«Մլեհ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ →‎top: մանր-մունր using AWB
Չ Werldwayd տեղափոխեց էջը «Մլեհ (արեւմտահայերէն)»-էն «Մլեհ»
(Տարբերութիւն չկայ)

01:35, 16 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Մլեհ (ծն.թ.անյայտ–1175), Կիլիկեան Հայաստանի Մեծ իշխան 1169-ին։ Լեւոն Ա. Ռուբինեանի որդին։ Յաջորդած է եղբօրը՝ Թորոս Բ–ին։ Հօր գերեվարութեան տարիներուն ապրած է Եդեսիոյ մէջ՝ քեռիին մօտ։ Այնուհետեւ իր եղբայր Ստեփանէի հետ աւելի քան երեք տասնամեակ գլխաւորած է հայկական բանակը, եռանդուն աջակցած է Թորոս Բ–ին՝ երկրի ազատագրման եւ պետականութեան կայունացման գործերուն մէջ։ Հռչակ ստացած է իր քաջութեամբ ու հմուտ դիւանագիտութեամբ։ 1160–ական թթ. 2 կէսին, արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն մէջ հակարակելով Թորոս Բ–ի հետ, արտաքսուած է երկրէն։ Թորոս Բ–ի մահէն յետոյ Մլեհը վերադարձած է հայրենիք, գրաւած է իշխանանիստ Վահկան եւ հռչակուած՝ Մեծ իշխան։

1171-72–ին, երկրէն վտարելով խաչակիր ասպետները ու ֆրանկ հոգեւորականները, բռնագրաւած է Կիլիկիոյ մէջ անոնց յատկացուած կալուածները։ Պարտութեան մատնած է խաչակիրներուն աջակցող Անտիոքի դքսութեան եւ Երուսաղէմի թագաւորութեան միացեալ ուժերուն։ 1173–ին Հալէպի ամիրա Նուր ադ Դինի զինական օգնութեամբ ջախջախած է բիւզանդական զօրքը, գրաւած է Տարսոն, Ատանայ եւ Պոմպեապոլիս քաղաքները, ազատագրած է Դաշտային Կիլիկիայի մեծ մասը։ Նոյն թուականին Կիլիկեան Հայաստանի նոր մայրաքաղաքը հռջակած է վերակառուցած է Սիսը։ Մլեհը դաժանորէն պատճած է իր քաղաքական գծին ընդդիմացող հայ իշխաններուն եւ լատինամոլ կղերականներուն։ Ի վերջոյ Մլեհը դարձած է պալատական դաւադրութեան զոհ։ Ստեփանէի որդին Ռուբէն Բ. դաւադիրները դատապարտած է մահապատժի, իսկ Մլեհի դին, իր զէնք ու զրահով, ամփոփած է Մեծքար վանքը։