Ըմբշամարտ

Ըմբշամարտ, երկու մարզիկներու գօտեմարտի ընդհանուր անուանում, որ կը ներառէ քանի մը մարզաձեւ՝ յունահռոմէական, ազատ ոճի, Ճիւտօ եւ սամբօ, որոնցմէ առաջին երեքը կը ներառուին Ողիմպիական խաղերու ծրագիրին մէջ, ինչպէս նաեւ ազգային ըմբշամարտերը։ Առանջին անգամ պաշտօնապէս կը ներկայացուի իբրեւ եղելութիւն 18-րդ Ողիմպիական Խաղերուն ընթացքին՝ Ք․Ա․ 708-ին։ Ողիմպիական Խաղերու նորագոյն պատմութեան մէջ, ըմբշամարտի յունահռոմէական մարզաձեւը կը ներառնուի Աթէնքի Ողիմպիական Խաղերուն, 1896-ին։

Կանոններու Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըմբշամարտ․ պատկերացուած յունական դրամի մէկ երեսին, Ք․Ա․ 400-300

Ըմբշամարտը որոշակի կանոններ ունեցող մենապայքարային մարզաձեւ մըն է, ուր գօտեմարտողներուն նպատակն է մրցակիցին նկատմամբ առաւելութեան հասնիլ՝ միաւորներ ձեռք բերելով կամ մրցակիցին թիկունքը դպցնելով գետինին: Վաղնջական ժամանակներէն, երբ ըմբիշները կը գօտեմարտէին, մարտերու տեւողութիւնը չէր սահմանափակուած եւ կը շարունակուէր մինչեւ մրցակիցներէն մէկուն յաղթանակը: Ըմբշամարտին մէջ չկային կշիռքի հետ առնչուած օրէնքներ, եւ բոլոր մարզիկները անկախ իրենց կշիռքին զգալի տարբերութենէն պարտաւոր էին մարտնչիլ իրարու դէմ: Բնականաբար, ախոյեան կը հանդիսանար աւելի ծանր կշիռք ունեցող մարզիկը: Ըմբշամարտի նման մրցումները տարածուած էին բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Անոնք կը կազմակերպուէին հին յունական ողիմպիական խաղերուն, հայկական ազգային տօնախմբութիւններուն, այլ երկիրներու ազգային տօներուն եւ յաճախ կ'աւարտէին աւելի թեթեւ կշիռք ունեցող մարզիկներու պարտութեամբ կամ զգալի վնասուածքներով, իսկ երբեմն՝ նոյնիսկ մահուամբ:

1908-ի Ողիմպիական Խաղեր, Լոնտոն․ Ըմբշամարտի մրցաշարքէն պահ մը

Նման հարցերը աստիճանաբար կը սկսին լուծուիլ 1912-էն սկսեալ, երբ կը հիմնադրուի Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը: Ֆետերասիոնը կը սահմանէ կշիռքներու չափանիշներ, որոնք հաւասարութիւն կը ներմուծեն մրցակիցներու միջեւ, վնասը նուազագոյնին հասցնելու համար: Սակայն կշիռքներու հետ կապուած չափանիշները Ժամանակի ընթացքին տարբեր պատճառներով փոփոխութեան ենթարկուած են եւ կը շարունակուին ենթարկուիլ:

Փոխուած են նաեւ գօտեմարտի տեւողութիւնը, մրցամասերու քանակը, մարտերու ընթացքին տրուող ընդմիջումներու քանակն ու տեւողութիւնը եւ այլն: Այսպէս,

  • Մինչեւ 1924 գօտեմարտերը կը շարունակուէին մինչեւ մարզիկներէն մէկուն յաղթանակը: 1924-ին գօտեմարտի տեւողութիւնը կը սահմանուի քառասուն վայրկեան, որ կը բաժնուէր քսան վայրկեաննոց երկու մրցամասի:
  • 1928-ին գօտեմարտի տեւողութիւնը կիսով չափ կը կրճատուի, եւ ըմբիշները մարտը կը վարէին տասը վայրկեան կանգնած դրութեամբ, այնուհետեւ՝ երեքական վայրկեան՝ ծնրադիր վիճակի մէջ եւ վերջին չորս վայրկեանը՝ դարձեալ կանգնած դրութեամբ:
  • 1933-ին գօտեմարտի տեւողութիւնը կը դառնայ տասը վայրկեան, ըստ որուն ըմբիշները կը գօտեմարտէին միայն կանգնած դրութեամբ:
  • 1945-ին ազատ ոճի ըմբիշներու գօտեմարտը կը սահմանուի տասնհինգ վայրկեան՝ առաջին վեց վայրկեանին կանգնած դրութեան մէջ, երեքական վայրկեան՝ ծնկադիր եւ վերջին երեք վայրկեանը՝ կանգնած դրութեան մէջ:
  • 1950-ին այս կարգը կը սահմանուի նաեւ յունահռոմէական ըմբշամարտի համար:
  • 1956-ին գօտեմարտի տեւողութիւնը կը դառնայ տասներկու վայրկեան, որմէ առաջին վեց վայրկեանը՝ կանգնած դրութեան մէջ, երկուքական վայրկեան՝ ծնրադիր, վերջին երկու վայրկեանը՝ կանգնած դրութեան մէջ:
  • 1961-ին գօտեմարտի տեւողութիւնը կը սահմանուի հինգական վայրկեաննոց երկու մրցամասով՝ մէկ վայրկեան ընդմիջումով:
  • 1969-ին գօտեմարտի տեւողութիւնը կը դառնայ ինն վայրկեան՝ երեքական վայրկեաննոց երեք մրցամասերով՝ երկու մէկ վայրկեաննոց ընդմիջումներով:
  • 1980-ին գօտեմարտի տեւողութիւնը կը սահմանուի վեց վայրկեան՝ երկու երեքական վայրկեաննոց մրցամասերով՝ մէկ վայրկեաննոց ընդմիջումով:[1]

Կանանց Ըմբշամարտ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2001-ին Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը որոշում կը կայացնէ ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներ կազմակերպել կանանց համար: Ըստ որուն՝ անոնք միջազգային մրցումներուն, աշխարհի եւ ցամաքամասերու առաջնութիւններուն կը մրցին եօթը, իսկ ողիմպիական խաղերուն՝ չորս կշիռքային կարգերու մէջ:

Ազգային Ըմբշամարտեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[2]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Միքայէլ Իսպիրեան, Վահրամ Առաքելեան, Մարզական հանրագիտարան, Երեւան, 2007, էջ 124-125:
  2. Ըմբշամարտի պատմութիւնը,վերստացած՝1 Յունուար, 2023(անգլերէն)

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]