Մազաթափութիւնը

Մազաթափութիւն, mարդ արարածի ամբողջ կեանքի ընթացքին կը կատարուի մազերու «հերթափոխութիւն»: Իւրաքանչիւր անհատի մօտ 3-4 տարին անգամ մը կը կատարուի այդ փոփոխութիւնը, երբ կը ծլի նորը ու կը թափի ծերը:

Սակայն, եթէ թափուող մազերը շատ աւելի են նոր մազերէն, ուրեմն պէտք է կատարել համապատասխան քննութիւնը, ստուգելու համար թէ առատ մազաթափութիւնը հիւանդութեան հետեւանք չէ եւ պէտք է սկսիլ մազածածկոյթներու գործածութեան՝ հաւասարակշռելու «հերթափոխութիւն»-ը:

Կանանց մօտ օրական 20-100 մազ թափուիլը բնական է:

Մազաթափութեան Պատճառները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Կանանց մօտ մազաթափութեան հիմնական պատճառը ճնշուածութիւնն է, որուն մանրամասնութիւնները դժուար է բացայայտել, որովհետեւ մազաթափութիւնը կրնայ ի յայտ գալ ճնշուած պայմաններէն նոյնիսկ ամիսներ ետք:
  • Մազաթափութիւնը նաեւ ժառանգական հիւանդութեան հետեւանքն է, որ տեղի կ’ունենայ հորմոնային փոփոխութիւններու ժամանակ, երբ կը խանգարուի վահանաձեւ գեղձին գործունէութիւնը եւ դաշտանադադարը:
  • Մազաթափութեան պատճառ կրնայ դառնալ նաեւ մաշկի զանազան վարակները: Կենսանութերու պակասը եւս կրնայ պատճառ հանդիսանալ մազաթափութեան:

Նիհարնալուն նպաստող սննդակարգերը մազաթափութեան վտանգներէն են:

  • Սխալ սննդակարգը կրնայ խախտել մարմինին համակարգը եւ ճարպերու կորուստը կրնայ նուազեցնել էսթրոծիներու քանակը, որուն իբրեւ հետեւանք տեղի կ'ունենայ ուժեղ մազաթափութիւն:

Բազմաթիւ հիւանդութիւններու հետեւանքներէն մէկը կրնայ ըլլալ մազաթափութիւնը:Այդ հիւանդութիւններէն են արեան գերճնշումը, շաքարախտը, սրտային հիւանդութիւնները, քոլեսթերոլը եւ տեսակաւոր դեղահատներու գործածութիւնը: Ծննդաբերութեան հանգրուանին անիկա յղի կիներուն մօտ մազաթափութիւնը, համապատասխան տոկոսով, ընդունելի է. յետծննդաբերութեան հանգրուանին արդէն կը վերադառնայ իր բնականոն ընթացքին:

Ձեր մազերը պաշտպանելու համար պէտք է ուշադիր ըլլաք՝

  1. Արեւու ճառագայթներէն(այս պարագային գլխարկներու գործածութիւնը կարեւոր է):
  2. Լողաւազաններուն մէջ գտնուող քիմիական նիւթերէն(լողաւազանէն դուրս գալէ ետք, անպայման պէտք է լուաք ձեր մազերը):
  3. Մազերու ներկերէն եւ մազերը ոլորուն կամ շիտակ դարձնող նիւթերէն:
  4. Մազերը չորցնող կամ ոլորուն դարձնող գործիքներէն, որոնց գործածութիւնը պէտք է ըլլայ սահմանափակ:
  5. Առանց բժիշկներու թելադրութեան դեղերու գործածութենէն:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «ԶԳՈՅՇ»,Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ,Բ տարի,թիւ 1 (5),2016 էջ

37-38։