Jump to content

Սխտոր

Սխտոր (Allium sativum), խոտաբոյս: Անիկա կը բուծանուի յատկապէս Կեդրոնական Ասիոյ եւ Իրանի Հիւսիս արեւելքը եւ հազարաւոր տարիներէ ի վեր ամբողջ աշխարհի տարածքին կը գործածուի իբրեւ համեմ:

Կ'օգտագործուի թարմ վիճակին մէջ, ծանրամարս կերակուրներու հետ իբրեւ համեմ, թթուաշներու եւ պահածոներու մէջ՝ իբրեւ իւրայատուկ համ ու բոյր տուող համեմ, իսկ երշիկի պատրաստութեան ատեն՝ իբրեւ հականեխիչ ազդեցութիւն ունեցող նիւթ։ Անիկա կ'օգտագործուի նաեւ ժողովրդական բժշկութեան մէջ։

Սխտորը ունի «գլուխ» մը, որ բաղկացած է քանի մը բլթակներէ (պճեղներէ), տերեւները խիտ են եւ բծաւոր, ունի սուր հոտ:

Սխտորին քիմիական կազմը կախեալ է իր տեսակէն, մշակման վայրէն ու եղանակէն։ Սխտորին քիմիական կազմին մէջ կը գտնուի 64.66% ջուր, 35.34% չոր նիւթ, (ածխաջուրեր՝ 26.31%, սպիտակուցներ՝ 6.67%, ճարպեր՝ 0.06%, թաղանթանիւթ՝ 0.77%) եւ 1.44% մոխիր։ Սխտորը հարուստ է նաեւ A եւ C կենսանիւթերով եւ եթերաիւղերով։ Հանքային տարրերէն սխտորը կը պարունակէ կրածին (Calcium), մանկանէզ (magnesium), ֆոսֆոր, ծծումբ եւ անագ։ Ունի բարձր ջերմուժ. մէկ քիլոկրամը կու տայ 1300 ջերմուժ։

Թէեւ սխտորը հաճելի հոտ մը չունի, բայց շատ օգտակար բոյս մըն է:

Բուժիչ յատկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շատ հին ժամանակներէն սխտորը կարեւոր բաղադրիչ եղած է բժշկութեան մէջ: Անիկա օգտագործուած է մարմինի դիմադրականութեան բարելաւման, սրտանօթային հիւանդութիւններու բուժման եւ կանխարգիլման[1], ինչպէս նաեւ համաճարակային հիւանդութիւններէ պաշտպանուելու համար։ Յոյն բժիշկ Հիպոկրատ սխտոր ուտել կը թելադրէր բազմաթիւ հիւանդութիւններ, յատկապէս արեան բարձր ճնշում, մարսողական հարցեր կամ գերյոգնածութիւնը յաղթահարելու համար[2]:

  • Սխտորը կը պարունակէ ծծումբ, որ կը մաքրէ արիւնը, կ'ընդլայնէ երակները եւ թշնամի է պնդերակութեան, կը զօրացնէ ոսկորները եւ կը հականեխէ թոքերը:
  • Կը նպաստէ նաեւ արագ մարսողութեան, որովհետեւ կը խթանէ ստամոքսային յոյզերու արտաթորումը: Արեան շրջագայումը աւելի արագ կը կատարուի սխտորի իոտին շնորհիւ, եւ արեան մէջ կուտակուած թոյներն ու թափուքները շուտով կ'արտաքսուին:
  • Սխտորը կը զօրացնէ սիրտին մկանը եւ երակները ընդլայնելով, կը նպաստէ արեան արագ հոսքին:
  • Բժիշկները, որոնք ուսումնասիրած են սխտորին օգտակարութիւնը, կը յանձնարարեն ճաշին հետ խմել 20-30 կաթիլ սխտորի հիւթ քիչ մը ջուրի մէջ:
  • Սխտորը իր ծծումբով կը լուծէ երակներուն մէջ կրային կուտակումները, որոնք կը կարծրացնեն զանոնք: Պնդերակութեան դէմ օգտակար է առաւօտուն ծոմ վիճակով օրական պճեղ մը սխտորը:
  • Երբ արեան թունաբարձութեան իբրեւ հետեւանք մորթին գոյնը փոխուի, սխտորը կը գեղեցկացնէ մորթը՝ մաքրելով արիւնը:
  • Սխտորը, իբրեւ մկաններու աշխատանքը խթանող սնունդ, կ'օգտագործէին ողիմպիականի հնագոյն մարզիկները:
  • Օրական մէկ պճեղ սխտորը կ'օգնէ հաւասարակշռելու արեան մէջ շաքարին մակարդակը:
  • Սխտորին հիւթը պէտք է խմել սնկային բորբոքումներ ունենալու պարագային:
  • Տարեցներ, պարբերաբար սխտոր օգտագործելով, կրնան խուսափիլ Ալզհայմըր հիւանդութենէն, իսկ երիտասարդները` բարելաւել իրենց յիշողութիւնն ու ուղեղին աշխատանքին արդիւնաւէտութիւնը[3]։

Վերջապէս սխտորը կը պաշտպանէ մարմինը գրեթէ բոլոր մանրէական հիւանդութիւններէն եւ կրիփէն: Ծծումբն ու իոտը սքանչելի հականեխիչի մը կը վերածեն զայն: Համաճարակի ատեն, լաւ է երկու պճեղ սխտոր եփել կաթին մէջ եւ տաք վիճակի մէջ խմել: Առատ սխտորով եփած կերակուրները օգտակար են միշտ:

Ճաշին հետ սխտոր օգտագործելը կ'իջեցնէ մարդուն զարկերակային ճնշումը եւ քնանալու ցանկութիւն կը յառաջացնէ։

Ուտելիքներու Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սխտորը, իբրեւ տարբեր թացաններու բաղադրամաս, լայն տարածում գտած է հիւսիսային միջերկրածովեան երկիրներուն մէջ։ Յոյները եւ հայերը կը պատրաստեն «ճաճիկ»՝ սխտորով եւ քամած մածունով, սովորաբար՝ այծի կամ ոչխարի:

Ճափոնցիներն ու քորէացիները բարձր ջերմաստիճանին թթու դնելով կը ստանան, այսպէս կոչուած «սեւ սխտոր», որ հիմա լայնօրէն տարածուած է Արեւմուտքի մէջ։

Սխտորը հայկական ճաշերու բաղադրատոմսերուն անբաժան մէկ մասը կը կազմէ։

Կանաչ սխտոր

Կանաչ սխտորը սովորական սխտորէն կը զանազանուի իր իւրայատուկ համով. անոր համը նուազ շեշտուած է, չափաւոր է եւ եփելէ ետք կը դառնայ աւելի քաղցր` ուտելիքին տալով իւրօրինակ համ եւ բոյր: Կանաչ սխտորը կարելի է օգտագործել թէ՛ հում, թէ՛ եփած` կերակուրներու եւ աղցաններու մէջ: Կանաչ սխտորին առողջարար 5 յատկութիւններն են.

  • Կը խթանէ մարմինին դիմադրականութիւնը:
  • Կանաչ սխտորի հետեւողական գործածութիւնը յստակօրէն կը բարձրացնէ օրկանիզմի պաշտպանողական յատկութիւնները:
  • Անթիպիոթիքի դեր կը կատարէ. ունի մանրէներու դէմ պայքարելու եւ հակաբորբոքային յատկութիւններ:
կանաչ սխտոր
  • Հարուստ է երկաթով: Յատկապէս սակաւարիւնութենէ տառապողները պէտք է յաճախակի կանաչ սխտոր ներառեն իրենց ճաշացուցակին մէջ`իբրեւ երկաթի հարուստ աղբիւր:
  • Կը նպաստէ սիրտի աշխատանքին: Անոր պարունակած մանկանէզը կը կարգաւորէ քոլեսթերոլի մակարդակը մարմնին մէջ եւ կը նուազեցնէ կաթուածի կամ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը:
  • Կը պայքարի աղեստամոքսային բորբոքումներուն դէմ[4]:

Սխտորին Հետ Կապուած Հաւատալիքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժողովրդական հաւատալիքներուն մէջ սխտորը բաւական շատ ներկայացուած է: Երբեմն անոր կը վերագրեն գերբնական յատկութիւններ, երբեմն ալ անիկա կը կապեն չար ուժերու հետ։

  • Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ սխտորը կը համարուի իբրեւ պաշտպանողական միջոց մը մարդագայլերուն, չարքերուն եւ կեղեքիչներուն դէմ: Որպէսզի կեղեքիչները ներս չմտնեն, սխտորի գլուխներ կը կախեն պատուհաններէն, բուխերկիներու եւ անցքերու մօտ[5][6]:
  • Չեխերուն մօտ ընդունուած կարծիք մը կայ, որ տանիքին վրայ դրուած սխտորը տունը կը պաշտպանէ կայծակէն։
  • Կարգ մը հայեր կը հաւատան, թէ սխտորը ձեռքէ ձեռք փոխանցելը չարիք կը բերէ։
  • Իրանի, կովկասեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ քանի մը երկիրներ եւ Աֆղանիստանի ժողովուրդները, որոնք պարսկական Նոր տարին՝ Նաւրուզը կը տօնեն, սխտորը կը համարեն աւանդական սեղանին դրուող «եօթ սիներէն» («սին» տառով սկսող) իրերէն մին:
  • Իսլամները խստիւ կ'արգիլեն մզկիթ երթալէն առաջ սխտոր ուտելը, քանի որ աղօթելու ընթացքին անոր հոտը կրնայ հաւատացեալներուն տհաճ թուիլ:[7] Մուհամետ չէր սիրեր սխտոր ոտել[8]:
  • Հինտուիզմին եւ ճայնիզմին մէջ կը համարուի, որ սխտորը կը ջերմացնէ մարմինը եւ կը տանի դէպի երազանքներու աշխարհ:
  • Պուտտիզմի որոշ աւանդոյթներուն մէջ կը համարուի, որ սխտորը, այլ «կծու» ուտելիքներու նման կը բարձրացնէ սեռական ցանկութիւնը եւ կռուարարութիւնը, որ կը վնասէ երանութեան մէջ խորասուզուելու:
  • Հրեաները սխտորը կը համարեն «սուրբ ուտելիք»:

Սխտորին «Մայրաքաղաքը»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամէն տարուան ամրան, Սպանիոյ Լաս Փեթրոնիերաս քաղաքին մէջ կը կայանայ Սխտորի համաշխարհային համաժողովը:

Քաղաքին զինանշանին վրայ սխտորի գլուխ մը պատկերուած է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]