabah gazetesi, URL elişim tarihi: 26 Eylül 2009
  11. Sermayenin Türkleştirilmesi - Suat Çetinoğlu
  12. Էրքան Քիրազին յուշատետրը s.46
  13. According to the Human Rights Watch the Greek population in Turkey is estimated at 2,500 in 2006. "From “Denying Human Rights and Ethnic Identity” series of Human Rights Watch" Human Rights Watch, 2 July 2006.
  14. Eylül 1955’in sancısı... İlber ORTAYLI, Milliyet (13.08.2013)
  15. Varlık Vergisi ile başladı 6-7 Eylül ile tamamlandı
  16. 1955 թ. սեպտեմբերի 6-7-ի դեպքերը և ոչ մուսուլման փոքրամասնությունները Թուրքիայում
  17. Օրացոյցիս վրայ երկու թուականներ

Նիւթին վերաբերող գիրքեր

  • Մրջիւններու վերջալոյսը, Զաւէն Պիպեռեան
  • Son Eylül
  • Salkım Salkım Asılacak Adamlar
  • Beyoğlu'nun En Güzel Abisi
  • Bir Yerde Bir Gül Ağlar
  • Elenika
  • Kurtarılmış Haziran

Նիւթին վերաբերող ժապաւէններ

  • Bir Tutam Baharat
  • Güz Sancısı