Մաֆին

Մաֆին

Մաֆին (անգլ.՝ muffin), փոքր, կլոր կամ ձուաձեւ թխուածք, ընդհանրապէս՝ քաղցր։ Կը պատրաստուի տարբեր միջուկներով, ինչպէս նաեւ միրգերով։ Սովորական մաֆինը կը տեղաւորուի չափահաս մարդու ափին մէջ։ Կարելի է առանձնանցնել նաեւ եգիպտացորենի ալիւրէն պատրաստուած մաֆիններ։ Մաֆինի մէջ երբեմն կ'աւելցնեն հապալասը, տուրմի շերտերը, արքայամորին, կասիան, ընկոյզը, պանանը, նարինջը, դեղձը, ստեպղինը, լիմոնը եւ այլն։

Ծագում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մաֆին անուան ծագման հետ կապուած են քանի մը պատմութիւններ։ Ըստ անոնցմէ մէկուն մաֆին բառը եկած է Մեծն Բրիտանիա ԺԱ. դարուն, ֆրանսական moufflet բառէն, որ թարգմանաբար կը նշանակէ փափուկ հաց։ Մէկ այլ պատմութիւն այդ բառը կը կապէ գերմանական muffe բառին հետ, որ հացի տեսակներէն մէկուն անունն է։

Մաֆինները ունեցած են փոքր կարկանդակի տեսք, ինչպէս եգիպտացորենի ալիւրով պատրաստուած հացը։ Այդ մաֆինները ներկայիս մաֆիններու չափ քաղցր չեն եղած եւ չեն ունեցած այսքան տարատեսակներ։ Քանի որ մաֆին թխելը շատ դիւրին էր եւ արագ, անոնք շատ շուտով կը պատրաստուէին նախաճաշի համար, իբրեւ արագ պատրաստուող գործնական սնունդ։ Բայց քանի որ մաֆինները շուտ չէին չորնար, անոնք կը սկսին վաճառուիլ միայն Ի. դարու կէսերուն։ Այդ ատեն բաղադրատոմսերը սահմանափակ էին․ կ'օգտագործուէին միայն եգիպտացորենի, ցորենի ու վարսակի ալիւրներ իսկ իբրեւ միջուկ կ'օգտագործուէին չամիչը, խնձորը եւ ընկոյզը։

50-ականներուն կը վաճառուին մաֆիններ՝ պատրաստուած յատուկ բաղադրութիւններով եւ արտադրուած՝ այնպիսի ընկերութիւններու կողմէ, ինչպիսիք են՝ Spacey’s (ԱՄՆ) եւ Cadbury֊ն (Մեծն Բրիտանիա)։

60-ականներուն կը բացուին սրճարաններու ցանցեր, ուր կը վաճառուին մաֆիններու տարբեր տեսակներ։ Այդպիսի ցանցերը տարածաշրջանային էին։ Օրինակ The Pewter Pot-ը Հարաւային Նոր Անգլիոյ մէջ։ ԱՄՆ-ի մէջ չկար նման ամրագրուած տարածաշրջանային գործ, սակայն Աւստրալիական Muffin Break-ը կը տարածուի մինչեւ Նոր Զելանտա եւ Մեծն Բրիտանիա, առաքելով մաֆիններ նաեւ դէպի ԱՄՆ։

Մաֆիններու Տարատեսակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոյութիւն ունի մաֆինի երկու տեսակ՝ անգլիական եւ ամերիկեան։ Անգլիական մաֆինները կը պատրաստուին թթխմորով, իսկ ամերիկական մաֆիններու խմորին մէջ կ'աւելցնեն փխրուցիչ կամ «սոտա»։ Ներկայիս կան նաեւ մաֆիններու պատրաստման համար յատուկ բաղադրատոմսեր։ Լրացուցիչ բաղադրիչներու՝ միրգերու, ընկոյզներու յաւելումը կ'օգնեն պահպանելու մաֆինի ցանկալի տեսքը։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]