Կայսր

Կայսր, Լեւոն Շանթի թատերախաղերէն, գրուած՝ 1916 թուականին[1]։

Նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կենդանի տիպարներով, լաւ կառոյց ունեցող թատերգութիւն մըն է «Կայսր»ը, որ կը ներկայացնէ անհանգիստ եւ իշխանատենչ հոգիներու, չյագեցող ախորժակներու պայքարը:

Նիւթը առնուած է Բիւզանդական կայսրութեան տասներորդ դարու դէպքերէն: Թէոֆանօ կայսրուհիի մեղսակցութեամբ զօրավար նիկեֆոր կը սպաննէ նախկին կայսրը եւ ինք գահ կը բարձրանայ, բայց Թէոֆանօ կայսրուհին միշտ ծարաւի կը մնայ նոր փառքի եւ հեղինակութեան: Կրկին դաւադրութիւն տեղի կ'ունենայ եւ այս անգամ գահ կը բարձրանայ հայազգի զօրավար Օհան Գուրգէն (Յովհաննէս Չմշկիկ), որ Թէոֆանօ կայսրուհիին չի վստահիր եւ զայն կղզի մը կ'աքսորէ: Օհան Գուրգէն իր սիրտը կը յանձնէ Հաննա հայ իշխանուհիին, բայց հայ օրիորդը կը մերժէ թագուհի դառնալ, որպէսզի մնայ միշտ ցանկալի:

Երկին Նպատակը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեւոն Շանթ այս տրամայով ո՛չ թէ պատմութիւնը ներկայացնել նպատակադրած է, այլ պատմութեան այժմէացումով հաստատել իր ժամանակաշրջանի յոռետեսութիւնը[2]։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Արդի Հայ Գրականութիւն», գեղապաշտ շրջան (1900-1915), Մուշեղ Իշխան, Պէյրութ 1984:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-13-ին։ արտագրուած է՝ 2019-04-28 
  2. Լեւոն Շանթ, Ընտիր երկեր, Երեւան, 1968, էջ XXII:

Կաղապար:Վիքիքաղվածք