Հոգեմարմնական

հոգեմարմնական (յուն․՝ ψυχή-մարմին եւ σῶμα-հոգի բառերէն) հոգեբանութեան եւ բժշկութեան (հոգեմարմնական բժշկութեան) ճիւղ է , որ կ՛ուսումնասիրէ հոգեբանական գործօններու ազդեցութիւնը սոմատիկ (մարմնական) հիւանդութիւններու առաջացման եւ ընթացքին վրայ։ Կ՛ուսումնասիրէ մարդու բնութագիրներու (բնաւորութեան գիծեր, վարքագիծի ձեւեր, յուզիչ հակամարտութիւններու տեսակներ) եւ այս կամ այն մարմնական հիւանդութիւններու միջեւ կապը։ Այլընտրանքային բժշկութեան մէջ տարածուած է այն կարծիքը, որ մարդու բոլոր հիւանդութիւնները կ՛առաջանան հոգեբանական անհամապատասխանութեան, խանգարումներու հետեւանքով:

Գլխաւորաբարլ ուսումնասիրուած են հետեւեալ հիւանդութիւններու եւ ախտանիշներու հոգեբանական գործօնները . ցնցղային շնչարգելութիւն, հաստ աղիքի բորբոքման համախտանիշ, գլխացաւ, գլխապտոյտ, աճողական խանգարում, օրինակ՝ խուճապային յարձակում (յաճախ կ՛անուանուի՝ «autonomic vascular dystonia») : Մարմնական հիւանդութիւնները՝ պայմանաւորուած հոգեբանական գործօնով, կը կոչուին՝ «Հոգեմարմնական խանգարումներ»: Բժշկութեան տեսանկիւնէն կը դիտարկեն նաեւ մարմնական հիւանդութիւններու ազդեցութիւնը հոգեկանին վրայ[1]:

Վերջին տարիներուն անասնաբուժութեան մէջ, շնորհիւ նոր հետազօտման մեթոտներու առաջացման, սկսաւ զարգանալ ոլորտ մը, որ կը կոչուի անասնապահական հոգեվերլուծութիւն, որ կ՛ուսումնասիրէ ջղային համակարգի իբրեւ մէկ ամբողջութիւն գործունէութեան եւ մարմնի այլ գործարաններու ու համակարգերու փոխյարաբերութիւնները:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին յունական փիլիսոփայութեան եւ բժշկութեան մէջ տարածուած էր այն կարծիքը, որ հոգին մեծ ազդեցութիւն ունի մարմնի վրայ: 1818-ին բժիշկ Եոկան-Քրիստիան Հեյնորդը առաջիններէն էր, որ օգտագործեց «Հոգեմարմնական» եզրը: Այդ մօտեցումը լայն տարածում գտաւ 20-րդ դարու 20-50-ականներուն: 1939-ին ԱՄՆ-ի մէջ սկսաւ «Հոգեմարմնական բժշկութիւն» թերթի հրատարակչութիւնը: 1950-ին կազմաւորուեցաւ Ամերիկեան հոգեմարմնական համանյք: հոգեմարմնական հիւանդութիւնները կ՛ուսումնասիրէր Զիկմունտ Ֆրոյտը, որ ձեւաւորեց անոր անգիտակցութեան տեսութիւնը: Շատ յայտնի հիւանդութիւններ նախապէս դասակարգուած էին իբրեւ «հիստերիկ» կամ «հոգեմարմնական», օրինակ՝ ցնցղային շնչարգելութիւնը, դիւրազգացութիւնը, երեւակայական յղիութիւնը եւ Անգարը (միկրէն): Որոշ հիւանդութիւններու շուրջ վէճերը կը շարունակուին, օրինակ՝ քիմիական զգայունութիւնը, մնայուն յոգնածութիւնը: Ոմանք կը կարծեն, որ խարանումները (յուն․՝ στίγματος , «նշաններ, խոցեր, վէրքեր») հոգեմարմնական հիւանդութիւններ են, հիմնականին նոյնականացուած՝ Քրիստոսի աստուածաշնչեան չարչարանքներուն հետ:

Ժամանակակից նշանակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեմարմնական հիւանդութիւնները կրնան առաջանալ լարուածութեան եւ այլ ոչ մարմնական խնդիրներու փոխյարաբերութիւններու պատճառով, որոնք յաճախ պայմանաւորուած են արտաքին գործօններով: Առաջ կը քաշեն 5 յուզումներ, որոնց վրայ կը հիմնուի հոգեմարմնական տեսութիւնը: Անոնք են.

հոգեմարմնական համազդեցութիւններու պատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ հոգեբան Լեսլի Լեքրօնի դասակարգման, հոգեմարմնական հակազդեցութիւններու պատճառներ կրնան հանդիսանալ[2]՝

  1. Վէճ- ներանձնային վէճը կրնայ պատճառ դառնալ հոգեմարմնական ախտանիշներու առաջացման: Երկու հակադիր ցանկութիւններու կամ միտումներու պայքարը կրնայ հանգեցնել անոնցմէ որեւէ մէկուն պայմանական յաղթանակին: Այդ պարագային, երկրորդ մասը կը սկսի «պարտիզանական պատերազմ», որ կրնայ պատճառ հանդիսանալ հոգեմարմնական ախտանիշներու:
  2. Մարմինի լեզու- որոշ պարագաներու մարմինը ֆիզիոլոկիապէս կ՛արտացոլէ այն վիճակը, որ կրնայ արտայայտուիլ այս արտայայտութիւններէն որեւէ մէկով . «աս մեծ գլխացաւանք մըն է», «ես չէի դիմանար», «այդ պատճառով սիրտս իր տեղը չէ», «իմ ձեռքերը կապուած են»: Այդ պարագային կ՛անհանգստանայ որոշակի օրկան, կը դժուարանայ շնչառութիւնը, կ՛առաջանայ միկրէն, կը խանգարուի աղեստամոքսային համակարգը եւ այլն:
  3. Մղում- կը ներառէ խնդիրներ առողջութեան հետ, որոնք կը բերեն որոշակի պայմանական օգուտ՝ կրողին: Ախտանիշի ձեւաւորումը տեղի կ՛ունենայ անգիտակցականի մակարդակով, այդ խաբէութիւն ու ձեւացում չէ: Ախտանիշը իրական է:
  4. Անցեալի փորձառութիւն- հիւանդութեան պատճառ կրնայ դառնալ անցեալի վիրային փորձառութիւնը, յաճախ՝ դժուար մանկութիւնը: Այդ կրնայ ըլլայ որեւէ դրուագ, կամ երկարաժամկէտ ազդեցութիւն, որ, թեկուզ եւ եղած է անցեալին, բայց յուզման կերպով կ՛ազդէ մարդու ապագային վրայ: Այդ փորձը կը դրօշմուի մարմինին վրայ:
  5. Նոյնականացում- ֆիզիկական ախտանիշը կրնայ առաջանալ այն մարդու հետ նոյնականացումով, ով ունի նմանատիպ ախտանիշ կամ հիւանդութիւն, այդ մարդու հետ զգացական զօրաւոր կապի առկայութեան պարագային:
  6. Ներշնչում- ախտանիշները կրնան առաջանալ ներշնչման հետեւանքով, երբ սեփական հիւանդութեան գաղափարը մարդու անգիտակցականին մէջ կ՛ընդունուի ինքնազօր կերպով՝ առանց քննադատութեան:
  7. Ինքնապատժում- որոշ պարագաներու հոգեմարմնական ախտանիշը կը խաղայ անգիտակցական ինքնապատժման դեր: Այդ պատիժը կապուած է իրականութեան հետ, յաճախ՝ երեւակայական մեղքի հետ, որ կը տանջէ մարդուն: Ինքնապատժումը կը թուլացնէ մեղքի զգացումը, բայց կրնայ էապէս բարդացնել կեանքը:

Բուժում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեմարմնական հիւանդութիւններու բուժման նպատակով կ՛օգտագործուին տարբեր մտաբուժներ եւ այլընտրանային բժշկութիւն[3]: Որոշ պարագաներու հոգեմարմնական հիւանդութիւնները կրնան սրիլ կամ վերանալ: Ներկայիս բուժումը հիմնականին կ՛իրականացուի ցաւազրկող դեղամիջոցներով կամ ընկճախտի դէմ պայքարող դեղերով՝ համակցուած մտաբուժութեան հետ[4][5]: Ի տարբերութիւն մելամաղձութեան, որ երբեմն սխալմամբ կը նկատուի հոգեմարմնական հիւանդութիւն, հոգեմարմնական հիւանդութեամբ տառապողները կ՛ունենան իրական ցաւեր, սրտխատնոց կամ ախտանիշի այլ մարմնական զգացողութիւններ, բայց առանց ախտորոշուած պատճառի:

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Франц Александер. Психосоматическая медицина. Принципы и практическое применение = Psychosomatic Medicine it`s Principles and Applications / Пер. с англ. С. Могилевского. — Москва: Эксмо-Пресс, 2002. — 352 с. — 4000 экз.
  • Бройтигам В., Кристиан П., Рад М. Психосоматическая медицина. — Пер. с нем. — Москва: ГЭОТАР Медицина, 1999 . — 376 с. — 5000 экз.
  • Клиническая психология / Под ред. Б. Д. Карвасарского. — Санкт-Петербург: Питер, 2010. — 864 с. — (Учебник для вузов). — 3000 экз
  • Гусев В. А. Средство от болезней. — АСТ, 2007. — 192 с. — 4000 экз.
  • Джон Е. Сарно. Как вылечить боли в спине. Люди должны знать правду! = Healing Back Pain: The Mind-body Connection — София, 2010. — 224 с. — 5000 экз.

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Тополянский В.Д., Струковская М.В. Психосоматические расстройства. - М.: Медицина, 1986. 384 с.
  2. ↑ Попова Н. М. Что заставляет болеть? Причины психосоматических реакций
  3. Психосоматика. Лечение гипнозом..
  4. Skumin V. A. Borderline mental disorders in chronic diseases of the digestive system in children and adolescents. Zhurnal nevropatologii i psikhiatrii imeni SS Korsakova Moscow Russia 1952 (1991), Volume:91, Issue:8, Pages:81-84
  5. (1982) «Непсихотические нарушения психики у больных с приобретёнными пороками сердца до и после операции (обзор).» (Russian). Zhurnal nevropatologii i psikhiatrii imeni S.S. Korsakova 82 (11