«Թլկատինցի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
կատեգորիայի հեռացում, replaced: → (2)
Տող 5. Տող 5.

== Կենսագրութիւն ==
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է 1860-ին խարբերդի խույլու գիւղը, հին անունով՝ Թիլ-Կաթի, որ ժողովուրդի լեզուին մէջ դարձած է Թլկատին (Արեւմտեան Հայաստան)։ Կանուխէն անհայր մնացած եւ մեծցած է մօրը խնամքով: իր կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Սմբատեան վարժարանին մէջ: Աւարտելուն՝ դեռ պատանի, ատեն մը շրջակայ գաւառներու դպրոցներուն մէջ կը վարէ ուսուցչական պաշտօն։ Ապա [[Խարբերդ]] դարձած կը հիմնէ իր դպրոցը՝ [[Կեդրոնական վարժարան]]ը։ Հայ լեզուի եւ գրականութեան իր պաշտամունքը կը յաջողի փոխանցել աշակերտներու ամբողջ սերունդի մը՝ [[Ռուբեն Զարդարեան]]էն մինչեւ [[Բենիամին Նուրիկեան]]։ Կը ներշնչէ գաւառի գրականութեան սէրը եւ կը պատրաստէ գրական հակումներով սերունդ: Միւս կողմէն, կ՛արդատրէ իր կարգին, [[Պոլիս|Պոլսոյ]] թերթերուն ղրկելով առաւելաբար քրոնիկներ, երբեմն պատմուածքներ, յաճախ գրական թարծուածքով թղթակացութիւներ։ Ուսուցչութիւն եւ գրական արտադրութիւն լրիւ լեցուցած են Թլկատինցիի ինքնամփոփ ու մենաւոր կեանքը։ Նահատակուած է [[1915]]ի ամրան, Խարբերդի մօտ, [[Ծովք]] լիճի ափերուն։

Ողնածուծով գաւառացի այս մարդուն գրականութիւնը «[[Ծոփաց աշխարհ]]»ի հարազատ արտադրութիւնն է։ [[Մամուլ]]ի մէջ ցրուած իր պատմուածքներն ու քրոնիկները (առաւել՝ քանի մը կտոր բանաստեղծութիւններ) հրատարակուած են մահէն տարիներ ետք ([[1927]]), [[Պոսթըն]] Ա. Չոսլանեանի նախաձեռնութեամբ։

Տող 47. Տող 47.
[[Կատեգորիա:Մեծ Եղեռնի նահատակուած գրողներ]]
[[Կատեգորիա:Մեծ Եղեռնի նահատակուած գրողներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ մանկավարժներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ մանկավարժներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ]]

20:07, 18 Մայիս 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Թլկատինցի ծ․ Յովհաննէս Յարութիւնեան (1860 - 1915), Մեծ եղեռնի զոհ, գրող, մանկավարժ, հասարակական գործիչ։

Կենսագրութիւն

Ծնած է 1860-ին խարբերդի խույլու գիւղը, հին անունով՝ Թիլ-Կաթի, որ ժողովուրդի լեզուին մէջ դարձած է Թլկատին (Արեւմտեան Հայաստան)։ Կանուխէն անհայր մնացած եւ մեծցած է մօրը խնամքով: իր կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Սմբատեան վարժարանին մէջ: Աւարտելուն՝ դեռ պատանի, ատեն մը շրջակայ գաւառներու դպրոցներուն մէջ կը վարէ ուսուցչական պաշտօն։ Ապա Խարբերդ դարձած կը հիմնէ իր դպրոցը՝ Կեդրոնական վարժարանը։ Հայ լեզուի եւ գրականութեան իր պաշտամունքը կը յաջողի փոխանցել աշակերտներու ամբողջ սերունդի մը՝ Ռուբեն Զարդարեանէն մինչեւ Բենիամին Նուրիկեան։ Կը ներշնչէ գաւառի գրականութեան սէրը եւ կը պատրաստէ գրական հակումներով սերունդ: Միւս կողմէն, կ՛արդատրէ իր կարգին, Պոլսոյ թերթերուն ղրկելով առաւելաբար քրոնիկներ, երբեմն պատմուածքներ, յաճախ գրական թարծուածքով թղթակացութիւներ։ Ուսուցչութիւն եւ գրական արտադրութիւն լրիւ լեցուցած են Թլկատինցիի ինքնամփոփ ու մենաւոր կեանքը։ Նահատակուած է 1915ի ամրան, Խարբերդի մօտ, Ծովք լիճի ափերուն։

Ողնածուծով գաւառացի այս մարդուն գրականութիւնը «Ծոփաց աշխարհ»ի հարազատ արտադրութիւնն է։ Մամուլի մէջ ցրուած իր պատմուածքներն ու քրոնիկները (առաւել՝ քանի մը կտոր բանաստեղծութիւններ) հրատարակուած են մահէն տարիներ ետք (1927), Պոսթըն Ա. Չոսլանեանի նախաձեռնութեամբ։

Կը նահատակուի 1915ի մեծ եղեռնին, Խարբերդէն ոչ շատ հեռու, իր սիրած ծովակին ափերուն մօտ, Արեգ գիւղէն քիչ մը անդին, խարբերդցի խումբ մը մտաւորականներու հետ: Թլկատինցի գիւղէն զատ ուրիշ աշխարհ չէ ունեցած: Օտար լեզու սորվելու առիթն ալ չէ հետապնդած, որով՝ արտաքին աշխարհի մտածողութեան եւ արուեստի պատուհանները գոց են եղած իր առջեւ: Թլկատինցի, իբրեւ գաւարի ամենէն հարազատ զաւակներէն մէկը, մօտէն ճանչցած է իր նկարագրած տիպարները - մամիկներ, տէրտէրներ, մշակներ, հարսեր եւ աղջիկներ:

Գործերը

Քրոնիկներ

Կը ներկայացնեն բազմազան երեւոյթներ, դէպքեր եւ դէմքեր հայկական գաւառէն: Ոմանք ազգագրական եւ տեղագրական բնոյթ ունին, ուրիշներ գրական-գեղարուեստական նկարագիր:

Վիպակներ եւ Պատմուածքներ

«Մութ Անկիւններէ» կամ «Կնամա՞րտ Թէ Ցլամարտ» , որուն մէջ նկարագրուած է գիւղացի բացասական տիպար մը, ծոյլ եւ խորամանկ: «Գաւաթ Մը Միայն» պատմուածքը լուսաւորչական եւ բողոքական հայերու միջեւ գզուըտուքի պատկեր մը կը գծէ, բամբասանքի եւ ծաղրի մոլեգնութեամբ լեցուն: «Ես Պարտքս Կատարեցի» .- կը ներկայացնէ երիտասարդ նորապսակ զոյգ մը, որուն երջանկութիւնը զոհ կ'երթայ գիւղին մէջ նախանձոտ կիներու բամբասանքին եւ զրպարտութիւններուն:

Բանաստեղծութիւններ

Ունի հազիւ 5-6 բանաստեղծութիւններ, աշուղական ոճով ու ոգիով գրուածթ Օրինակ՝ Եկայ ու կ'երթամ պէմուրատ, խարապ Հոգիս տաղտաղուն, սրտիկս է պարապ - Պարապ զէտ եղէք՝ ծուծէս դատարկուած - Պարապ զէտ էգի՝ թուփերը չորցած:

Թատերգութիւներ

  • «Էնդի Դէմքէն», լաւագոյնը իր թատերգութիւններուն:
  • «Կտակը», մէկ արար միայն, որ կը ներկայացնէ բարի մարդու մը վերջին վայրկեանները:
  • «Որ Մէկուն Ետեւէն», աւելի կատակերգութիւն մըն է քան տրամ:
  • «Ջալըմ Տղան», սիրային տրամ:
  • «Դէպի Արտասահման», կը ներկայացնէ հայրենի երկրէն գաղթողներու բաժանման պահը եւ զգացումները:

Երկեր

  • Ո՞ր մէկուն ետեւէն (թատերախաղ), Պոսթըն, 1912, 139 էջ:
  • Թլկատինցին եւ իր գործը, Պոսթըն, 1927, 608 էջ:
  • Գիւղին կեանքը, Երևան, 1966, 362 էջ:
  • Թլկատինցի, Առանձար, Բաշալյան Լևոն, Երկեր, Երեւան, 1982, էջ 25-255:
  • Պատմուածքներ: Գիւղի նամակներ, Վենետիկ, 1996, 100 էջ:

Աղբիւրներ

Արդի Հայ Գրականութիւն Բ. Իրապաշտ Շրջան 1885-1900 Գ.Տպագրութիւն 1994 Պէյրութ էջ 134-136

Աղբիւր

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Բ.-Գ. տարիներ, էջ 68:

Կատեգորիա:1860 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1915 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:Մեծ Եղեռնի նահատակուած գրողներ Կատեգորիա:Հայ մանկավարժներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ հասարակական գործիչներ