Շոգի

Շոգին, բնագիտութեան, տարրաբանութեան եւ ճարտարագիտութեան մէջ գոլորշիացած ջուրը կը նշանակէ: 100 աստիճան տաքութեան եւ բնական մթնոլորտային ճնշումով շոգին, զուտ, թափանցիկ օթակազի մը ձեւը եւ հեղուկ ջուրէն 1600 անգամ մեծ ծաւալ մը կ'ունենայ:

Բնական ըլլալով շոգին, ջուրի եռալու աստիճանէն աւելի կ'ըլլայ: Աւելի բարձր տաքութիւններուն՝ շոգիի ընդհանրապէս շիկացած շոգի կ'ըսուի:

Հեղուկ ջուրը եթէ շատ տաք նիւթի մը հետ շփման մտնէ (օրինակի համար լաւա կամ հալած մետաղ), անմիջապէս շոգիի կը վերադառնայ: Այս դէպքը «շոգիի պայթում» կ'անուանուի: Այս դէպքը գոց միջավայրերու մէջ շատ մեծ վնասներ կրնայ պատճառել:

Շոգիի մեքենայ մը մեքենէական ուժ ստեղծելու համար շրջանիւի կամ մխոցի շարժումները, շոգիին ընդլայնումով ձեռք կը ձգուին: Ուրիշ գործատան կիրարկութիւններու մէջ շոգին ընդհանուր ըլլալով՝ եղեգնափողերու մէջ շրջելով ունեցած ջերմութեան ուժը կը փոխադրէ: Այս բարձր ուժին պատճառը ջուրին ունեցած բարձր շոգիանալու ջերմութիւնն է: Ճարտարապետերը շոգիի մեքենաները օրինակելու համար իտէալ ջերմազօրութեան շրջան մը՝ Ռէնքայն շրջանը կը գործածեն:

Շոգին, գործատուներէ զատ շոգեբաղնիքներու եւ բաղնիքներու մէջ մարդոց բուժման համար ալ կը գործածուի:

Ամերիկա Միացեալ Նահանգները իր ստեղծած ելելկտրական ուժին %90-էն աւելին իբրեւ հեղուկ՝ շոգի գործածած շրջանիւերէն կը հաստատէ: Շոգիի շրջանիւներու ատակութիւնը աւելցնելու համար, ցած ճնշումով մթնոլորտի մը մէջ, շոգին խտացուելով յաճախ ջուրի վերածուելով ձեռք կը ձգուի: Բայց այս միջոցին ժանգոտութենէ փրկուելու համար շրջանը շատ զգոյշ պէտք է որ քննուի: