«Կրէկ Պենտեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎top: կատեգորիայի հեռացում using AWB
→‎Արտաքին յղումներ: կատեգորիայի հեռացում using AWB
Տող 58. Տող 58.
[[Կատեգորիա:13 Յուլիսի ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:13 Յուլիսի ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Նիւ Ճըրզի ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Նիւ Ճըրզի ծնածներ]]
[[Կատեգորիա:Հայ երաժիշտներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ երաժիշտներ]]

06:36, 28 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կրէկ Պենտեան
Ծնած է 13 Յուլիս 1963
Ծննդավայր Նիւ Ճըրզի
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ
Տեսակ Ճազ
Մասնագիտութիւն Երաժիշտ
Աշխատավայր ճազահար
Ծնողներ Հայր՝ Մարթին, մայր՝ Փաթրիսիա
Կայքէջ greggbendian.com/index.c…

Կրէկ Պենտեան (անգլերէն՝ Gregg Bendian, ծնած՝ 13 Յուլիս 1963, Նիւ Ճըրզի), ամերիկահայ երաժիշտ, ճազահար:

Կենսագրութիւն

Կրէկ երբ եօթ տարեկան էր, ընտանիքը՝ մինչեւ Թինէք (Նիւ Ճըրզի) տեղափոխուիլը, կ՛ապրէր Ֆէյր Վիու (Նիւ Ճըրզի): Ան հասակ նետած է երաժշտասէր ընտանիքի մը մէջ, ուր շարունակ երաժշտութիւն կը հնչէր: Ծնողները, Մարթին եւ Փաթրիսիա, լաւ ունկնդրողներ էին. հետեւաբար ան մանուկ հասակէն կը խորանայ երաժշտութեան մէջ: Ան կը լսէ Ֆրենք Սինաթրա, Չայքովսկի մինչեւ Մայլզ Տէյվիս եւ Պիթըլզը[1]:

Պենտեան ընտանիքին Թինէք տեղափոխուիլը մեծ դեր կ՛ունենայ Կրէկի ապագայ երաժշտական զարգացման ուղիին մէջ. ուր կար դպրոցական գերազանց համակարգ եւ լաւապէս մշակուած արուեստի ծրագիրներ:[1]:

Երաժշտական կեանք եւ Ցեղասպանութիւն

Պենտեան 1984-էն կը սկսած իր անձնական երաժշտութիւնը ներկայացնել “Կրէկ Պենտեան ծրագիր“ անունով: Ան կը նուագէ անուանի երաժիշտներու հետ՝ Նելս Քլայն, Փաթրիք Պրիւս Մեթընի, Սթիւ Հանթըր եւ Կերի Լուքաս եւ ուրիշներ[2]:

Կրէկ Պենտեանի 1996-ին լոյս կ'ընծայէ ձայնասկաւառակ մը, որ կը կրէ “Կրէկ Պենտեան ծրագիր“ անունը: Կրկնորդը կ՛ընդգրկէ վեց ստեղծագործութիւն, որուն երրորդ երաժշտական կտորը կը կրէ “Աֆթըր Չոմաքլու ուազ է տեզըրդ“ (“After Chomaklou was a desert“, Threnody to the Victims of The Armenian Genocide)[3], «Չոմախլուն անապատ դառնալէ ետք» (Ողբ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն) «թաղումի երգ» խորագիրը:

Կրէկ Պենտեանի վերոյիշեալ երաժշտութիւնը, ազատ ճազի ոճով յօրինուած մշակում մըն է: Կրէկի կը բացատրէ, որ “Աֆթըր Չոմքալու ուազ է տեզըրդ“ գործը, գործիքաւորուած երաժշտութեան կտոր մըն է, որ ձայնի եւ ձայնանիշներով պատկեր մը կը գծէ: Ան կ՛աւելցնէ, թէ իր մեծ հօր անունը Գրիգոր Պենտեան է, որ տարագրուած էր իր ծննդավայրէն` Չոմախլուէն[4]:

Հայկական Երաժշտութիւններ

Կրէկի հայկական ներշնչումով երաժշտութիւններն են.

  • «Սասունցի Դաւիթ. արիւն»
  • «Հայրենիք»
  • «Սփիւռք»

Ծանoթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Կատեգորիա:1963 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:13 Յուլիսի ծնածներ Կատեգորիա:Նիւ Ճըրզի ծնածներ Կատեգորիա:Հայ երաժիշտներ