Երկ


Երկ, գրական գործ։

Երկը կ'ունենայ իր խորագիրը (կամ՝ տիտղոսը). եւ եթէ առանձինը հատոր մը կազմէ, խորագիրին կը յատկացուի սկիզբը անջատ էջ մը՝ տիտղոսաթերթը։

Գրականութիւն են՝ նախ, բուն գրական երկերը՝ բանաստեղծութիւն, թատերգութիւն, վէպ եւ այլն։ Գրականութիւն կրնան նկատուիլ նաեւ գրադատական երկերն ու փորձագրութիւնները։ Այս վերջինները ուսումնասիրութիւններ են՝ մշակութային նիւթով, աւելի կամ նուազ ծաւալով. մաս կը կազմեն չորրորդ սեռի մը՝ գաղափարագրական սեռին։

Գաղափարագրական երկերը կ'ունենան նախաբան (կ'ըսուի նաեւ յառաջաբան)։ Եթէ նախաբանը ուղղակի կը կապուի երկի նիւթին, կը դառնայ ներածութիւն. այս պարագային ան կրնայ ըլլալ աւելի ծաւալուն։ Նշենք, որ այս երկերը կրնան փակուիլ վերջաբանով մը, ինչպէս եւ օգտագործումը դիւրացնող ցուցակներով։

Բուն գրական երկերը եւս կրնան ունենալ նախաբան կամ վերջաբան։ Կրնայ ըլլալ մէկ էջէն աւելի կարճ, կամ տարածուիլ բազմաթիւ էջերու վրայ։ Կրնանք գործ ունենալ նաեւ բանաստեղծութիւններու ժողովածուի մը հետ՝ ամբողջ հատոր մը։ Նոյնն է արձակ երկերու պարագային. պատմուածք մը կրնայ քանի մը էջ գրաւել՝ վէպ մը, թատերակ մը կրնայ ներկայանալ ամբողջական հատորով. վէպը կրնայ նոյնիսկ ըլլալ բազմահատոր։

Փորձ մը կամ ուսումնասիրութիւն մը, զատ նիւթով, կը կոչուի նաեւ մենագրութիւն։ Անիկա կրնայ ունենալ քանի մը էջէն մինչեւ բազմահարիւր էջերու ծաւալ։ Անիկա կրնայ լոյս տեսնել պարբերական մամուլին մէջ, կրնայ նաեւ այլ փորձերու հետ կազմել ժողովածու-հատոր։ Իսկ որոշ փորձեր, ընդակառակը, կը կազմեն առանձին հատոր, միակ նիւթով։

Որեւէ երկի բուն գրութիւնը, անոր ամբողջութիւնը՝ կը կոչուի բնագիր։ Բնագիրը յաճախ կ'ունենայ գլուխներու բաժանում (խորագիրներով, ենթախորագիրներով կամ պարզ թուագրումով)։ Գրադատական կամ փորձագրական գործերը յաճախ կ'ունենան ծանօթագրութիւններ։ Ասոնք կրնան ըլլալ էջատիպ նոթեր, կրնան ըլլալ նաեւ խմբուած գլուխներու, երբեմն եւ հատորի աւարտին։

Գրագէտի մը գործերու ամբողջութիւնը կը բնորոշենք ամբողջական գործեր կամ ամբողջական երկեր արտայայտութեամբ, երբեմն ալ պարզապէս գործ բառի եզակի գործածութեամբ՝ հաւաքական իմաստով։ Այսպէս՝ «Յակոբ Օշականի գործը ծաւալուն է» նախադասութեան մէջ։