«Սողոմոն Թեհլիրեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Արտաքին յղումներ: clean up, removed: {{Օրուա յօդուած նախագծի մասնակից}} using AWB
Չ →‎Կենսագրութիւն: clean up, removed: (արեւմտահայերէն) (3) using AWB
Տող 33. Տող 33.
== Կենսագրութիւն ==
== Կենսագրութիւն ==


Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է 1896-ին ''[[Բագառիճ]]'', որ կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Երզնկա գաւառին մէջ, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ Ապա ուսումը շարունակած է ''[[Երզնկա (արեւմտահայերէն)|Երզնկա]]''յի Կեդրոնական ուսումնարանը եւ աւարտած է [[1912 (արեւմտահայերէն)|1912]]-ին, որմէ ետք փոխադրուած է ''[[Սերպիա]]'' 1913-ին։
Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է 1896-ին ''[[Բագառիճ]]'', որ կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Երզնկա գաւառին մէջ, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ Ապա ուսումը շարունակած է ''[[Երզնկա]]''յի Կեդրոնական ուսումնարանը եւ աւարտած է [[1912]]-ին, որմէ ետք փոխադրուած է ''[[Սերպիա]]'' 1913-ին։
1914-ին պայթած Առաջին Աշխարհամարտը լրիւ կը փոխէ 18-ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին։ 1914-ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, կ'անցնի Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չի տրուիր Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան կը յաջողի, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողին գրաւոր թոյլտուութիւնը՝ ի խնդիր իր կամաւոր արձանագրուելուն։
1914-ին պայթած Առաջին Աշխարհամարտը լրիւ կը փոխէ 18-ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին։ 1914-ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, կ'անցնի Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չի տրուիր Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան կը յաջողի, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողին գրաւոր թոյլտուութիւնը՝ ի խնդիր իր կամաւոր արձանագրուելուն։


Տող 45. Տող 45.
Ահաբեկումէն ետք ան կը պարտաւորուի անցնիլ [[Փարիզ]], ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն կը սորվի։ Բայց քանի մը ամիս ետք կը կանչուի [[Ուաշինկթըն]], Մ.Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան [[Արմէն Գարօ|Արմէն Գարոյի]] կողմէ, որ կը ղեկավարէր «[[Նեմեսիսի Գործողութիւն|Նեմեսիս»]] գործադրութիւնը։
Ահաբեկումէն ետք ան կը պարտաւորուի անցնիլ [[Փարիզ]], ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն կը սորվի։ Բայց քանի մը ամիս ետք կը կանչուի [[Ուաշինկթըն]], Մ.Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան [[Արմէն Գարօ|Արմէն Գարոյի]] կողմէ, որ կը ղեկավարէր «[[Նեմեսիսի Գործողութիւն|Նեմեսիս»]] գործադրութիւնը։


Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած էր վիճակաձգութեամբ եւ այդպէս էր, որ 1921-ին,[[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (արեւմտահայերէն)|Դաշնակցութեան]] որոշումով Սողոմոն Թեհլիրեանի կը վստահուի Թալէաթի ահաբեկման գործադրութիւնը։
Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած էր վիճակաձգութեամբ եւ այդպէս էր, որ 1921-ին,[[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Դաշնակցութեան]] որոշումով Սողոմոն Թեհլիրեանի կը վստահուի Թալէաթի ահաբեկման գործադրութիւնը։


Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան Դեկտեմբեր 1920-ին կ'ուղեւորուի Ժընեւ, ուրկէ կ'անցնի [[Պերլին]] (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման մանրամասնօրէն մշակուած ու կազմակերպուած ծրագիրը։
Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան Դեկտեմբեր 1920-ին կ'ուղեւորուի Ժընեւ, ուրկէ կ'անցնի [[Պերլին]] (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման մանրամասնօրէն մշակուած ու կազմակերպուած ծրագիրը։

04:30, 12 Յունիս 2019-ի տարբերակ

Սողոմոն Թեհլիրեան
Ծնած է 2 Ապրիլ 1897
Ծննդավայր Թագառիճ
Մահացած է 23 Մայիս 1960
Մահուան վայր Սան Ֆրանսիսքօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Արդարադատ
Աշխատավայր Կամաւորական շարժման անդամ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Սողոմոն Թեհլիրեան (2 Ապրիլ 1897 - 23 Մայիս 1960), Հայոց ցեղասպանութեան վերապրող եւ ազգային հերոս, որ գնդակահարած է երիտթուրքերու ներքին գործոց նախարար եւ Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ՝ Թալէաթ Փաշան։

Կենսագրութիւն

Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է 1896-ին Բագառիճ, որ կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Երզնկա գաւառին մէջ, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ Ապա ուսումը շարունակած է Երզնկայի Կեդրոնական ուսումնարանը եւ աւարտած է 1912-ին, որմէ ետք փոխադրուած է Սերպիա 1913-ին։ 1914-ին պայթած Առաջին Աշխարհամարտը լրիւ կը փոխէ 18-ամեայ Սողոմոնի կեանքի ուղին։ 1914-ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, կ'անցնի Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չի տրուիր Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան կը յաջողի, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողին գրաւոր թոյլտուութիւնը՝ ի խնդիր իր կամաւոր արձանագրուելուն։

Հոկտեմբեր 1914-ին, Սողոմոն կը հասնի Թիֆլիս եւ կը միանայ Սեպուհի վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Կամաւորական Առաջին Գունդին։ Երեք տարուան կամաւորական ծառայութիւնը ամբողջապէս կը թրծէ Սողոմոն Թեհլիրեան դաշնակցական մարտիկի կերպարը։

Արեւմտահայաստանի ժամանակաւոր ազատագրութեան հետ, Սողոմոն հնարաւորութիւնը կ'ունենայ այցելելու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամայութիւնը խորապէս կը ցնցեն զինք, որ իր կենսագիրներէն Կարօ Գէորգեանի վկայութեամբ՝ «ուշաթափ կ’իյնայ գետին»։ Արդարեւ, Երզնկայի եւ շրջակայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստանին 85 անդամները – մայրը, երկու եղբայրներուն կիներն ու զաւակները եւ մօտիկ ազգականները – սպաննուած էին 1915-ին։ Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքական հանրակացարան»։

Սեփական ընտանիքին, հարազատներուն եւ ամբողջ հայութեան սպանդն ու հայրենի օճախին եւ Արեւմտահայաստանի աւերումը անհուն ցասումով ու վրէժխնդրութեամբ կը համակեն Սողոմոն Թեհլիրեանի ողջ էութիւնը։ Խորապէս ցնցիչ այդ փորձառութիւնը հետագային հիմք կը ծառայէ, Թալէաթի ահաբեկումէն ետք, Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին դատապաշտան կառուցած պաշտպանողականին։ 1917-ին, Կովկասեան ճակատի փլուզումէն եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, Թեհլիրեան կ'անցնի Կովկաս։ Կը շրջի հիւսիսային Կովկասի եւ Խրիմի քաղաքներուն մէջ՝ նուիրուելով արեւմտահայ գաղթականութեան հետ այդ ափերը ինկած որբերու հաւաքման ու պատսպարման աշխատանքին։ Այդ պայմաններուն մէջ, ժամանակի թաւալումին հետ փոխանակ սպիանալու, Թեհլիրեանի սիրտն ու հոգին խոցած վէրքերը աւելիով կը բորբոքին։ Թեհլիրեան կ'ուղարկուի Պոլիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի որոշումով Ապրիլ 1920-ին կը կատարէ ահաբեկչական իր առաջին գործողութիւնը՝ մահապատիժի ենթարկելով Պէշիկթաշի տխրահռչակ թաղապետ ու մատնիչ՝ Յարութիւն Մկրտիչեանը, որ գլխաւոր մեղսակիցը եղած էր 24 Ապրիլ 1915-ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան։

Ահաբեկումէն ետք ան կը պարտաւորուի անցնիլ Փարիզ, ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն կը սորվի։ Բայց քանի մը ամիս ետք կը կանչուի Ուաշինկթըն, Մ.Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի կողմէ, որ կը ղեկավարէր «Նեմեսիս» գործադրութիւնը։

Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ճշդումը կատարուած էր վիճակաձգութեամբ եւ այդպէս էր, որ 1921-ին,Դաշնակցութեան որոշումով Սողոմոն Թեհլիրեանի կը վստահուի Թալէաթի ահաբեկման գործադրութիւնը։

Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան Դեկտեմբեր 1920-ին կ'ուղեւորուի Ժընեւ, ուրկէ կ'անցնի Պերլին (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման մանրամասնօրէն մշակուած ու կազմակերպուած ծրագիրը։

Թալէաթի ահաբեկման գործադրութիւնը

Ջարդարար պարագլուխը, Ալի Սալէհ Պէյ անունով անցագիր հանած ու ծպտուած, կ’ապրէր Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցի վրայ։ Թեհլիրեան, իբրեւ ուսանող, սենեակ մը կը վարձէ Թալէաթի տան ճիշդ դիմացը, ուրկէ տեւական հսկողութեան տակ կ'առնէ ցեղասպան ճիւաղին շարժումներն ու կենցաղը՝ իրենց յետին մանրամասնութեամբ։ Եւ 15 Մարտ 1921-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանար մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կը կտրէ, դէմ առ դէմ գալով ջարդարարին հետ եւ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին կը փռէ հայասպան հրէշը։

Թիհլիրեանի դատավարութիւնը

Շահան Նաթալի կը վկայէ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի յանձնարարած էր ահաբեկումէն ետք փախուստ չտալ եւ յանձնուիլ գերմանական իշխանութեանց, որպէսզի աշխարհով մէկ դատուէր եւ իր հետ դատավարութեան ենթարկէր Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրը։

Թեհլիրեան կը ձերբակալուի եւ աղմկալից դատավարութեան կ'արժանանայ։ Գերմանական դատարանը կը հաստատէ, որ ահաբեկումի ենթարկուած «զոհը»՝ Թալէաթ իսկութեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դահիճ էր ու, աւելի՛ն, դահճապետ էր, որուն ուսերուն կը ծանրանար ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու պետական յանցագործութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը։ 3 Յունիս, 1921-ին գերմանական դատարանը Սողոմոն Թեհլիրեանը կը ճանչնայ իբրեւ անպարտ։ Զինք կը պաշտպանէին երեք դատապաշտպաններ, որոնցմէ մէկը Դոկտ.Թէոտոր Քըրթ Նայմէյըրն էր՝ օրէնսդրութեան Փրոֆ.՝Քիլի համալսարանէն։ Փաստօրէն Սողոմոն Թեհլիրեան կրկնակիօրէն պատմութիւն խտացնող խորհրդանիշ կը դառնայ 15 Մարտ 1921-ի իր Արդարահատոյց Հարուածով եւ Ցեղասպան Թուրքը մարմնաւորող Թալէաթի ահաբեկումով.- Թեհլիրեան կը խորհրդանշէ նախ՝ հայոց Արդար Դատաստանին արձակած մահավճռի պատիժը գործադրող բազուկը, ապա՝ միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութեան։

Այսօր արդէն հանրայայտ եւ հանրագիտական ճշմարտութիւն է, որ նոյնինքն Ցեղասպանութիւն բառը իր ժամանակակից իմաստով գործածութեան յանձնած Ռաֆայէլ Լեմքին կը ներշնչուի Թեհլիրեանի դատավարութենէն եւ կը հիմնուի այն մեծ հարցականին վրայ, թէ ինչո՞ւ մէկ մարդու ահաբեկման համար կը դատուէր Սողոմոն Թեհլիրեան անունով հայ երիտասարդը, մինչ անդին դատ ու դատաստանի չէր ենթարկուած մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթը…

Գերմանական դատարանին կողմէ ազատ արձակուելէ ետք

Գերմանական դատարանին կողմէ ազատ արձակուելէ ետք, Թեհլիրեան կ'ամուսնանայ եւ կը հաստատուի Պելկրատ (Եուկոսլաւիոյ մայրաքաղաքը)՝ Տալմատինսկա փողոցի թիւ 78 տունը,ուր աշխուժ գործունէութիւն կը ծաւալէ Հ.Յ.Դ. Պալքանեան Կ. Կոմիտէութեան կազմէն ներս։ 1945-էն ետք բնակութիւն կը հաստատէ նախ Քազապլանքա (Մարոք), ապա կը տեղափոխուի Մ. Նահանգներու Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը, ուր դաշնակցական իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Արեւմտեան Շրջանին մէջ։

Մահը

Մահացած է 23 Մայիս 1960-ին Սան Ֆրանսիսքօ, ։ Թաղուած է Ֆրէզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։ Ի յիշատակ Թեհլիրեանի՝ Ֆրէզնոյի, Թալին շրջանին Մաստարա գիւղին եւ Երեւանի մէջ կառուցուած են յուշարձաններ։

Սողոմոն Թեհլիրեանը՝ արուեստի մէջ

  • Բոգդան Վերդեան, Ծաղիկներս մնացին հեռւում /վէպ Ս.Թեհլիրեանի մասին/, Երեւան, 1991։
  • Ռոբերտ Կարայեան, Արդարահատոյց /վիպակ նուիուած Ս. Թեհլիրեանին, պատմուածքներ, յօդուածներ/, Երեւան, 2004։
  • Պերճ Զէյթունցեան, Ոտքի, դատարանն է գալիս/ դրամա նուիրուած Ս. Թեհլիրեանի/, տես,, Մեծ լռութիւն/ դրամաներ/՛՛, Երեւան, 1985։

Գրականութիւն

  • Սողոմոն Թեհլիրեան, Վերյիշումներ, Երեւան, 1993։
  • Սողոմոն Թեհլերյանի դատավարութիւնը /սղագրական նիւթեր/, Երեւան, 1990։
  • Մակիչ Արզումանեան, Հայաստան. 1914-1917/, Երեւան, 1969։
  • Մհեր Կարապետեան, Հայաստանը 1912-1920 թուականներուն, Երեւան, 2003։

Արտաքին յղումներ


Կատեգորիա:1897 ծնունդներ Կատեգորիա:2 Ապրիլի ծնածներ Կատեգորիա:1960 մահեր Կատեգորիա:23 Մայիսի մահացածներ Կատեգորիա:Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներ Կատեգորիա:Նեմեսիս գործողութեան մասնակիցներ Կատեգորիա:Ֆրեզնօ մահացածներ

  1. Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. Ով ով է. հայեր / խմբ. Հ. ԱյվազյանԵրևան: Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2005. — հատոր 1. — է. 426.