Ղափամայ

Ղափաման Հայաստանի տարբեր շրջաններու աւանդական կերակուր է, որ յաճախ կը պատրաստուի Նոր Տարուան, Զատկուան տօներուն, ինչպէս նաեւ հարսանիքներու ու այլ տօնական առիթներով։

Ղափաման կը պատրաստուի միջին չափի, գլխուն կողմէն փորած եւ կուտերն ու միջուկը մաքրած դդումով, որ կը լեցուի բրինձով, չամիչով, ծիրանի ու սալորի կտրտած չիրերով ու մեղրով պատրաստուած միջուկով։ Բրինփով խառնուրդին վրայ կը դրուին կարագի կտորներ։ Կարագով կամ իւղով կը պատուի նաեւ ամբողջ դդումը։ Դդումին բերանը կը փակուի իր կլոր կտրած գլխիկով ու ղափաման կը զետեղուի տաք փուռը, որպէսզի քանի մը ժամ հանգիստ եփի, մինչեւ դդրումի կակուղնայ։ Եփելէն ետք ղափաման կը շարտուի դդումի բարակ շերտերու։

Միակ հայկական ուտեստն է, որ ունի իր երգը՝ «Հէյ ճան ղափամա, համով հոտով ղափամա․․․»։

Տեսակները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ ղափաման ունէր իր պատրաստութեան իւրայատուկ ձեւը։ Այսպէս, Կիլիկիոյ տարածքին հաերը ղափաման կը պատրաստէին չիր ու չամիչով։ Բրինձի խառնուրդին մէջ կ՛աւելցնէին մանրուած խնձոր, տարչին, ալուչա սալորի տեսակը, շաքար եւ աղ։

Իսկ Գորիսի աւանդական ղափաման ոչ թէ քաղցր, այլ քաղցրաաղի ճաշ է։ Գորիսցիները ղափամայի միջուկին փրինձին վրայ կ՛աւելցնեն մանրուած սոխ եւ կանաչեղէն, կարագ եւ իւղ, իսկ եթէ դդումը բաւական քաղցր չէր, շաքար։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Աւանդական Ճաշեր», էջ 45։
  • 168.am