«Ազգային Կեդրոնական Վարժարան (Պոլիս)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

No edit summary
(Տարբերութիւն չկայ)

18:45, 17 Նոյեմբեր 2014-ի տարբերակ

Ազգային կեդրոնական վարժարան, Պոլսոյ մէջ հայկական առաջին երկրորդական (այդ ժամանակներու համար՝ բարձրագոյն) վարժարանը։ Բացուած է 1715 թուականին Յովհաննէս Բաղիշացի (Կոլտ) Պատրիարքի ձեռքով: Ունեցած է Վանական բնոյթ եւ կատարած է մասնաւորաբար հրատարակչական աշխատանք: 1860-ական թուականներուն արեւմտահայութեան համար նշանակելի երեւոյթ մըն էր Ազգային Սահմանադրութեան որեգրումը: Թէեւ այդ թուականին Պոլսոյ մէջ կային աւելի քան 40 նախակրթականներ, սակայն երկրոդական եւ բարձրագոյն դասարաններու պակասը մեծապէս զգալի էր: Այս զարթօնքին Ուսումնական խորհուրդը միշտ օրակարգի վրայ կ'ունենար Կ.Պոլսոյ եւ գաւառներու ազգային նախակրդականներն աւարտող պատանիներու եկրորդական ուսում տալու եւ մասնաւորաբար գաւառային նորաբաց դպրոցներուն համար ուսուցիչ պատրաստելու հարցերը : Անհրաժեշտ էր հիմնել եկրորդական ուսման ազգային վարժարան մը, զոր կարողանար ընդունիլ նաեւ ձրիավարժ աշակերտներ , Պոլիսէն եւ գաւառէն: Պոլսոյ ամենահին եւ կարեւոր թաղամասերէն մին էր «Ղալաթիա»ն, ուր գոյութիւն ունէր Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցին: Անոր կողքին կը գտնուէր Ամենափրկիչեան նախակրդարանը, որ զոհ գնաց 1874 թուականի Ղալաթիոյ մեծ կրակին: նոյն տարուան մէջ Պատրիարք ընտրուած էր Ներսէս Արք. վարժապետեան, որ կորորվի լուսամիտ ու վարչագետ եկեղեցական մըն էր։

Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արեւմտահայերէն յօդուածներ