Նայիմ Ալ-Եաֆի

Նայիմ Ալ-Եաֆի
արաբերէն՝ نعيم اليافي
Ծնած է 1936
Ծննդավայր Հոմս, Սուրիա
Մահացած է 2003
Մահուան վայր Հալէպ, Սուրիա
Ուսումնավայր Գահիրէի Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրաքննադատ, բանասէր, հասարակական գործիչ, դասախօս
Անդամութիւն Արաբ Գրողներու Միութիւն

Նայիմ Ալ-Եաֆի (1936, Հոմս, Սուրիա - 2003, Հալէպ, Սուրիա) գրաքննադատ, բանասէր, ձեռագրագէտ, հասարակական գործիչ, դասախօս։

Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ (Հոմս), որմէ ետք մեկնած է Դամասկոս, ապա Գահիրէ, ուր աւարտած է տեղւոյն պետական համալսարանի Արաբական Գրականութեան Բաժանմունքը։ Երկար տարիներ դասախօսած է Ալճերիոյ, Սուրիոյ եւ Քուէյթի համալսարաններուն մէջ։ Նախագահած է Սուրիոյ Արաբ Գրողներու Միութեան Հալէպի մասնաճիւղին եւ մշակութային գործունէութիւն ծաւալած հոն։ Գործակցած է հալէպահայ մշակութային միութիւններու հետ, տալով հայութեան առնչուող մէկէ աւելի դասախօսութիւններ։ Եաֆիի գրական-ուսումնասիրական վաստակին մաս կը կազմեն տարբեր բովանդակութեամբ 24 հատորներ, ինչպէս նաեւ գրականագիտական եւ գրաքննադատական բնոյթի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներու ժողովածուներ եւ արաբ ժամանակակից մարդուն յուզող բազմաթիւ այլ գործեր։ Դոկտ. Ալ-Եաֆի երկար տարիներ ապրած է Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը եւ մահացած այնտեղ՝ շուրջ տարի մը Սեն Լուի հիւանդանոցին մէջ անողոք հիւանդութեան մը դէմ յուսահատ պայքար մղելէ ետք։

Եաֆիի հայերուն վերաբերող գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եաֆի անտարբեր չէ մնացած հայութիւնը յուզող հարցերու նկատմամբ։ Իր կեանքի վերջին տարիներուն հրատարակած է հայագիտական բնոյթի 4 գիրքեր։

«مجازرالأرمن و موقف الرأي العام العربي منه» (Հայկական կոտորածներն ու արաբ հանրային կարծիքը անոր հանդէպ), գիրքը կը խօսի Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն արաբ ժողովուրդի դիրքորոշումին մասին՝ պաշտօնական եւ ժողովրդային մակարդակներով։ Հեղինակը գիրքին մէջ նաեւ ընթերցողին կը ծանօթացնէ Հայկական ցեղասպանութիւնը, անոր դրդապատճառները, հետեւանքները, օտար երկիրներու դիրքորոշումներն ու պատասխանատուութիւնը։

-«جمال باشا السفاح» - (Մարդասպան Ճեմալ Փաշա), Ճեմալ Փաշա արաբներուն ծանօթ է «Մարդասպան Ճեմալ Փաշա» մակդիրով, որովհետեւ Ա. Աշխարհամարտի օրերուն՝ 1915-1916-ին Դամասկոսի եւ Պէյրութի գլխաւոր հրապարակներուն վրայ կախաղան բարձրացուցած է 34 արաբ մտաւորականներ՝ բանաստեղծներ, խմբագիրներ, կրթական, մշակութային եւ կրօնական գործիչներ։ Եաֆիի այս գիրքը, որ Ճեմալ Փաշայի մասին գրուած առաջին մենագրութիւնն է արաբ պատմագրութեան մէջ, պատմական դէպքերու քննարկման կողքին, կը վերլուծէ մարդասպանին նկարագիրը, անոր ոճրային բնազդն ու կերպարը։ Վերջին գլուխը նուիրուած է երկու հայորդիներու կողմէ անոր ահաբեկման պատմութեան , ուր հեղինակը կ'անդրադառնայ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ Ճեմալի սպանութեան դրդապատճառներուն։

-«صورة التركي في الشعر العربي الحديث – شعر المشرق و المجاهر 1870-1920» - (Թուրքի կերպարը արաբական արդի բանաստեղծութեան մէջ - Արեւելքի ու արտասահմանի բանաստեղծութիւնը, 1870- 1920), հեղինակակից՝ Մահէր Ալ-Մունաճճէտ։ Այս հատորը գրական վերլուծումի կ'ենթարկէ թուրքին կերպարը Ժթ. դարավերջին ու Ի. դարասկիզբին արաբական արեւելքի երկիրներուն մէջ ծաղկած բանաստեղծական գործերուն մէջ։ Գիրքը բաժնուած է երեք գլխաւոր մասերու՝

ա. Թուրքին քաղաքական կերպարը,

բ. թուրքին ընկերային կերպարը

գ. թուրքին կրօնական կերպարը։

-«نضال العرب و الأرمن ضد الستعمار العثماني» (Հայերու եւ արաբներու պայքարը Օսմանեան գաղութատիրութեան դէմ), հեղինակակից՝ Տոքտ. Խալիլ Մուսա։ Գիրքը վեց մասերու բաժնուած է․ առաջինը կը խօսի օսմանցի թուրքերու, արաբներու եւ հայերու մասին,

երկրորդը՝ կը քննարկէ 1839- 1916՝ արաբներու ու թուրքերու յարաբերութիւնները,

երրորդը նուիրուած է հայ եւ թուրք յարաբերութիւններուն 1860-1923 թուականներուն ընթացքին, չորրորդը՝ թուրքերու դէմ հայ եւ արաբ համատեղ պայքարին,

հինգերորդը՝ անոնց քաղաքական պահանջքներուն,

վեցերորդ ու վերջին գլուխը կը խօսի հայ եւ արաբ ժողովուրդներու յարաբերութեան ներկայ վիճակին մասին։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Պէյրութ, 2010, էջ 653-654։