Մելան

Մելանի գիւտը եղած է Չինաստանի մէջ Ն.Ք. 2673 - 2597 միջեւ։ Տեսակ մը դոճէ կամ լայքայէ պատրաստուած մելանը կը տարածէին մետաքսի վրայ հնդկեղէգի մը միջոցաւ։ Աւելի վերջը գործածուեցաւ սեւ քար մը, որ կը լուծուէր ջուրի մէջ։ Ն.Ք. Գ. դարուն, չինացիները մելանը կը պատրաստէին դոճի բռնկումէն առաջ եկած մուրով։ Այս նպատակին համար կը գործածուէր նաեւ եղեւինի (sapin) փայտի ածուխը։ Իսւ յետագային գործածուեցաւ ամէն տեսակ կենդանական կամ բուսական նիւթերու այրումէն առաջ եկած մուրը։

Մելանի պատրաստութիւնն ու գործածութիւնը սկսած է գծագրութեան եւ գիրի գիւտին սկզբնաւորութեան շրջանին։

Հին Եգիպտոսի մէջ շատ ընդհանրացած մելանով գրուածքներուն համար ընդհանրապէս գործածուած է սեւ եւ կարմիր մելան։ Աւելի ուշ ճանչցուած է երկաթի բաղադրութեամբ պատրաստուած մելանը։

Ն.Ք. 2500-ին ածխամելանով գրուած պապիրոսներ գտնուած են եգիպտական գետնադամբաններու մէջ։ Երբ տակաւին այսօրուան գծագրական կամ նկարչական վրձինը գոյութիւն չունէր, Եգիպտոսի մէջ կը գործածուէր ծայրը մուրճով ծեծուելով վրձինի վերածուած եղէգը՝ մելանով գրելու համար։ Բայց ի վերջոյ եգիպտացիք սորվեցան փետուրի նման եղէգին ծայրը տաշելով՝ գրիչի վերածելու եղանակը Ն.Ք. 700-ին։ Եւ այսօր Գահիրէի (Եգիպտոս) թանգարանին մէջ կը գտնուին ձեռագիրներ, որոնք գիրերը կարելի է գծագրել միմիայն գրիչի միջոցաւ։

Երկար ատեն գոլէժներու մէջ կ՛ուսուցանէին թէ՝ հռոմէացիներ եւ յոյներ մասնաւորապէս կը գործածէին հերիւնանման սրածայր երկաթ, անով փորագրելու համար մեղրամոմէ պնակիտներու վրայ, ինչ որ սխալ է, քանզի կարեւոր գրութեանց համար գործածուած են մելան։ Որովհետեւ Պլինիոս եւ Վիտրովիոս Հռոմէացիներ եւ Կիլիկիոյ Անազարբա ծնած Դիոսկորիտէս արդէն յիշատակած են մելան պատրաստելու եղանակները։ Չինացիներ եւ ճափոնցիներ անյիշատակ ժամանակներէ ի վերվ գրած են մելանով։ Ներկայիս գոյութիւն ունին Դ. դարուն (Ն. Ք.) մելանով պատրաստուած չինական գծագրութիւններ, որոնք կատարելապէս անեղծ մնացած են։

Մելանի գործածութիւնը այնքան տարածուած էր Հռոմի մէջ, որ ընդօրինակիչներն ու նօտարները իրենց մէջքի գօտիներուն փաթոյթին մէջ կը հաստատէին կաղամարները արաբական տիվիթներուն նման։ Պոմպէյի (Իտալիա) աւերակներէն ելած է կաղամար մը, որ ունի երկու բաժին, սեւ եւ կարմիր մելաններու համար։

Հիները գիտէին ոսկեզօծ գիրերով ձեռագիրներ պատրաստել։ Գ. դարուն (Ն.Ք.) պատրաստուած են ծիրանագոյն ներկուած մագաղաթեայ թերթերու վրայ ոսկեզօծ եւ արծաթազօծ գրութիւններ։ Միջին դարուն բազմաթիւ մանրանկարներ եւ գլխագիրներ պատրաստուած են ոսկեթերթեր փակցնելով մագաղաթին վրայ։

Խնամեալ ընդօրինակութիւնները յաճախ կը կրէին խրուկով (cinabre), կարմրադեղէվ (vermillon) եւ կարմիր արիւնաքարով (sangnine) պատրաստուած ծիրանագոյն մելանով գրուած վերնագիրներ եւ գլխագիրներ։ Կը թուի թէ լատին ընդօրինակողներ նման աշխատութեան գաղտնիքները ժառանգած են Եգիպտացի աշխատակիցներէ։ Կարմիր մելանը հազուադիպօրէն կը գործածուէր բնագրի համար, բացի ծանօթագրութիւններէ եւ մեկնաբանութիւններէ։ Ան յատկացուած էր, Բիւզանդական վարչութեան մէջ, դպրութեանց, վկայականներու եւ արքայական գործերու, անիկա «սրբազան» մելանն էր, որ կը պատրաստուէր ծիրանով, ապա խրուկով։ Յամին 470-ին, հրովարտակ մը արգիլեց անոր պատրաստութիւնը, հայթայթումը եւ գործածութիւնը, ինչքերու գրաւումի եւ մահուան պատիժի օրէնքով։ Արքայական պալատի «սրբազան» մելանի պահպանութիւնը յանձնուած էր մասնաւոր պաշտօնեայի մը։

Հիները ճանչցան նաեւ ծածկագիր մելանը։ Լատին հռչակաւոր բանաստեղծ Ովիտիոս կը յիշէ գործածութիւնը կաղանչանի տեսակի մը հիւթին, որ թեթեւապէս կպչուն է, որով գրուածքի մը վրայ ցանուած կապոյտ փոշին երեւան կը հանէ գիրերը։

Երկաթի բաղադրութեամբ պատրաստուած մելանն ալ ծանօթ էր հիներուն, ինչպէս եգիպտացիներ գիտէին։ Փիւղոն Բիւզանդացին (Բ. դար Ն.Ք.) կը յիշէ աղաղատ երկաթիով (tonnate de fer) պատրաստուած մելան մը, որով կը գրէին մագաղաթեայ թերթերու վրայ։

Միջին դարուն գրեթէ ամենուրէք կը գործածուէր գխտորը (noix de galle) մելանաշինութեան արհեստին մէջ։

Վենետիկի բժշկութեան փրոֆէսոր Կանեպարիոս, որ 1619-ին հրատարակած իր խիստ հռչակաւոր գիրքին մէջ կու տայ երկաթի բաղադրութեամբ պատրաստուած մելանին բաղադրութիւնը, որ է.- խէժ՝ 3 մաս, ծծմբատ երկաթի (sulfate de fer) 2 մաս, գխտոր՝ 3 մաս, ջուր՝ 30 մաս։

Հայ մանրանկարչութիւնը, որ տուած է շուրջ 50.000 շքեղ ձեռագիրներ, գործածած է նոյն բաղադրութիւնը։ Վրդանէս Քերթող իր «Յաղագս պատկերամարտից» անուն գործին մէջ կը յիշէ «դեղ գրոց է գղթոր, արջասպ եւ կռիզ», ճիշդ փրոֆէսոր Կանեպարիոսի յիշած նիւթերը, զորս մեր նախնիք գործածած են։

«Որպէս ի դեղին գխտորէ, եւ ի կանաչ յառաջասպնէ լինի սեաւ» (Մխ. ապար)։

Երեք տեսակ արջասպ կայ.

  1. Սպիտակ արջասպ (couperose blanc), որուն տարրաբանական անունն է ծծմբատ զինկի (sulfate de zinc).
  2. Կապոյտ արջասպ (C. bleue), որուն տարրաբանական անունն է ծծմբատ պղինձի (S. de cuivre).
  3. Կանաչ արջասպ (C. vert), որուն տարրաբանական անունն է ծծմբատ երկաթի (S. de fer

Մի միայն կանաչ արջասպն է, որուն երկաթը միանալով գխտորի աղաղին հետ, կը կազմէ աղաղատ երկաթի (tannate de fer) անուն քիմիական նիւթը, որ սեւ է։ Կռէզը, որ արաբական խէժն է, ջուրին հետ կը խառուն արջասպին եւ եփուելով այդ երեքը կը կազմեն սեւ մեզանը։ Կիրով ծեփուած ողորկ պատին եթէ քսուի այս մելանը, պատը կը վերածուի գրատախտակի։ Իսկ եթէ այդ մելանին խառնուի մուր եւ լաւ եռացուի, կը ստացուի իսկական սեւ մելան։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Պապէսեան Յովհաննէս (1961), «Հանրագիտակ», Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, Լիբանան, էջ 54-57։