«Տանիէլ Արափ Մոյ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ . using AWB
Չ Werldwayd տեղափոխեց էջը «Տանիէլ արափ Մոի»-էն «Տանիէլ Արափ Մոյ»
(Տարբերութիւն չկայ)

00:52, 11 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Տանիէլ արափ Մոիի նախագահական սթանտարտը

Տանիէլ Թորոյթիչ արափ Մոի (անգլերէն՝ Daniel Toroitich arap Moi 2 Սեպտեմբեր 1924 - 30 Դեկտեմբեր 2002)[1] Քենիայի երկրորդ նախագահը եղած է 1978-էն մինչեւ 2002-ը: Ամբոխահաճոյ խոստումներով եւ ծայրայեղ ճնշումներով ան կրցած է յաղթահարիլ 1991-ի բազմակուսակցական ընտրութիւնները, ան իր ղեկավարած Քենիայի ափրիկէական ազգային միութիւն կուսակցութիւնով յաղթանակ տարած է 1992 եւ 1997 թուականների ընտրութիւններուն: Մինչեւ նախագահ դառնալը ան ծառայած է որպէս Քենիայի փոխնախագահ 1967-էն 1978 թուականները:[2]

Գործունէութիւն

Քենիացիներու շրջանին Մոին յայտնի է որպէս Նիւաեօ, սուհիլերէն «ոտնահետք», քանի որ ան յաճախ ըսած է, որ հետեւած է առաջին նախագահ Ճոմոյ Քենեաթային հետքերուն: Անոր նաեւ կ'ըսէին «Քաղաքականութեան փրօֆեսոր» 24 տարուայ ղեկավարութեան համար, որն ամենաերկարն է Քենիայի պատմութեան մէջ:[3]


22 Օգոստոս 1978-ին Ճոմոյ Քենեաթային մահէն ետք Մոին դարձաւ գործող նախագահ: Սահմանադրութեան համաձայն, 90 օր անց, Նոյեմբեր 8-ին կայացան նախագահի ընտրութիւններ, ու Մոին միակ թեկնածուն էր:
Սկիզբին ահամար Մոին ունէր լայն աջակցութիւն ամբողջ երկրով մեկ: Ան կը շրջեր երկրով, ամենուր կը հաղորդակցուեր մարդոց հետ, ինչը կը տարբերուեր գոց դուռերու ետեւէն կառավարելու Քենեաթայի կայսերական ոճէն: Թէեւ իր մարդամօտութեանը, Մոին տակաւին չափազանց թոյլ էր իր իշխանութիւնը համախմբելու համար: Սկիզբէն եւէթ, հակահամայնավարութիւնը Մոիի կառավարութեան կարեւոր բաղկացուցիչներէն էր, երբ փոխնախագահ Մուաի Քիպաքին ուղղակի ըսած է՝ «Քենիային մէջ համայնավարները սենեակ մը չունին»[4]
1982-ի Օգաստոս 1-ին զինեալ ոյժերու ստորին անձնակազմը Հեզեքիա Օչուքայի առաջնորդութեամբ եւ անոր հետեւած համալսարանի ուսանողներով Մոին տեղահանելու յեղաշրջումի փորձ ըրաւ: Խռովութիւնն արագ ճնշուեցաւ գլխաւոր սթաֆի պետ Մահամուտ Մոհամէտի հրամանատարութեամբ:[5] Մինչ օրս կը ենթադրուի, որ երկու անկախ խումբերուն կողմէ իշխանութիւնը զաւթելու փորձը եղած է այդ երկուքի տապալման պատճառը, քանի որ անոնցմէ մեկը աւելի կանուխ ըրած էր իր փորձը:
Մոին հնարաւորութիւն ստացաւ զատելու քաղաքական ընդդիմախօսները եւ ամրապնդելու իր իշխանութիւնը: Ան կրճատեց Քենեաթայի մադոց ազդեցութիւնը կառավարութեան կազմին մէջ, երկար դատավարութիւններու միջոցաւ, որու արդիւնքին հիմնական դերակատարները յայտնուեցան որպէս դաւաճաններ: Զէնքի հիմնական զաւթիչները, այդ թիւին Օչուքան, դատապարտուեցան մահուան: Ան իր կողմնակիցները նշանակած է առանցքային դերերու եւ փոխած է սահմանադրութիւնը` ձեւականօրէն ՔԱԱՄ-ը երկրին մէջ միակ օրինական թոյլատրուած կողմը դարձնելով:

Ծանօթագրութիւններ

  1. East Roger, Thomas Richard J. (2014-06-03)։ Profiles of People in Power: The World's Government Leaders (անգլերեն)։ Routledge։ ISBN 9781317639404 
  2. State House։ «Profile of Daniel arap Moi»։ State House։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-ին։ արտագրուած է՝ 19 August 2012 
  3. «Moi: the ruthless 'professor of politics'»։ The Age։ 16 October 2002։ արտագրուած է՝ 5 October 2013 
  4. Miller, Norman and Rodger Yeager. Kenya: The Quest for Prosperity (second edition). Page 173.
  5. Society։ Nyamora Communications Limited։ 1992։ էջ 12 

Կաղապար:Քենիայի Նախագահներ

Արտաքին Յղումներ

Կատեգորիա:1924 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:2 Սեպտեմբերի ծնածներ Կատեգորիա:2002 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:30 Դեկտեմբերի մահացածներ