Ժան Պիւրիտան

Ժան Պիւրիտան
ֆրանսերէն՝ Jean Buridan
Ծնած է մօտ. 1295, 1300 կամ մօտ. 1297 1911
Ծննդավայր Պէթիւն, Փքարտի
Մահացած է 1358[1][2]
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Կրօնք Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Ազդուած է Ուիլիամ Օքքամ եւ Արիսթոթել
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, աստուածաբան, փրոֆեսոր, տրամաբան, հոգեւորական եւ գրող
Աշխատավայր Փարիզի համալսարան

Ժան Պիւրիտան ֆր.՝ Jean Buridan, լատիներեն՝ Եոհանէս Պուրիտանուս ( ծն.՝ 1292 թ.[3], մահացեր է 1363 թ.[4])[5], ֆրանսացի փիլիսոփայ, ճեմարանական դոկտոր, Եւրոպայի մէջ կրօնական թերահաւատութեան հիմնադիր: Արեւմուտքի մէջ Իմպետուսի տեսութեան վերայայտնագործող եղաւ մօտ 1340 թ.: Անունը առաւելապէս յայտնի է Պիւրիտանի աւանակի յարակարծական (paradoxical) մտածողութեան փորձառութեամբ: Առասպել մը, որ տարածուեր է մինչեւ 21-րդ դարը Ֆրանսուա Վիոնի ժամանակուայ «Կանանց պարերգը», այն սխալ կերպով կը նմանեցնէ Նեսլի աշտարակի գործին հետ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է հաւանաբար Պէթիւնի մէջ: Ուսում ստացած է Փարիզի համալսարանի՝ ճեմարանական փիլիսոփայ Կիյոմ տ'Օքամի ղեկավարութեան ներքոյ եւ դարձեր մոլի nominalist անուանապաշտ:

Փիլիսոփայութիւն դասաւանդեր է Փարիզի մէջ եւ Փարիզի համալսարանի տեսուչ ընտրուեր է երկու անգամ՝ 1328թ. եւ 1340 թ.: Որպէս փիլիսոփայ՝ Պիւրիտան ը դասաւանդեր է արմատական nominalism անուանապաշտութեան եւ մասնագիտացեր փիլիսոփայական գիտութիւններու մէջ:

Ի հակառակ փիլիսոփայության ասպարէզին բնորոշ ուսումնական դասընթացքի՝ ան ընտրեց սորվիլ ազատ արուեստներ` աստուածաբանութեան փոխարէն: Ան իր անկախութիւնը կը պահէ՝ մնալով աշխարհիկ կրօնաւոր՝ հոգեւոր դասին միանալու փոխարէն: Սկսած 1340 թուականէն ան կ'ընդիմանայ իր ուսուցիչ Կիյոմ տ'Օքամն: Այս արարքը մեկնաբանուեցաւ որպէս կրօնական սկեպտիկանութեան կամ անգիտապաշտութեան (թերահաւատութեան եւ կամ կակածանքի) սկիզբ ու գիտական յեղափոխութեան արշալոյս:

ձախէն

Իրապաշտներու կողմէ հալածուելէն յետոյ ան կը մեկնի Գերմանիա, ուր դպրոց կը հիմնէ եւ կը դասաւանդէ Վիեննայի մէջ: Որպէս անուանապաշտ Պիւրիտանը չէր կրնար ընդունիլ մարդկային ազատութեան գոյութիւնը եւ երկար քննարկեր է ազատ իրաւադատելու կամ վճռելու հարցը Արիսթոթելի (ethics) «բարոյագիտութիւն»ը իր մեկնաբանութիւններուն մէջ:

Բազմաթիւ անստոյգ պատմութիւններ անոր սիրային արկածներու մասին կը վկայեն առ այն, որ ան Փարիզի մէջ փայլուն եւ խորհրդաւոր անձնաւորութիւն էր: Ունէր նաեւ անբնական ձիրք կրթութեան համար դրամաշնորհներ ստանալու համար:

Պիւրիտանի աւանակի պարադոքս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պիւրիտանի աւանակն՝ ընտրութեան միջեւ, 1859 թ. նկար

Պիւրիտանի աւանակի յարակարծիքը առասպէլ է այն մասին, որ աւանակ մը կը սատկի քաղցէն ու ծարաւէն, քանի որ վարսակի չափամանի ու ջուրի դոյլի միջեւ չէր կրնար ընտրել, թէ որ մէկէն սկսիլ:

Այս դէպքէն կրնանք պարադոքսային վերլուծութիւն ընել. խօսքը աւելի շուտ անհեթութեան եւ անմտութեան հասնող երկսայրաբանութեան դպրոցի դէպքի մասին է, իսկ այս երկու դրուագները կը բնութագրեն կրկնակի հարկադրման բներեւոյթը:

Պիւրիտանի սահմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պիւրիտանի աւանակի յարակարծիքի մասին չենք հանդիպիր Ժան Պիւրիտանի յայտնի ոչ մէկ ստեղծագործութիւններու մէջ՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ այս կապակցուած է ազատութեան եւ կենդանի իր հայեցակարգին հետ: Իր «Երկնքի մասին համաձայնագիրը» ստեղծագործութեան համար կատարուած գրական մեկնաբանութեան մէջ Պիւրիտանը ներառել է ոչ թէ աւանակ, այլ շուն, որը հանդիպեր է դաժան երկսայրաբանութեան: Պիւրիտանն իրեն բնորոշ կատակով կը յիշատակէ այդ միջոցը, որպէս անխոհեմ այլընտրանքի միջոց:

Արիսթոթելի սահմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խնդիրը առաջ կու գայ Արիսթոթելի «Երկնքի մասին» աշխատութեան մէջ, ուր ան կը հետաքրքրուի, թէ ինչպէս պէտք է մարդ մը ընտրէ երկու սնունդէն մէկը, որոնք երկուքն ալ գրաւիչ են. «Ան, որ վշտացած է քաղցէն ու սովէն եւ մթերքէն ու խմիչքներէն հաւասար հեռաւորութեան վրայ է, անշարժ կը մնայ»:

Սփինոզեան սահմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տեքարթի «Փիլիսոփայութեան սկզբունքները» աշխատութեան մէջ (հրատարակուեր է 1663 թ.), ցուցադրուած են երկրաչափական մեթոտներ: Սփինոզականութիւնը ընդհանրացում կ'ընէ, որը Պիւրիտանը մերժած էր: Ըստ վերջինիս՝ փաստացի աւանակը կը սատկէր քաղցէն կամ ծարաւէն, բայց անոր փոխարէն եթէ մարդ ըլլար, ապա ունակ կ'ըլլար կամայականօրէն ընտրել. այդ անտարբերութեան ազատութիւնն է: Սփինոզականութիւնը, ընդհակառակը, կը համարէ, որ այս պարագային մէջ տարբերութիւն չկայ մարդու եւ կենդանիի միջեւ՝ նոյնիսկ մարդն ալ կը մահանար քաղցէն կամ ծարաւէն:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

M.G. Duplessis, Petite encyclopédie récréative - La fleur des proverbes français (recueillis et annotés par), Paris, Passard, 1851.