Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ Դուք կրնաք օգնել ծրագիրին՝ տեղադրուած տեղեկութիւններուն հաւաստիութիւնը գտնելով վստահելի աղբիւրներու մէջ եւ այդ աղբիւրները յղումներու տեսքով աւելցնելով յօդուածին մէջ։ Չհիմնաւորուած աղբիւրները ենթակայ են հեռացման։
Պոլոնիա (իտալ.՝ Bologna, [boˈloɲɲa], լատ.՝ Bononia, Felsina), քաղաք Իտալիոյ հիւսիսը, Պոլոնիոյ նահանգի «Էմիլիա-Ռոմանիա» վարչական տարածաշրջանի կեդրոնը։ Եւրոպայի հնագոյն համալսարանական կեդրոններէն մէկն է։ Բնակչութիւնը կը կազմէ 374 հազար մարդ (ըստ 2004-ի կատարուած մարդահամարի տուեալներուն)։ Կը գտնուի Փօ գետի աւազանի մէջ։ Քաղաքի մակերեսը՝ 140 քմ.² է, իսկ բարձրութիւնը ծովու մակերեւոյթէն՝ 54-300 մ.։