Եան Լոյքէն

Եան Լոյքէն
Ծնած է 16 Ապրիլ 1649
Ծննդավայր Ամսթերտամ, Հոլանտա, Հոլանտայի նահանգներու միացեալ հանրապետութիւն[1]
Մահացած է 5 Ապրիլ 1712(1712-04-05)[2][3][4][…] (62 տարեկանին)
Մահուան վայր Ամսթերտամ, Հոլանտա
Քաղաքացիութիւն Նիտերլանտներ
Մայրենի լեզու հոլանդերեն?
Կրօնք Mennonites?[1]
Տեսակ Նկարչութիւն[1] եւ պատմական գեղանկարչութիւն[1]
Մասնագիտութիւն փորագրիչ, բանաստեղծ, գեղանկարիչ, գրագէտ, նկարազարդող, նկարիչ-փորագրող, գծանկարիչ, օֆորտանկարիչ, copper engraver, գծագրիչ
Աշխատավայր փորագրիչ, բանաստեղծ, նկարիչ եւ գրող
Երեխաներ Caspar Luyken

Եան Լոյքէն (հոլ.՝ Jan Luyken, 16 Ապրիլի 1649,[5][6][7]Ամսթերտամ, Հոլանտա, Միացեալ Նահանգներու (The Netherlands consists of 12 provinces) հանրապետութիւն - 5 Ապրիլ 5 1712, Ամսթերտամ Հոլանտա, Միացեալ Նահանգներու հանրապետութիւն, հոլանտացի հանրայայտ նկարիչ, փորագրիչ եւ բանաստեղծ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եան Լոյքէնը փորագրանկարներ ստեղծեր է նաեւ «Նաւաստիի Աստուածաշունչը» անունով յայտնի գիրքին համար:

Յան Լոյքէնը դպրոցի ուսուցիչ Քասփեր Լոյքենի (1606-1668) եւ Եսթեր Քորսի (1610—1667) հինգերորդ զաւակն էր։ Դպրոցը աւարտելէն յետոյ Եանը աշխատանքի դընդունուեր է նկարչական արուեստանոցի մէջ՝ որպէս ենթավարպետ, զուգահեռաբար ընդգրկուելով հակակղերական երիտասարդ բանաստեղծներու միութիւն: 1669 թուականէն ան սկսաւ իւրացնել փորագրութեան արուեստը: Ատկից երկու տարի անց հրապարակուեցաւ անոր բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը՝ «Հոլանտական Լիրա» («De Duytse Lier»): 1672 թուականին Եան Լոյքէնը ամուսնացաւ: Իսկ յաջորդ տարին մկրտուեցաւ մեննոնականներու (բողոքականութեան ճիւղ) եկեղեցւոյ մէջ եւ որոշ ժամանակ յաճախեց անոնց հաւաքներուն՝ Ամսթերտամի մօտ: Սակայն կեանքի 26-րդ տարին Լոյքէնի մօտ տեղի ունեցաւ կրօնական հայեացքներու մեծ շրջադարձ, որմէ յետոյ ան ձգեց մեննոնականներու եկեղեցին եւ յարեցաւ Եաքոպ Պիոմէի հետեւորդներու միաբանութեանը:

Ամուսնութիւնէն տասը տարի անց, երբ անոր ընտանիքին մէջ ծնած էր հինգ երեխայ, որոնցմէ չորսը չապրեցան մինչեւ հասունութեան տարիք, մահացաւ Եան Լոյքէնի կինը: Նկարիչը ծախեց տունը եւ տեղափոխուեցաւ վարձու բնակարան: Միակ ժառանգը՝ աւագ որդի Քասփերը (1672-1708), նոյնպես սորված էր փորագրութեան արուեստը եւ կ'աշխատէր հօր հետ՝ մինչեւ իր վաղաժամ մահը 36 տարեկանին: Քասփերի այրին ու որդին մնացին Եանի խնամքին եւ կ'ապրէին իրեն հետ:

Վերջերը Եան Լոյքէնu անցաւ ճգնակեցութեան: Հեղինակեց (mystical) խորհրդապաշտական ու  (pantheistic) համաստուածական գաղափարներով հանաստեղծութիւններ եւ զբաղուեցաւ քարոզչութեամբ: Ժամանակակիցներու նկարագրութեամբ Լոյքէնը խաղաղասէր ու աստուածավախ մարդ էր, որուն կեանքը չէր հակասէր իր քարոզածին: Յայտնի է, որ իր եկամուտներու մեծ մասը ան կը նուիրաբերէր կարիքաւորներուն:

Մովսէս մարգարէ եւ այրուող մորէնին, 1697 թ.:

Ան աշխատեր է աւելի քան հարիւր հրատարակիչի հետ, բացի ատկից, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ստեղծեր է 3336 փորագրանկար, պատկերազարդեր մօտ 500 գիրք՝ գիտութեան ամենատարբեր բնագաւառներու վերաբերեալ՝ աշխարհագրութիւն, կենսաբանութիւն, բնական գիտութիւններ, քիմիա, նաւաշինութիւն, հնագոյն պատմութիւն եւ Աստուածաշունչ: Բացի ատկից ան պատկերազարդեր է նաեւ իր հեղինակած 12 գիրքերը:

1681 թուականին Լոյքէնը մասնակցեցաւ Եոհաննէս վան Քիոլէնի ընկերութեան հրատարակած հնգհատոր քարտէսագրական ատլասի, իսկ 1685 թուականին՝ «Մարտիրոսներու հայելին» գիրքի երկրորդ վերահրատարակման պատկերազարդումներուն: Այս վերջինին մէջ ընդգրկուած էին Լույկենի փորագրանկարներէն 104-ը: Վերամկրտչականներու (Anabaptist) շրջանին «Մարտիրոսներու հայելին» (կամ «Արիւնոտ թատրոն») գիրքը կը համարուի ամենէն նշանաւոր՝ Աստուածաշունչէն յետոյ: 1694 թուականին հրապարակուեցաւ «Մարդկութեան արհեստներ» («Het Menselyk Bedryf») գիրքը, ուր Լոյքէնը իրատեսօրէն պատկերած էր տարբեր մասնագիտութեամբ մարդկանց՝ շրջապատուած իրենց աշխատանքային գործիքներով՝ աստղագուշակ, բժիշկ, թամբագործ, ապակեգործ, կօշկակար, մսագործ, մանածագործ եւ շատ ուրիշներ:

Եան Լոյքէնը մահացաւ 1712 թուականի Ապրիլի 5-ին՝ գտնուելով հարսի ու թոռան խնամքի ներքոյ: Թաղման ծախսերը հոգաց անոր հրատարակիչներէն մէկը (յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 4-րդ կարգի գերեզմանոցին մէջ, որ ամենէն աժանն էր):

Ճանաչումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղիայ մարգարէին կերակրող ագռաւները, 1697 թ.:

Ամսթերտամի կեդրոնական հատուածին մէջ փողոցները անուանակոչուած են Հոլանտական Ոսկեդարի առաւել յայտնի նկարիչներու անուններով, որոնցմէ մէկն ալ կը կրէ Յան Լոյքէնի անունը: Այդ փողոցի առաջին շէնքը Հոլանտայի Պետական թանգարանն է, որ կը գտնուի Jan Luijkenstraat 1 հասցէին եւ ուր կը պահպանուի փորագրանկարչութեան աշխատանքներու խոշոր հաւաքածոյ: 19-րդ դարու առաջին կէսին անոր կրօնական թեմաներով բանաստեղծութիւնները կը համարուէին ուղղափառախօս (orthodoxal) եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին ջերմեռանդականներու (Pietists) (ջերմեռանդականութեան՝ բողոքականութեան շարժումներէն մէկը) շրջանին: 20-րդ դարասկիզբը լոյս տեսած «բարեկարգութիւններ» (Reformers) գիրքին մէջ ցոյց տրուած էր Լոյքէնի բանաստեղծութիւններու հակակղերական բնոյթը, որը, սակայն, բնաւ չնուազեցուց ատոնց հանդէպ ընթերցողի հետաքրքրութիւնը: Եան Լոյքէնի պատկերազարդած գիրքերը մինչեւ 18-րդ դարը վերահրատարակուեր են 3-7 անգամ: Ատոնցմէ մի քանին հրատարակուեր են նաեւ 20-րդ դարուն: Կրօնական թեմաներով փորագրանկարները վերարտադրուեր են նաեւ 18-րդ դարուն Չինաստանէն Եւրոպա ներկրուած ճենապակիի վրայ։ 19-րդ դարուն Եան Լոյքէնի արուեստը բարձր կը գնահատուէր ֆրանսացի գրող Շարլ Հուիսմանը. իր «Ընդհակառակը» վէպին մէջ ան Լոյքէնին կ'անուանէ հանճար: Լոյքէնի փորագրանկարներու հանդէպ ուշադրութիւնը չի նուազիր նաեւ ժամանակակից ուսումնասիրողներու շրջանին, քանի որ ան հաստատեց հոլանտական հոգեւոր գրականութեան նոր չափանիշներ, որոնց հիմքին ինկած է կերպարուեստի կաթողիկէական ու բողոքական մտածողութիւնների միահիւսումը: 20-րդ դարավերջին Լոյքէնի բազմատիպ գունաւոր տպագրութիւնները (printing offsets) օգտագործուեցան պատկերներու ստացման եղանակներու հետազօտական աշխատանքներու մէջ:

«Հայոց այբուբէնը» փորագրանկարը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եան Լոյքէնի «Հայոց այբուբէնը» փորագրանկարը, 1690 թ.:

Եան Լոյքէնի փորագրանկարներէն պահպանուեր է նաեւ «Հայոց այբուբէնը» (Armenisch Alphabet) աշխատանքը, որը կատարուեր է 1690 թուականին: Այդ թուականին Ամսթերտամի մէջ հրատարակուեր է աշխարհի հնագոյն այբուբէններու մասին պատմող պատմագիտական շարք, որուն համար ալ, ի թիւս այլ ժողովուրդներու այբուբէններու, Լոյքէնը ստեղծեր է նաեւ հայկական այբուբէնի փորագրանկարը: Ուշագրաւ է, որ պատկերին մէջ ներկայացուած են նաեւ հայկական տառերու լատինատառ հնչիւնային տառադարձութիւնները, որպէսզի եւրոպացի ընթերցողները իմանան, թէ տառերէն որը ինչ հնչիւնի կը համապատասխանէ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]