Հեքիաթ

Հեքիաթը, ժողովուրդի մը բերանային ստեղծագործութեան ամենահին տեսակներէն մէկն է: Հեքիաթները, բերանացի` ոչ-գրաւոր կերպով, պատմուած եւ փոխանցուած են սերունդէ սերունդ։

Հայ Ժողովրդական Հեքիաթներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ ժողովրդական հեքիաթները առաջին անգամ գրի առնուեցան ԺԹ. դարուն։ Հայ մեծ հեքիաթագիրներ, ինչպէս՝ Ղազարոս Աղայեան, Աթաբէկ Խնկոյեան, Յովհաննէս Թումանեան եւ ուրիշներ, հեքիաթները մշակեցին ու գիրքերու մէջ տպագրեցին, որպէսզի այդ հեքիաթները չկորսուին եւ մենք կարողանանք, կարդալ զանոնք։

Հեքիաթները երեւակայական պատմութիւններ են, որոնց միջոցով ժողովուրդը այլաբանօրէն կը ներկայացնէ իրականութիւնն ու մարդկային կեանքի բազմազան կողմերը։

Հեքիաթներու հերոսները կլեսն ըլլալ մարդիկ, կենդանիներ եւ գոյութիւն չունեցող երեւակայական էակներ` դեւեր, վիշապներ, հրէշներ ու աներեւոյթ ոգիներ։

Հեքիաթները երկու տեսակ հերոսներ կ'ունենան բարի եւ չար։ Հեքիաթներուն սկիզբը չարերը կը յաղթեն, բայց վերջաւորութեան կը պարտուին եւ բարի հերոսները կը յաղթեն իրենց իմաստութեան ու անյաղթելի ուժին շնորհիւ։

Համաշխարհային գրակացութեան ամենէն կարեւոր հեքիաթագիրերն են գերմանացի Գրիմ եղբայրներն ու տանիմարքացի Հանս Քրիստիան Անդերսընը։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Վաչէ Մանկրեան, «Հայ Մաշակոյթ», Ա. հատոր, Լոս Անճելըս 2006