Պէյտըն Փաուըլ

Պէյտըն Փաուըլ
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Robert Stephenson Smyth Powell
Նաեւ յայտնի է իբրեւ B.-P.
Ծնած է 22 Փետրուար 1857(1857-02-22)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Պատինգթոն, Ուեսթմինսթըր, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն
Մահացած է 8 Յունուար 1941(1941-01-08)[1][2][3][…] (83 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիերի, Քենիա
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Ռոզ Հիլ դպրոց?
Չարտերհաուս դպրոց?
Rose Hill School?
Մասնագիտութիւն scout leader, գրագէտ, քաղաքական գործիչ, քանդակագործ, սպայ
Վարած պաշտօններ Chief Scout? եւ Լորդերի պալատի անդամ?
Անդամութիւն 5th Dragoon Guards?, 50th (Northumbrian) Division?, South African Police Service? եւ 13th Hussars?
Ամուսին Olave Baden-Powell?[4]
Ծնողներ հայր՝ Baden Powell?[4], մայր՝ Henrietta Grace Smyth?[4]
Երեխաներ Peter Baden-Powell, 2nd Baron Baden-Powell?, Betty Clay?[2] եւ Heather Grace Baden-Powell?[2]
Ստորագրութիւն

Սըր Ռոպըրթ Սթիվնսըն Սմիթ Պէյտըն Փաուըլ օֆ Ճիլուլի (22 Փետրուար 1857(1857-02-22)[1][2][3][…], Պատինգթոն, Ուեսթմինսթըր, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն - 8 Յունուար 1941(1941-01-08)[1][2][3][…], Նիերի, Քենիա), Բրիտանական բանակի զօրավար, գրող։ Միջազգային սկաուտութեան հիմնադիրը[5]:

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Լոնտոն, վանական ընտանիքի մը մէջ։ Մեծ հայրը եղած է ճանչցոած գիւտարար։

1876-ին դիմած է զինուորական վարժարան եւ բարձր գնահատանքով ընդունուած[6]։ Իր փայլուն կարողութիւններուն համար անմիջապէս մաս կազմած է անգլիական զօրաբաժինին։

1900ական թուականներուն, երբ կը ծառայէր անգլիական բանակին, Հնդկաստանի, Աֆղանիստանի եւ Ափրիկէի մէջ[6], առիթը ունեցած է ուսումնասիրելու այդ երկիրներու բնիկ ժողովուրդներուն ապրելակերպը։ Բնութեան եւ դժուար կեանքի պայքարին մէջ, ժողովուրդներու կիրարկած լաւ յատկանիշները տեսած ըլլալով, ան ջանացած է այդ յատկանիշները սորվեցնել իր զինուորներուն։

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1899-ին Պէյտըն Փաուըլի գաղափարները սկսած են տարածուիլ, երբ ան գրած է «Յառաջապահներու համար» գիրքը։ Այս գիրքով ան ոչ միայն խօսած է հետախոյզ զինուորի մը յատկանիշներուն մասին, այլեւ՝ կը բացատրէր այն միջոցները, որոնցմով կարելի էր զարգացնել այս յատկանիշները։ Ան գլխաւորաբար կեդրոնացած է քաջութեան, ինքնահաստատման, ինքնավստահութեան, զգուշութեան եւ ապահովութեան յատկանիշները զինուորին մօտ զարգացնելու գործնական միջոցներուն վրայ։

1907-ին Լորտ Պէյտըն Փաուըլ իր պաշտօնակիցներու եւ ծանօթներու զաւակներէն բաղկացած պատանիներու խումբով մը կազմակերպած է իր տեսակին մէջ եզակի բանակում մը՝ Պրաունսի կղզիին մէջ[7]: Ապա սկսած է պատանեկան եւ երիտասարդական շարժումներով հետաքրքրուիլ եւ իր կարծիքները հրատարակել թերթերով, նիւթ ունենալով պատանիներու դաստիարակութիւնը։

1908-ին հրատարակած է «Հետախուզութիւն տղոց համար» գիրքը:

1909-ին տեղի ունեցած է սկաուտական առաջին ռէլին, Քրիթըլ Փէլէյսի մէջ, ուր սկաուտները առաջին անգամ ներկայ եղած են սկաուտական տարազով։

Սկաուտութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1910 Մայիս 7-ին, հրաժարած է բանակէն եւ ամբողջութեամբ նուիրուիած է սկաուտութեան:

1912-ին սկաուտութիւնը արդէն սկսած է տարածուիլ աշխարհի չորս կողմերը։ Պոլսոյ մէջ կազմուած են հայկական առաջին սկաուտական խումբերը։

1920-ին տեղի ունեցած է առաջին համաշխարհային ճէմպորին, ուր Պէյտըն Փաուըլ ճանչցուած է իբրեւ աշխարհի գլխաւոր սկաուտը[5]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 Lundy D. R. The Peerage
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Babelio — 2007.
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 Kindred Britain
  5. 5,0 5,1 «The eccentric world of Robert Baden-Powell | Ghostarchive»։ ghostarchive.org (անգլերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-01-10-ին։ արտագրուած է՝ 2023-04-11 
  6. 6,0 6,1 «Lord BADEN POWELL — Godalming Museum»։ www.godalmingmuseum.org.uk (անգլերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-04-11-ին։ արտագրուած է՝ 2023-04-11 
  7. «Brownsea Island | Dorset»։ National Trust (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-04-11