«Հայկ Նահապետ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ 10 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
(Տարբերութիւն չկայ)

18:38, 10 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Հայկ Նահապետ

Հայկ նահապետ (նաեւ Հայկ թագաւոր[1] Հայկ դիւցազն), լեկենտար հերոս, հայոց անուանադիր նախնին։ Մովսէս Խորենացին իր «Հայոց պատմութիւն» աշխատանքին մէջ գրի առնուած աւանդազրոյցին մէջ անոր կ’անուանէ նախահայր, ազգապետ։ Համաձայն Աստուածաշունչին՝ Հայկը Հաբեթի սերունդներէն էր եւ այդ պատճառով երբեմն կ’անուանուի Հաբեթոսթեան Հայկ։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Հայկը Նոյի սերունդէն է՝ աւագ որդի Հաբեթէն, Հայկը Նոյի 5-րդ սերունդն է՝ Հաբեթ (Japheth), Գամեր (komer), Թիրաս (Tiras), Թորգոմ (Tokarmah) Հայկ (Haig)։ Մ. Խորենացին «Հայոց Պատմութիւն»-ին մէջ կը գրէ, որ Հայկը ապստամբեց Բաբելոնի տիրակալ Բելի (Belus/Belos) դէմ, Վանայ լիճի մոտ Հայկը պատերազմեց Բելի դէմ, ջարդեց անոր զորքը, սպաննեց անոր եւ դրաւ հայոց պետութեան հիմքը, ըստ այդ՝ մեր երկիրը կոչուեցաւ ՀԱՅԿ։ XI դարու վրայ պատմիչ Լեոնտի Մրովելուին վրացիներու ծագումը ներկայացնելով կը նշէ որ, Հայկը որդին է Թորգոմի։ Ըստ նոյն պատմիչի՝ Թորգոմը ունէր 8 զաւակ։ Կովկասեան բոլոր ժողովուրդները, ըստ անոր, սերունդին մէջ են Թորգոմի զաւակներէն, անոնց մէջ առաջինը հայերու նախահայր Հայկն է, երկրորդ զաւակը վրացիներու նախահայր Քարթլոսն է (Kartlos), ապա՝ աղուաններու եւ միւսներու։ Վրացիները Հայաստանը կ’անուանեն Սոմխեթի (Սոմխիթի)։ Այս անուանումը վրացի եւ հայ ուսումնասիրողները լուրջ ուսումնասիրած են, սակայն անոնց եզրակացութիւնները բաւարար չեն եւ համահունչ չեն ինչպէս Մ. Խորենացիի, այնպէս Լ. Մրովելուիի կողմէն հիշատակուող Հայկ/Հայոս անուան եւ Հայաստան երկիրի անուան ծագման աւանդաբանութեան հետ։ Համաձայն նոր տեսակէտի՝ Սոմխեթի (Սոմխիթի) անուանումը պէտք է հասկնալ որպէս «Արեւի կամ արեւելեան խեթեր»։

Բնութագրում

Հայկը հաղթանդամ եւ վայելչակազմ ռազմիկ–առաջնորդ էր։ Անոր զէնքերը՝ թուրը, նետ եւ աղեղը օժտուած էին գերբնական հատկութիւններով։

Հայկ եւ Բել

Հայկ թագաւորի կեանքի յայտնի դրուագներէն է անոր պատերազմը բաբելոնեան առաջնորդ Բելի դէմ։ Բաբելոնեան աշտարակաշինութեան խառնաշփոթի ընթացքին Տիտանեան Բելը ինքն իրեն կը հռչակէ աշխարհակալ եւ կը պարտադրէ այլ մարդիկ պաշտել իրեն։ Սակայն Հայկը չի ճանչնար Բելի ինքնակոչ իշխանութիւնը իր հարազատներուն եւ ցեղակիցներուն վրայ։ Ըստ Մովսէս Խորենացիին՝ Բաբելոնին մէջ իր անդրանիկ զաւակի՝ Արամանեակի (Արմէն) ծնելէն ետք Հայկը երեք հարիւր այլ ցեղակից ընտանիքներու հետ միասին կը վերադառնան Հայկ։ Հայրենիք ժամանելուն պէս, Հայկը բնակութիւն կը հաստատէ Տուրուբերանի Հարք գաւառին մէջ։ Հարք անունը կը մեկնաբանուի որպէս «հայրեր», «հայրենիք»։ Այդ ընթացքին Բելը, դառնալով Ասորեստանի տիրակալ, մեծ բանակով կը ներխուժէ Հայկ։ Հայկի թոռ Քատմոսը, որ բնակութիւն կը հաստատէր Հայկական լեռնաշխարհի հարաւին մէջ՝ Կորճայքի, Արարադ լեռան ստորոտին վրայ, կը զգուշացնէ Հայկին Բելի արշաւանքի վերաբերեալ։ Հայկը իր բազմաթիւ զաւակներով եւ թոռներով Հայկաշենէն կը մեկնի (Վանայ լիճին հիւսիսային ափի եզրով) դէպի Վան քաղաքը։ Վանէն հարաւ ինկած Հայոց Ձոր կոչուող գէտի հովիտին մէջ Հայկը եւ Բելը իրենց բանակներով դուրս կու գան միմյանց դէմ։ Հայկն իր բանակը կը դասաւորուի եռանկիւնաձեւ գէտի հիւսիսային (աջ) ափին, աջէն եւ ձախէն տեղադրելով իր աւագ որդին եւ թոռանը՝ Արամանեակին եւ Քատմոսին։ Սակայն Բելը, տեսնելով իր զորքի ակնյայտ քանակական առավելութիւնը, Հայկի փոքրաթիւ ռազմիկներուն համեմատ, կը հրամայէ իր զինւորներուն ամբոխով անցնիլ գէտը եւ հարձակիլ Հայկի եւ իր զորախումբի վրայ։ Բելը կը խուսափի մարտէն, փոխարենը բարձրանալով բլուրի մը վրայ, ուրտեղէն կը հետեւի մարտին։

Ճակատամարտի ամենաթեժ պահին, Հայկը կը նկատէ Բելին բլուրի վրայ, կ’անցնի գետը եւ եռաթեւ նետով կը նետահարէ անոր։ Քանի որ Հայկի նետը երկաթէ ծայր ունէր, իսկ Բելի լաթերը պղինձէ էին, Հայկի արձակած նետը կ’անցնի Բելի լաթերուն միջով եւ կը մեխէ անոր գետնին։ Տեսնելով Բելի մահը՝ անոր զորքը սարսափահար փախուստի կը դիմէ։ Հայկը կը հրամայէ ռազմադաշտի մոտ կառուցել ամրոց, որ կ’անուանի Հայկաբերդ։ Այդ ամրոցի մնացորդները կը պահպանուին մինչեւ օրս։ Բելի դիակը Հայկը կը հրամայէ տանիլ Հարք եւ, թաղելով Հայկաշենէն ոչ հեռու, բլուր դարձնել անոր գերեզմանը՝ ի զգուշացնել բոլոր օտարներուն, ով կը յանդգնի հարձակիլ Հայկի հայրենիքի վրայ։ Այս հաղթանակէն ետք ապրելով երկար տարիներ, Հայկի արեւը (հոգին) կը համբարձուի երկինք եւ կը դառնայ Օրիոն համաստեղութիւնը, որ հայերը կ’անուանեն Հայկի համաստեղութիւն։

Առասպելաբանութիւն

Ըստ որոշ հեղինակներու, չնայած որոշ առասպելական դրուակներու, Հայկի մասին պատմութիւնը հիմնուած է իրական պատմական իրադարձութիւններու վրայ եւ կ’արտացուլէ վաղ, դեռեւս նահապետական հայկական ցեղախումբերու պատերազմները հիւսիսային Միջագետքէն Հայկական լեռնաշխարհ ներխուժող ցեղերու դէմ։ Բացի այդ, Հայկի անունը եւ առասպելացուած արարքները կը հիշատակուին նաեւ արեւմտաիրանական ցեղերու մոտ եւ գտած են իրենց արտացոլումը Ավեստային մէջ Հայոշեանգ (Հուշանգ) անուան տակ։

Ժառանգներ

Ըստ Մովսէս Խորենացիի եւ այլ հայ պատմագիրներու՝ Հայկին սերունդէն է Հայկազունիներու արքայատոհմը։ Այդ ազնուական հարստութեան վերջին ներկայացուցիչը՝ Վահէ արքան զոհուեցաւ Գաւգամելիին մէջ, Հայկն Ալեքսանտր Մակեդոնացիի արշաւանքէն պաշտպանելու։ «Հաբեթի սերունդներու Ցանկը սահմանել եւ առաջադրած է Մովսէս Խորենացին, որպէս Հին Կտակարանի ազգաբանութեան ցանկերուն այլընտրանք, քանզի, Պատմահայրը կը բողոքէ. «ս. գիրքը յուրայիններուն (հրեաներուն. հեղ) զատելով իբրեւ իր սեփական ազգ՝ միւսներուն լքեց, իբրեւ արհամարհելի եւ իր կողմէն նշանակուելու անարժան…(հաւելելով) մեր Հաբեթի սերունդները բոլորովին չկան»։ Խորենացին առաջադրած է սեփական՝ Նոյի Հաբեթ որդիին ազգաբանութեան Ցանկ, հաւելելով, որ ան աւելի հաւաստի է, քան Ծննդոց բաժնի ցանկերը, քանի որ այնտեղ Հաբեթի սերունդները կը բացակային (Մ. Խորենացի, ՀՊ, էջ՝ 77-78)։ Ի տարբերութիւն իրմէ առաջ եւ հետոյ պատմութիւններ գրող պատմիչներու, Պատմահայրը ազնուորէն կը թուարկէ, թէ Հաբեթի ազգաբանութիւնը ճշտելով, ինքը ինչ աղբիւրներէն օգտուած է՝ Աբիւտենոս, Կեփաղիոն, յունարէն գրականութիւն, իսկ Հին Կտակարանի Ծննդոց բաժնի ազգանութեան ցանկերը որեւէ հաւաստի աղբիւրներ չունին։ Սկսած Խորենացիէն, մեր բոլոր պատմիչները անփոփոխ կը թողեն «Հաբեթէն սկսուող ազգաբանութեան», այդ թուականին «Առաջին հայկեաններու»՝ Հայկէն մինչեւ Արա Գեղեցիկ» Հայկազունի առաջնորդներու Ցանկը։ Ըստ Խորենացիի շարք մը հայոց ազնուական տոհմեր իրենց ակունքներու սկիզբ կը համարուին Հայկ Նահապետին։ Անոնցմէ են Բզնունիները, Խորխոռունիները, Մանդակունիները, Վահեւունիները, Վարաժնունիները, Առանշահիկները եւ այլն։ Ժամանակակից գիտնականներու մէկ մասը այլեւս կը հրաժարի դիտարկել Հայկին որպէս զուտ առասպելական անձ եւ հակուած է ներկայացնել անոր որպէս հայոց հերթական թագաւոր, ով մեծ աւանդ ունեցած է հայկական արժեհամակարգի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ[2]։

Ծանօթագրութիւններ