Հայտելպըրկի Համալսարան

Հայտելպըրկի համալսարանի շէնքը
Հայտելպըրկի համալսարանի խորհրդանշանը

Հայտելպըրկի` Ռուպրեխտի եւ Քառլի անուան համալսարան (գերմաներէն՝ Ruprecht-Karls-Universität Heidelberg), ժամանականկից Գերմանիոյ ամենահին համալսարանը, ամենահեղինակաւոր ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը, Կեդրոնական Եւրոպայի` հնութեամբ հինգերորդ համալսարանն է[1]: Հիմնադրուած է 1386 թուականին։ Ուսուցման հիմնական լեզուն գերմաներէնն է[2]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համալսարանը հիմնած է կուրֆյուրստ Ռուպրեխտ 1-ինը Հռոմի պապ Ուրպանոս 6-րդի թոյլտուութեամբ 1386 թուականին, որպէսզի զայն յանձնէ Կուրպֆալցի (գերմաներէն՝ Kurpfalz) ենթակայութեան, ուր կեդրոնացած էր հոգեւոր կեանքը։ Համալսարանի հիմնադրումը նպատակ ունէր գրաւելու օտարերկրացիները, պատրաստելու եկեղեցական եւ պետական գործիչներ, քանի որ Սորպոնի համալսարանը, որ կ'ենթարկուէր Աւինիոնի պապ Կլիմենտ 7-րդին, չէր տրամադրեր շրջանաւարտներ Պֆալցի եկեղեցիներուն, որոնք կը ղեկավարուէին Հռոմի պապի կողմէ։ Այդ պատճառով ալ անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ աստուածաբանական սեփական կրթութեան։ Առաջին պրոֆեսորները Հայտելպըրկ եկած է Փարիզէն եւ Փրակէն: Համալսարանի հիմնադիր համալսարանպետը դարձաւ Մարսիլի Ինկենսկին, որ անուանականուլեան կողմնակից էր։

Հիմնադրման պահուն Հայտելպըրկի համալսարանը չորրորդն էր Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան մէջ Պոլոնիոյ, Փարիզի եւ Վիեննայի համալսարաններէն ետք եւ առաջինը ժամանակակից Գերմանիոյ տարածքին։

Հիմնադրման առաջին վկայագիրները կը թուագրուին 1 Հոկտեմբեր 1386-ին։ Նոյն թուականի 18 Հոկտեմբեր-ին կատարուած է եկեղեցական օծումը, իսկ յաջորդ օրուընէ սկսած են դասերը, որ Հայտելպըրկը Գերմանիոյ ամենահին համալսարան ճանչնալու հիմք հանդիսացած է[3]:

Սկզբնական շրջանին համալսարանը տարածքի խիստ պակասութիւն կը զգար։ Պարապմունքները տեղի կ'ունենային աւգուստինեաններու եւ ֆրանսիսկեաններու վանական համալիրներուն մէջ։ Համալսարանի տարածքային անբաւարարութեան խնդիրները զգալիօրէն կը բարելաւուին, երբ կուրֆյուրստ Ռուպրեխտ 2-րդը, Հայտելպըրկէն վտարելով հրեաները, ազատուած շինութիւնները կը յանձնէ համալսարանին։

Կուրֆյուրստները հոգ կը տանէին համալսարանին, չնայած երբեմն կը խախտէին անոր ինքնավարութիւնը։ Անոնք կը զարգացնէին հոգեւոր նոր ուղղութիւններ, օրինակ` մարդկութիւնը: Այսպէս` Պֆալցի կուրֆյուրստ Ֆրիտրիխ 1-ինը վարեց համալսարանական նոր բարեփոխում. աստուածաբանական բաժանմունքը իրաւագիտութիւն դասաւանդելու թոյլտուութիւն ստացաւ, որ կ'ենթադրէր դասաւանդման որոշակի ազատութիւն։ Միաժամանակ իրաւաբանական բաժանմունքին մէջ կ'ուսումնասիրուէր ոչ միայն եկեղեցական, այլեւ քաղաքացիական իրաւունք։ Ֆրիտրիխ 1-ինի խորհրդական Անդրէաս Գարտմանին առաջին անգամ համալսարանի ողջ պատմութեան ընթացքին երկար ժամանակ եղած է համալսարանի պետը` 1463-1495: 1510 թուականին համալսարանին մէջ սահմանուած է հնագույն կրթաթոշակ, որ գործած է մինչեւ 1949:

Բարեկարգութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չնայած 1518 թուականին Մարթին Լյիւթերի Հայտելպըրկեան բանավէճին` համալսարանը երկար ժամանակ անտարբեր էր բարեկարգութեան նկատմամբ։ Կուրֆալցի կանցլեր Գարտման Գարտմանինի Աւագը` նախկին պետի որդին, կը փորձէր ուղղորդել կուրֆյուրստ Ֆրիտրիխ 2-րդը պետ ընտրելու աւետարանական ուղղութեան ներկայացուցիչին` ի հակադրութիւն հին հաւատքը քարոզող պրոֆեսորներուն։ Բարեկարգութիւնը մուտք գործեց միայն ազատ արուեստներու բաժանմունք։ Միայն կուրֆյուրստ Օտհայնրիխը 1556 թուականին ամբողջ համալսարանը վերափոխեց աւետարանական բարձրագոյն դպրոցի։ Անոր հետ կապուած` նա վարեց շարք մը կարեւոր բարեփոխումներ. ուսանողները արդէն դասերու պէտք է յաճախէին քաղաքացիական հագուստով։ Աստուածաբանական բաժանմունքին մէջ պարտադիր դարձաւ հին յունարէնի եւ հին հրէերէնի ուսուցումը։ Բժշկական բաժանմունքին մէջ մեծ ուշադրութիւն յատկացուեցաւ ուսուցման գործնական կողմին։

Շնորհիւ կուրֆյուրստ Ֆրիտրիխ 3-րդի` 16-րդ դարու երկրորդ կիսուն Հայտելպըրկը դարձաւ եւրոպական մշակոյթի եւ գիտութեան կեդրոն` ձեռք բերելով յատուկ նշանակութիւն որպրս քալուիականութեան բարձրագոյն դպրոց։ Հայտելպըրկը դարձաւ գերմանական «Ժընեւ», այսինքն` քալուինականութեան կեդրոն, որմով դէպի իրեն գրաւեց պրոֆեսորներ եւ ուսանողներ ողջ Եւրոպայէն: Աստուածաբանական բաժանմունքի մասնակցութեամբ 1563 թուականին ծագեցսւ նշանաւոր հայտելպըրկեան կրօնակագիտութիւնը։ Քալուինականութեան զուգընթաց 16-րդ դարու վերջին գոյութիւն ուներ այսպէս կոչուած «ուշ մարդկութիւնը»: Այդ շրջանին այստեղ կ'աշխատէին այնպիսի նշանաւոր անհատականութիւններ, ինչպիսիք են Փաուլ Շետեէ, Եան Գրուտերը, Մարտին Օպիցը, Հուլիոս Վիլհելմ Ցինկգրեֆը եւ Մաթեուս Մերիանը։

Երեսնամեայ Պատերազմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համալսարանի ծաղկման շրջանը ձգուած է մինչեւ 1618 թուականը։ Երեսնամեայ պատերազմը ծանր հետեւանքներ կը ձգէ համալսարանին վրայ. դասերը բազմիցս կ'ընդհատուին։ 1622 թուականին համաշխարհային հռչակ վայելող հայտելպըրկըան գրադարանը կը տեղափոխուի Հռոմ: Պատերազմէն ետք Լիւդովիկոս 16-րդի զօրքերու կողմէ Հայտելպըրկի աւերումը 1639 թուականին կը խոչընդոտէ համալսարանի վերաբացումը։ Համալսարանը այդ ընթացքին կրկին մի քանի տարիով կը փակուի։

18-րդ Դար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

18-րդ դարուն Հայտելպըրկի մէջ կ'իշխէր մտաւորական միջավայրը։ Համալսարանի պրոֆեսորներուն մեծ մասը Յիսուսեան էր, որոնք հաստատուած էին Հայտելպըրկի մէջ կարճ ժամանակով։ Պրոֆեսորական միւս տեղերը կը փոխանցուէին ժառանգաբար, որ չէր համապատասխաներ գիտական մակարդակին։ Ուսուցման աւետարանական բնոյթը կ'ոչնչանայ ուշ հակաբարեկարգութեամբ: Ֆինանսական միջոցներու վատնումը եւ 18-րդ դարավերջի յեղափոխական շարժումները համալսարանին զրկած էին միջոցներէ եւ անկախ եկամուտներէ։

1735 թուականին համալսարանական հրապարակին վրայ (ներկայումս` «Alte Universität») ի յայտ կու գայ համալսարանական գլխաւոր նոր շէնքը։

19-րդ դար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայտելպըրկի` Բադենի իշխանութեան տակ անցնելէ ետք (1802) համալսարանը կը վերստեղծուի։ Համալսարանը կը դառնայ պետութեան կողմէ ֆինանսաւորուող հաստատութիւն։ Համալսարանի հիմնադիրի կողքին կ'աւելնայ մեծ հերցոգ Քառլ Ֆրիտրիխ Բադենսկիի անունը։ Այդ ժամանակներէն ալ համալսարանը կը կոչուի Քառլի եւ Ռուպերտի անուան համալսարան։ Համալսարանին մէջ կը սկսի իշխել նոր մարդկութիւնը, չնայած ուսանողներու եւ պրոֆեսորներու շրջանին մէջ քիչ չէին նաեւ վիպականութեան գաղափարակիրները։ Համալսարանին մէջ երկու տարի կը դասաւանդէ Հեկելը: Ֆրիտրիխ Շլոսսերը այստեղ կը հիմնէ քաղաքական պատմական գիտութիւններու սեփական դպրոց, իսկ բժիշկ Մաքսիմիլիան Եոզեֆ ֆոն Կելիուսը այցելուներ կը գրաւէ ողջ Եւրոպայէն։ Այն ժամանակ, երբ բնական գիտութիւնները իրենց աստեղային ժամը կ'ապրէին ի դէմս Ռոպերթ Պունզենի, Կուստաւ Կիրխհոֆի, Հերման Հելմհոլցի, 19-րդ դարուն Հայտելպըրկը առաւել մեծ հռչակ ձեռք կը բերէ որպէս իրաւաբանական համալսարան։

20-րդ Դար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դարասկզբին համալսարանին մէջ կը դասաւանդէին բադենեան դպրոցի երկու կարկառուն ներկայացուցիչներ` Վիլհելմ Վինտելպանդը եւ Հայնրիխ Ռիքքերտը: Հայտելպըրկը համաշխարհային լիպերալ համալսարան էր։ Ատիկա կ'երեւէր ոչ միայն օտարերկրեայ ուսանողներու մեծ հոսքէն, այլեւ հայտելպըրկեան իւրայատուկ ոգիէն, բանավէճերէն, որ կը կազմակերպէին Մաքս Վեպերը եւ անոր ընկերները։

1886 թուականին համալսարանը նշած է իր հիմնադրութեան 500-ամեակը։

1893 թուականին համալսարանի պատիւին կոչուած է (353) աստերոիդը, որ յայտնաբերած է գերմանացի աստղագէտ Մաքս Վոլֆը Հայտելպըրկի համալսարանի աստղադիտարանին մէջ։

Վայմարեան Հանրապետութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վայմարեան հանրապետութեան տարիներուն Հայտելպըրկը դեմոկրատական ոգիի խորհրդանիշ էր։ Այդ ոգիի քարոզողներն էին պրոֆեսորներ Քառլ Եասպերսը, Կուստաւ Ռատբրուխը, Մարտին Տիբելիուսը, Ալֆրեդ Վեբերը։ Ամերիկեան նուիրատուութիւններով կառուցուած համալսարանական նոր շէնքին յայտնուեցաւ գրութիւն` ի յիշատակ Ֆրիտրիխ Հունտոլֆի. «անմահ հոգիին»: Այստեղ դասախօսութիւններ լսած եւ տոքթորական թեզ պաշտպանած է նացիոնալ-սոցիալիստ Եոզեֆ Կեպելսը: Ուսանողութիւնը դարձած էր աւելի հիմնական, մասնաւորապէս յայտնի է 1930 թուականի ուսանողական ընդվզումը, երբ ուսանող ազգայնամոլները գրաւեցին շէնքը` պահանջելով պրոֆեսոր Էմիլ Հումպելի պաշտօնանկութիւնը։ Կարգ ու կանոն հաստատելու համար հարկ եղաւ դիմելու ոստիկանութեան։

Այստեղ երկար տարիներ աշխատած է նաեւ «արիական բնագիտութեան» գաղափարախօս Ֆիլիփ Լենարդը:

Երրորդ Ռեյխ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայտելպըրկի համալսարանը առաջինն էր նացիստական Գերմանիոյ մէջ, որ ողջունեց նացիոնալ-սոցիալիզմը։ Ատիկա հանգեցուց անոնց, որոնք համալսարանէն վտարուեցան հրէական ծագումով շատ դասախօսներ, հետագային` նաեւ ուսանողներ։ Շատերը ստիպուած կ'արտագաղթէին։ Դասախօսներէն երկուքը դարձան ահաբեկչութեան զօհեր։ Համալսարանական հրապարակին վրայ գիրքերու այրման աշխուժ մասնակցութիւն ունեցած են համալսարանի աշխատակիցները եւ երիտասարդները։ Ժամանակի ընթացքին համալսարանը դարձաւ ֆաշիստական գաղափարներու բացայայտ քարոզողը։ Համալսարանի շէնքին եղած «անմահ հոգիին» մակագրութիւնը փոխարինուեցաւ «գերմանական հոգիին» գրութեամբ, եւ շատերը, ինչպէս` պրոֆեսորներ, կ'առաջնորդուէին այդ նշանաբանով։

Արեւմտեան Գերմանիա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ համալսարանը չի տուժեր, սակայն կարիք ունէր գաղափարական նորացման։ Փիլիսոփայ Քառլ Եասպերսի ղեկավարութեամբ կը մշակուի նոր կարգ, որմով համալսարանը կը պարտաորուէր ծառայել «ճշմարտութեան, արդարութեան, մարդասիրութեան անմահ հոգիին»: Հետպատերազմեան շրջանի առաջին պետ կը նշանակուի բժիշկ Քառլ Հենրի Պաուերը։ Համալսարանը կը բաժնուի նաեւ տարածքային առումով. բնական գիտութիւններու եւ բժշկական բաժանմունքի մէկ մասը կը տեղափոխուի Նոյենհեյմեր Ֆելտի նոր մասնաշէնք, մարդկային գիտութիւններու բաժանմունքը կը մնայ հին շէնքին մէջ։ Կ'ընդարձակուի Բերգհայմի հին դարմանատունը։

Բարեփոխումները կ'ազդեն նաեւ համալսարանի կառուցուածքին վրայ. եթէ իր հիմնադրման օրէն համալսարանը բաղկացած էր չորս բաժանմունքներէ (աստուածաբանութիւն, իրաւաբանութիւն, բժշկութիւն, փիլիսոփայութիւն), որոնց 1890 թուականին միացած էր հինգերորդ` բնական գիտութիւններու բաժանմունքը, ապա 1969 թուականէն սկսեալ` համալսարանը կը բաժնուի 16 բաժանմունքներու։ 1968 թուականին համալսարանին մէջ կը կազմակերպու այցելուներու ընկերային խումբը։ Անընդհատ կը սկսի աճիլ ուսանողներու թիւը։ Հոբելեանական 1986 թուականին Հայտելպըրկի մէջ կար 27.000 ուսանող։ Անոնք ալ կը կազմեն Հայտելպըրկի բնակչութեան ճնշող մասը։ Հետպատերազմեան տարիներէն սկսեալ` կ'աճի նաեւ օտարերկրեայ ուսանողներու աւանդաբար մեծ քանակը։

Ժամանակակից Գերմանիա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերջին տարիներուն, շնորհիւ բազմաթիւ դարմանատուներու եւ գիտահետազօտական տարբեր հիմնարկութիւններու հետ համագործակցութեան, համալսարանը ճանաչում ձեռք բերած է բժշկութեան, նեյրոկենսաբանութեան, բնագիտութեան, թուաբանութեան, ինֆորմատիկայի, իրաւաբանական եւ տնտեսագիտական գիտութիւններու ոլորտին մէջ։ Հայտելպըրկը դարձած է առաջին համալսարանը, որ մասնաճիւղեր հիմնած է արտասահմանին մէջ, օրինակ` Եգիպտոսի, Չիլիի, Մասսաչուսեթսի մէջ (ԱՄՆ2007 թուականի Հոկտեմբերին համալսարանը համալրած է այն համալսարաններու ցանկը, որոնք «Ապագայի տեսլական» ծրագիրի անդամ են։

Համալսարանը համագործակցած է Նոբելյան մրցանակի 56 մրցանակակիրներու հետ[4]:

Հայտելպըրկի համալսարանը, ըլլալով եւրոպական յառաջատար համալսարաններու ցանկին մէջ, կը հանդիսանայ տոքթորներ պատրաստելու կեդրոն. իւրաքանչիւր տարի մօտ 1.000 մարդ յաջողութեամբ կը պաշտպանէ տոքթորական ատենախօսութիւններ[5][6]: Անոնց մէկ երրորդը համալսարան կու գայ արտասահմանէն։ 130 երկիր ներկայացնող արտասահմանեան ուսանողները կը կազմեն ուսանողներու ընդհանուր թիւի 20%-ը[7][8]:

Համալսարանական Տարածքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայիս համալսարանի բաժանմունքները տեղակայուած են հետեւեալ կարգով. բնական, մարզական եւ բժշկական գիտութիւններու բաժանմունքներու մեծ մասը կը գտնուի Նոյենհայմեր Ֆելտի մէջ, իսկ մարդկային եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքները, տնօրէնութիւնը, վարչական կազմը կը գտնուին Հայտելպըրկի հին շէնքերուն մէջ։ Բացի վերոնշեալներէն` համալսարանի քաղաքային մասին եւ անոր շրջակայքին մէջ կան այլ շէնքեր եւս, օրինակ` բնագիտութեան եւ աստղագիտութեան բաժանմունքի տասը մասնաշէնքեր կը գտնուին Ֆիլոսոֆենւեգի մէջ։ Տնօրէնութիւնը եւ համալսարանի թանգարանը կը գործեն Հայտելպըրկի հին համալսարանին մէջ։

Բաժանմունքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Աստուածաբանութեան բաժանմունք
  • Իրաւագիտութեան բաժանմունք
  • Փիլիսոփայութեան բաժամունք
  • Արեւելագիտութեան եւ հնագիտութեան բաժանմունք
  • Նոր բանասիրութեան բաժանմունք
  • Նեյրոկենսաբանութեան բաժանմունք
  • Տնտեսագիտական եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունք
  • Մշակութաբանութեան բաժանմունք
  • Թուաբանութեան եւ ինֆորմատիկայի բաժանմունք
  • Բնագիտութեան եւ աստղագիտութեան բաժանմունք
  • Քիմիագիտութիւն եւ Երկրի մասին գիտութիւններու բաժանմունք
  • Կենսաբանական գիտութիւններու բաժանմունք
  • Հայտելպըրկի բժշկութեան բաժանմունք
  • Մանհայմի բժշկութեան բաժանմունք

Համալսարանի Գիտական Հաստատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Բիոքիմիայի կեդրոն
  • Նեյրոլոգիայի կեդրոն
  • Բնապահպանական բնագիտութեան ինստիտուտ
  • Հարաւային Ասիոյ ինստիտուտ
  • Հայտելպըրկի համալսարանի` մոլեկուլիար կենսաբանութեան կեդրոն
  • Հայտելպըրկի համալսարանի` աստղագիտութեան կեդրոն
  • Ամերիկայի ուսումնասիրութեան հայտելպըրկեան կեդրոն
  • Սոցիալական ներդրումներու կեդրոն
  • Գիտական կենսաբանութեան «Բիոքվանտ» կեդրոն
  • Արուեստից ինֆորմատիկայի կեդրոնական ինստիտուտ
  • «Ասիան եւ Եւրոպան աշխարհային համակարգին մէջ» հետազօտական կեդրոն
  • Հոգեբանական առողջութեան կեդրոնական ինստիտուտ
  • Առողջապահութեան, ընկերային եւ արգելիչ բժշկութեան ինստիտուտ

Այլ Հաստատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գերմանիոյ Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մաքս Պլանկի ընկերութեան աստղագիտական ընկերութիւն
  • Մաքս Պլանկի ընկերութեան միջուկային բնագիտութեան ինստիտուտ
  • Մաքս Պլանկի ընկերութեան բժշկական հետազօտութիւններու ինստիտուտ
  • Մաքս Պլանկի ընկերութեան միջազգային իրաւունքի ինստիտուտ
  • Բախումներու իրավիճակներու միջազգային հետազօտութեան հայտելպըրկեան ինստիտուտ
  • Եւրոպական մոլեկուլիար-կենսաբանական տարրալուծարան
  • Քաղցկեղի ուսումնասիրման գերմանական կեդրոն
  • Հայտելպըրկի գիտութիւններու ակադեմիա

Գերմանիայէն Դուրս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2001 թուականին Հայտելպըրկի համալսարանը հիմնած է Լատինական Ամերիկայի կեդրոնը Սանթիակօի մէջ (Չիլի)։ Կեդրոնի խնդիրն է վարպետութեան դասեր վարել լատինաամերիկեան համալսարաններու համար։ Համալսարանը սերտօրէն կը համագործակցի չիլիական յառաջատար երկու համալսարաններու հետ։ Հայտելպըրկի համալսարանը կը համագործակցի լատինաամերիկեան այլ երկիրներու հետ եւս` Մեքսիքա, Փարակուէյ, Պրազիլի, Քոլոմպիա:

Բացի ատկէ` Հայտելպըրկի համալսարանի` Հարաւային Ասիոյ ինստիտուտը մասնաճիւղեր ունի Նիւ Տելիի մէջ (Նիւ Տելի), Իսլամապատի մէջ (Փաքիստան), Քոլոմպօի մէջ (Սրի Լանքա)[9]:

Հայտելպըրկի Համալսարանի Գրադարան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայտելպըրկի համալսարանական գրադարանը ամենաշատ օգտուողներ ունեցող գրադարանն է Գերմանիոյ մէջ եւ ներկայիս երկրի լաւագոյն գրադարաններու ցանկին առաջինն է[10]:

Համալսարանի գրադարանը հիմնուած է համալսարանի հիմնադրման հետ` 1386 թուականին։

Սկզբնական շրջանին անիկա ընդամէնը պահարան մըն էր` հին ձեռագիրներով, որոնք ձեռք բերած էր համալսարանի առաջին պետ Մարսիլիոս Ինգենսկին։ Այդ պահարանը կը գտնուէր Սուրբ հոգիի եկեղեցւոյ մէջ։ 16-րդ դարուն գիրքերու տարբեր հաւաքածուներ, ինչպէս` Հայտելպըրկի կուրֆյուրստներու գրադարանը կը կցեն զիրար` ձեւաւորելով Պալատինեան գրադարանը, որ կը գտնուէր Սուրբ հոգիի եկեղեցւոյ մէջ եւ բաց էր բոլորին համար։ Յատկապէս արժէքաւոր էր Ֆուգերներու բանկիրական տան գրադարանը, որուն գիրքերուն մեծ մասը 1622 թուականին կը նուիրեն Վատիկանին: Ատոր հետեւանքով սկզբնական շրջանին կը դժուարանայ գիտական հետազօտութիւններու կազմակերպումը։

Սալեմ եւ Պետերսհաուզեն եկեղեցիներու գրադարանները 1804 թուականին կը կազմեն նոր գրադարանի հիմքը։ 1816 թուականին գրադարանին կը վերադարձուին 847 գերմաներէն ձեռագիրեր Պալատինեան գրադարանէն։ 1888 թուականին գրադարանին կը յանձնուի Մանեսի օրէնսգիրքը, որ միջնադարեան կարեւորագոյն ձեռագիրն է։

1901-1905 թուականներուն Եոզեֆ Տուրմի նախագիծով Սուրբ հոգիի եկեղեցւոյ դիմաց կը կառուցուի համալսարանական գրադարանի նոր շէնքը` բազմաթիւ թեւերով։

1978 թուականին գրադարանի մասնաճիւղ կը բացուի Նոյենհայմեր Ֆելտի մէջ` սպասարկելով բնական եւ բժշկական գիտութիւններու բաժանմունքները։

Համալսարանական ժամանակակակից գրադարանի խնդիրն է ուսանողներուն բազմակողմանի գիրքերով ապահովելը։ Բացի մասնագիտական գրականութենէն` գրադարանը ունի նաեւ յատուկ հաւաքածուներ` Կուրպֆալցի եւ Բադենի մասին գրականութիւն, եգիպտագիտութեան յատուկ հաւաքածու, դասական հնագիտութեան, միջնադարեան արուեստի պատմութեան, նորագոյն շրջանի պատմութեան եւ շարք մը այլ յատուկ հաւաքածուներ։

1934 թուականին գրադարանի ֆոնտերը անցած են միլիոն օրինակէն եւ այժմ կը կազմեն շուրջ 3 միլիոն գիրք եւ ամսագիր, 480 հազար այլ նիւթեր` միքրոֆիլմեր, տեսագրութիւններ, ինչպէս նաեւ 6.600 ձեռագիր։ Ոչ կեդրոնացած գրադարաններուն մէջ կայ եւս 3 միլիոն գիրք։ Հայտելպըրկի համալսարանի ընդհանուր ֆոնտը այսպիսով կը կազմէ շուրջ 6 միլիոն գիրք եւ տեղեկատու տարբեր նիւթեր։

Ամէն տարի գրադարանէն կ'օգտուի մօտ 38 հազար աշխուժ այցելու։

Կը գործեն նաեւ ժամանակակից ելեկտրոնային ծառայութիւններ. ընթերցողներու տրամադրութեան տակ է մօտ 44 հազար ելեկտրոնային ամսագիր եւ 1.700 տեղեկատու։

Հայտելպըրկի Համալսարանի Շրջանաւարտներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Prague (1348), Kraków (1364), Vienna (1365), Pécs (1367), Heidelberg (1386), Cologne (1388)
  2. "Language skills required to study at Heidelberg University". Heidelberg University. Retrieved 2012-10-12.
  3. Wolgast 1986, p. 1
  4. "Heidleberg Nobel Laureates"
  5. Its latest overall ranking positions range from 5th to 18th in Europe; the peer review scores, reflecting academic esteem, are usually higher. It was never ranked outside Europe's top 20 by any major university ranking. See rankings
  6. "Graduate Academy of the University of Heidelberg". Heidelberg University Homepage. Archived from the original on 2007-12-15. Retrieved 2008-05-16
  7. "Interview with Rector Bernhard Eitel - Vorstoss in die internationale Dimension". Rhein Neckar Zeitung online. Archived from the original on 2008-04-11. Retrieved 2008-05-16.
  8. "Heidelberg Research Magazine Ruperto Carola 1/2004". Heidelberg University Homepage. Retrieved 2008-05-16.
  9. "Heidelberg South Asia Institute". Heidelberg University website. Retrieved 2012-05-28.
  10. "Library ranking - Heidelberg finishes first". Heidelberg University Homepage. Retrieved 2010-09-16

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]