Լետ Զեփլին

Լետ Զեփլին

Լետ Զեփլին- Անգլիական ռոք խումբ, Կազմաւորուած է 1968 թուականի Սեպտեմբերին, Լոնտոնի մէջ։ Ճանչցուած է որպէս ժամանակի լաւագոյն խումբերէն մեկը։ Ստեղծելով սեփական ոճը (որուն համար բնութագրական ծանրեցուած են կիթառային ծաղկումը, ռիթմ-հատուածի խլացնող ձայնը, ընդգծուած վոքալը), Լետ Զեփլինը դարձաւ հարտ ռոքի առաջին խումբերէն մէկը, Հեւի մետալի կազմաւորման հենակէտային խումբերէն[1]։ Անոնք հանգիստ կը մեկնաբանէին ազգա-դասական եւ պլուզ-դասական ոճը հարստացնելով այլ երաժշտական ժանրերու տարրերով։ Նոյնինքն Լետ Զեփլինն է (ըստ Allmusic), որ հրաժարելով սինկլներու թողարկումէն, ստեղծած է «ալպոմային ռոք» հասկացողութիւնը։

Խումբի պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1967 թուականի Յունիս 7 ին՝ Ճեֆֆա Բեկայի երթալէն ութ ամիս յետոյ, հիմնովին խախտուեցաւ Տը Եարտպըրտսը(The Yardbirds)… Ճիմմի Փեյճը, որուն մնացած էր խմբաւորողի անուանումը, ինչպես նաեւ համերգներու պատասխանատուութիւնը, սկսած մենեճր Փիթեր Կրանտը ի աջակցութենէն, մինչ այդ աշխատելով Yardbirds–ին հետ, կը հաւաքէր նոր խումբ մը։ Առաջին հրաւիրուողը Ճոն Փոլ Ճոնսն էր՝ Պաս կիթառիստ, ստեղնաշարային նուագող, գործիքաւորող, ինչպես նաեւ ունէր փորձ շատ յայտնի կատարողներու հետ։ Ան կարդաց յօդուած «Տիսկօ» ամսագրին մէջ եւ կնոջ խորհուրդով զանգահարեց Փեյճին։

Վոքալի առաջին թեկնածուն Թերրի Ռիտն էր, ան խորհուրդ տուաւ Փեյճին ուշադրութիւն դարձնել Ռոպերթ Բլանտին՝ բիրմինգեան վոքալիտին, որ յայտնի էր Band of Joy/ Obs-Tweedle–ին մէջ իր մասնակցութեամբ։ Կրանտը ը եւ Փեյճը ըլլալով Ուոլսենի համերգին, գացին երգիչին մօտ, որպէսզի անոր առաջարկեն միանալ նոր կազմաւորուող խումբին եւ ստանան իր համաձայնութիւնը։ Կիթառիստին յատկապէս շատ զարմացուցած էր «Somebody to Love» երգի կատարումը Ռոպերթ Բլանտի կողմէն։ «Այդ այն ձայնն էր, զոր ես կը փնտռէի։ Ան արդէն քանի մը տարի երգած էր եւ փորձառութեան կողմէ դեռ անյայտ էր։ «Ինչպէս կրնար այդպիսի բան ըլլալլ, մինչեւ հիմա չեմ կրնար հասկնալ»։ Կը յիշէ ան։ Փեյճի եւ Բլանտի հանդիպումը տեղի կ'ունենար Թեմզայի ափին։ Պարզուեցաւ, որ Բլանտը շատ խորապէս գիտէր ամերիկեան պլուզը։ Փեյճին վրայ այդ տպաւորութիւն ձգեց։ Ան կը նուագէր կիթառի վրայ «Babe I’m Gonna Leave You»–ն, եւ պատմեց, որ կը ցանկանար անոր մէջ մտցնել լուսաւոր եւ մութ կողմեր՝ ստեղծելով լիովին նոր բնագիր մը։

Այս ամէնէն յետոյ անոնք արդէն տան մէջ կ'ուսումնասիրէին իրար երաժշտական հակումները՝ լսելով սիրուած ձայնագրութիւններու։ Հարուածային գործիքներու համար թեկնածուներէն էին՝ Քլեմ Քաթթինի(Clem Cattini), Էյնսլի Տոնպար(Aynsley Dunbar), Պի Ճէյ Ուիլսոնը Procol Harum–էն, Ճենիֆեր Պեյքերը C ream–էն, ինչպէս նաեւ Բաուլ Ֆրանսիսը(Paul Francis)։ Ռոպերթ Պլանի խորհուրդով ցուցակին մէջ ընդգրկուեցաւ նաեւ Ռետիչա Ճոն Պոնեմը։ 1968 թուականի Յուլիսին Փեյճը եւ Կրանտը տպաւորուած էին Պոնեմի կատարմամբ՝ Խեմսթոտի մէջ տեղի ունեցած Տիմա Ռոուզի համերգին ժամանակ։ Պոնեմը կը համարէր որ The Yardbirds–ը «անցած ժամանակներու խումբ է, որ չունի ապագայ»։ Ասկէ զատ, ան արդէն ունէր առաջարկ Ճոն Կոկերի եւ Կրիս Ֆարլոյի կողմէն։ Բլանտը ստիպուած եղաւ ութ հեռագիր ուղարկել ուոլսոնեան «Three Men in a Boat» գինետուն, ուր Բոնեմը մշտական յաճախորդ էր։ Քառասուն հեռագիր այնտեղ ուղարկեց նաեւ Կրանտը։ Վերջնական որպէս արդիւնք, Բոնեմը ընդունեց առաջարկը, որոշելով, որ նոր երաժշտութիւն որ աւելի հետաքրքիր կրնայ ըլլալ, քան այն ժամանակուան Կոկերի եւ Ֆարլուի կատարումները։

Անոնց առաջին փորձը եղաւ բնակարանի մը փոքր սենեակի մը մէջ։ Փեյճը առաջարկեց սկիզբի համար նուագել «Train Kept A-Rollin'»–ը՝ Yardbirds–ի Ճոնի Բեորտետայի յայտնի տարբերակէն։ Ճոն Փոլ Ճոնսը կը յիշէ, որ միասին անոնք արագ ժամանակի մը մէջ դարձան մէկ ամբողջութիւն։ Kerrang ամսագիրը անոնց առաջին փորձին մասին այսպէս կը գրէ-

․․․Եւ ահա չորսով կանգնած են երես առ երես։ Օդը լեցուած է նախազգացումով եւ յուզմունքով։ 24-ամեայ կիթառիստ Ճիմմի Փէյճը եւ 22-ամեայ պասս–կիթառիստ Ճոն Պոլ Ջինսը արդէն փորձառու երաժիշտներ են, որոնք առաջին անգամն է որ կը յայտնուին փորձի սենեակի մէջ 19-ամեայ Ռոպերթ Բլանտի եւ Ճոնոմ Պոնեմի հետ։ Սենեակը շատ փոքր է, համապատասխան ճիշդ չորս հոգիի պահանջուած տեղի։


The New Yardbirds[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին փորձէն երեք շաբաթ յետոյ, 1968 թուականի Սեպտեմբերի 7-ին, The New Yardbirds անուամբ տուաւ իր առաջին համերգը Gladsaxe Teen ակումբին մէջ։

Led Zeppelin[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

The Who խումբի հարուածային գործիքներ նուագող Կիտ Մունը կը համարուի խումբի անուան ստեղծման ակամայ հեղինակ, որ «կապար» էր՝ ան հետագային վերանուանուեցաւ Փէյճի կողմէն Led Zeppelin։ Lead բառին «a» տառը ջնջուած է Փիթր Կրանտը ի առաջարկով, որպէսզի «յիմար ամերիկացիները» խումբի անուանումը չկարդան Լիդ Զեփելին։

A colour photograph of Jimmy Page performing on stage with a double-necked guitar
Ջիմի Փելջ, Քալիֆորնիա, 1983.

Համաձայնագիր Atlantic-ի հետ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1968 թուականի Հոկտեմբերի 15 ին կու տայ իր առաջին համերգը Գիլֆորտի Սարյեր կոմսութեան համալսարանին մէջ՝ այս մէկին մէջ ստանալով 150 ֆունտ սթեռլին։ 1968 թուականի Նոյեմբերին Նիւ Եորքի մէջ Փիթեր Կրանտը ը ստացաւ $200,000 աւանդ։ Ճիմի Փէյճը կը յայտնէ, որ Atlantic-ը կը ցանկանար հրապուրել իրենց։ Ան կ'ըսէր, որ Atlantic-ը շատոնց կը հետեւէր իրեն, դեռ Yardbirds-ի ժամանակէն, այդ պատճառով ալ իրենցմով մէկ անգամէն հետաքրքրուեցան։ Սակայն Փէյճը չէր փափաքեր Atlantic-ի առաջարկած խումբերուն միանալ, քանի որ ան կը ձգտէր ստեղծել աւելի դասական գործեր։

Առաջին ամերիկեան շրջագայութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փիթըր Կրանտըը որոշեց, որ խումբը անպայման պետք էր ելոյթ ունենար Ամերիկաի մէջ։ Դեկտեմբերի 23-ին Կոուլը Լոս-Անճելըսի մէջ հանդիպում ունեցաւ խումբի հետ եւ որոշուեցաւ կազմակերպել համերգներ հանրայայտ ակումբներու մէջ։ Դեկտեմբեր 26-ին անոնք օրինական սկիզբ ունեցան ամերիկեան Տենվերէօ հարթակին մէջ՝ Գոլորատոյի մարզին մէջ։

1969-1980[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխատանքները սկզբնական ալպոմներու վրայ սկսան 1968 թուականին Olympic Studios սթուտիային մէջ, երբ խումբը դեռ The New Yardbirds կը կոչուէր։ Բլանտի համար այդ առաջին լուրջ ձայնագրումն էր։ The New Yardbirds-ի ալպոմին մէջ առկայ էին երկու ստեղծագործութիւններ ՝ «Dazed and Confused», «How Many More Times», «Babe I’m Gonna Leave You» առաջարկուած Բլանտի կողմէն։ Ալպոմը, որն ուղղակի կոչուեցաւ Led Zeppelin, լոյս տեսած է 1969 թուականի Յունուարի 17-ին ԱՄՆ-ի մէջ եւ Մարտի 28-ին Միացեալ Թագաւորութիւններուն մէջ։ {{քաղուածք|

Ոչ սկիզբը և ոչ ալ հետագային, ոչ-ոք չէր կրնար համեմատուիլ Ջիմի Փէյճի հետ։ Ատ ան էր, որ ստիպեց Ջոնա Բոնեմին այդպէս հրաբխային նուագել,օգնեց Պլանտի վոկալի,որ կարծես դուրս կու գար Օլիմփիայէն։ Կարևորն այն է,որ Փէյճը վիրտուոզ մանուպուիացիա կ'ընէր կիթառներու հնչողութիւնն այնպէս, որ անոնք կը փոխէին իրենց գոյները քամելիոնի պէս։ — Guitar World, 1993


Խումբի երաժշտական ուղեղը դարձաւ Ճիմի Փէյճը, որ արդէն Yardbirds-ի ժամանակէն ունէր հետաքրքրական միտքեր։ Փէյճը կը յիշէ, որ Yardbirds-ի ժամանակ բեմին վրայ նուագելու շատ միտքեր կ'առաջանային, եւ ինքը անընդհատ կը ստեղծէր նոր միտքերու օրագիր, որոնք հետագային օգտագործուեցան Zeppelin-ի մէջ։ Սակայն հին միտքերուն հետ կ'առաջանային նորերը։ Կը ստեղծուէր երաժշտութիւն, որը կը միաւորուէր բլիւզը, ռոքը, ծանր ռոքը եւ աքուստիկեան երաժշտութիւն, որուն մէջ պիտի ըլլային բազմաթիւ գոյներ։ Փէյճը անընդհատ փորձարկումներ կ'ընէր երաժշտութեան հետ, իրեն դրսեւորելով ինչպէս խումբին արտադրիչը՝ ինքնուրոյն ստեղծելով Led Zeppelin-ի իւրայատուկ հնչողութիւնը, ստեղծելով եւ համալրելով կեանքը նորանոր սթուտիոյի էֆֆէքթներ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Archive copy»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2009-02-21-ին։ արտագրուած է՝ 2009-02-21