Դադի

Դադի, Խոթայ կամ խութոյ վանք, կը գտնուի Արցախի Խաչեան գաւառի մէջ, Թաթառ գետի ձախակողմը:

Վանքը առաջին անգամ հիմնարկած է, ըստ աւանդութեան, Թադէոս Առաքեալի Դադի անուն աշակերտի անուամբ: Կոչուած նաեւ Խութայ վանք. խութի մը վրայ շինուած ըլլալուն համար: Անյայտ է շինութեան թուականը, վանքը հետզհետէ նորոգուած է, եւ իր մէջ գտնուած բազմաթիւ արձանագրութիւններ, վերջին նորոգութեանց եւ շինութեանց յիշատակարաններ են: Արձանագրութեան մը համեմատ, ՈԼԱ (1182) թուին վանացս վանահայր էր Վախթանկ թագաւորազնի որդի Գրիգոր եպ. առ որ գալով կրօնաւորեցան իր եղբայրն Հասան, եւ եղբօր կինը Մամա թագուհին: Յետոյ ՈԿԳ (1214) թուին թագաւորազն Վախտանկի բարեպաշտ տիկինը Արզու Խաթուն, չորս սիւներու վրայ կառուցանել կու տայ սրբատաշ քարերով վանացս կից հրաշալի եկեղեցի մը, եւ իր յիշատակարանը գրել կու տայ հարաւային որմի վրայ արտաքուստ:

Վանքին եկեղեցի մը, եւ իր յիշատակարանը գրել կու տայ հարաւային որմի վրայ։ Վանքիս նեկեղեցին, ինչպէս ըսինք, եւ գաւիթը Արզու Խաթունը շինել տուած է այն նպատակաւ, որ ծառայէ իբրեւ հանգրուան Վախտանկեան տոհմին: Գաւթի մէջ ամփոփուած են Վախտանկ թագաւորազնի, Արզու Խաթունի, Հասանայ, Գրիգորի, Մամքանայ, եւ Զաքարիա, Աթանաս, Յովհաննէս, Գրիգոր կաթողիկոսներու եւ Սարգիս եպիսկոպոսի մարմիննարը. ասոնց տապանաքարերը ունին արձանագրութիւններ: Վանքը յաջողաբար Վախտանկեան տոհմէն վերջ, Դոփեանց տոհմի պայազատներէն շէն մնացեր է: Այս տոհմէն Վահրամ իշխանի որդի Սարգիս եպիսկոպոսի ձեռքով շինուած է վանացս գեղեցիկ զանգակատունը: Զանգակատան մօտ, արեւելեան կողմէ կան երկու հիանալի ճարտարաքանդակ խաչեր՝ հանդերձ արձանագրութիւններով:

Վասակ նահատակի որդին Գրիգոր եպիսկոպոս, շինած է վանքիս մէջ ուրիշ գաւիթ մը անտաշ քարերով: Հասանի որդին Գրիգոր եպիսկոպոսն ալ շինած է ուրիշ եկեղեցի մը չորս սիւներու վրայ, որ վանքէս քիչ հեռու է եւ կը գտնուի խղճալի եւ անմաքուր դրութեան մէջ: Վանքս ներկայիս միաբան չունի:


Այլեւայլ ժամանակներու մէջ, ինչպէս արձանագրութիւնք կը յայտնեն, զանազան իշխաններէ վանացս նուիրուած ահագին կալուածներն, անտառներեն եւ հողերը յափշտակուած են, եւ վանքս օրաւուր քայքայման եւ աւերման ենթակայ է: Վանացս մօտ ժամանակաւ կար Խոթ անուամբ գիւղ մը, որ ունէր մօտ 300 տուն բնակիչ, որոնք գաղթեր են Երեւանի կողմերը եւ հոն հիմներ Ենիջա գիւղը եւ յետոյ տեղափոխուեր են Շուլավերի կողմերը:

Դադի վանքին վար Թարթառի ձախակողմը կայ քարայր մը, որուն մուտքը գետնի երեսէն է: Լուսահոգի Բաղտասար մետրապոլտի կենդանութեան օրով Քէօլանի մահմետական որսորդ մը քօշ մը կը զարնէ որ թաւալագլոր կ’անյայտանայ: Ետեւէն կը հասնի որսորդը եւ կը տեսնէ որ քօշը ընկած միջոց՝ ջարդուեր են այրի բերանի փտած փայտերն, այրի մէջ ընկած է որսը, ուր եւ շարուած կան շատ գրքեր: Որսորդը առնելով գրքերէն մին կ’աճապարէ Շուշի, կը յայտնէ Պաղտասար մետրապոլտին, որ պարգեւ կու տայ որսորդին եւ ձեռագրերը Շուշի փոխադրել կու տայ: Այս գրչագրերու մէջ կայ եղեր ընտիր Մաշտոց մը՝ գրուած Ս. Մեսրոպի աշկերտ Ստեփանոսի ձեռքով որ այժմ կը պահուի Ս. Էջմիածնի մէջ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 575: