Նիլ Տոնալտ Ուոլշ

Նիլ Տոնալտ Ուոլշ
Ծնած է 10 Սեպտեմբեր 1943(1943-09-10)[1][2] (80 տարեկան)
Ծննդավայր Միլուոքի, Վիսկոնսին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Երկեր/Գլխաւոր գործ Conversations with God?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, էքստրասենս, ռադիոհաղորդավար, վիպասան
Կայքէջ nealedonaldwalsch.com(անգլերէն)

Նիլ Տոնալտ Ուոլշ (ծն.՝ 1943 թ., անգլերէն՝ Donald Walsch), ամերիկացի գրող, հեղինակած է «Զրոյցներ Աստուծոյ Հետ», «Բարեկամութիւն Աստուծոյ Հետ», «Աստուծոյ Հետ միասին» եւ ուրիշ այլ գործեր։

Անոր գործերը մարդու հոգեւոր զարգացման մասին են։ Ուոլշը իր գրառումները անուանած է «Զրոյցներ Աստուծոյ հետ. անսովոր երկխօսութիւն»։ Որոշ ժամանակ անց նոյն վերնագիրով տպագրուեցան երկրորդ եւ երրորդ գիրքերը։ Հրապարակուած գիրքերը Ամերիկայի մէջ մեծ յաջողութիւն ունեցան։ 130 շաբաթ շարունակ գիրքերը «New York Times»-ի մէջ առաջատարն էին։ «Զրոյցներ Աստուծոյ հետ» գիրքէն յետոյ հրատարակուեցան նաեւ «Բարեկամութիւն Աստուծոյ Հետ» եւ «Աստուծոյ Հետ Միասին» գիրքերը, որոնք ընթերցողներու շրջանակէն ներս, ո՛չ պակաս յաջողութիւն ունեցան։ Նիլ Տոնալտ Ուոլշը հեղինակած է 15 գիրք, որոնք մարդու հոգեւոր զարգացման մասին են։ Ան կ՛ապրի կնոջ՝ Նենսիին հետ, Օրիկըն նահանգի մէջ։ Նրանք միասին ստեղծել են «Re-Creation» հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն նպատակը մարդոց օգնած է, որպէսզի անոնք ձգտին ներքին կատարելութեան միջոցով ճանչնալ իրենց։ 2001 թուականին կազմակերպութիւնը վերանուանուած է «Conversation with God Foundation»։ Այս ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը կ՛առաջարկէ նաեւ ծրագիրներ եւ սեմինարներ անոնց համար, որոնք ընտրած են սեփական աճի ու հոգեւոր զարգացման ճանապարհը։ Մեր օրերուն Ուոլշի «Զրոյցներ Աստուծոյ Հետ» գիրքը արդէն հինգերորդ տարին է՝ կը գլխաւորէ «New York Times»-ի ամենակարդացուող գիրքերու ցանկը։ Վաճառուած է 12 միլիոն տպաքանակ։ Թարգմանուած է 28 լեզուներով։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Internet Speculative Fiction Database — 1995.
  2. Discogs — 2000.