Գուգարք

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Մեծ Հայքի աշխարհ Գուգարք, Մեծ Հայքի տասներրորդ նահանգը։

Վարչական բաժանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գուգարքը կազմուած էր հետեւեալ 13 գաւառներէն.

Պատմական ակնարկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յոյն պատմիչները կը յիշատակեն Գոգարեն՝ անուանաձեւով։ Ունի հեթանոսական ծագում։ Արեւելքէն սահմանակից եղած է Ուտիքին, հարաւէն՝ Այրարատին, արեւմուտքէն՝ Տայք նահանգներուն, հիւսիսէն՝ Վիրքին։ Գուգարքը Ք․Ա․ VIII դ․ մտած է Ուրարտական, Ք․Ա․ IV-II դդ․՝ Երուանդունիներու հայկական պետութեան կազմին մէջ։ Արտաշեսեան եւ Արշակունի թագաւորներու ժամանակ Գուգարքը Մեծ Հայքի չորս սահմանապահ բդեշխութիւններէն մէկն էր։ 387–ին, Բիւզանդիոյ եւ Իրանի միջեւ Մեծ Հայքի բաժանմամբ՝ Գուգարքը, բացառութեամբ Տաշիր գաւառի, միացուեցաւ Վիրքին։

652–ի հայ–արաբական համաձայնագրով [[Թէոդորոս Ռշտունի]]ն վերամիաւորած է նաեւ Գուգարքը։ VIII դ․ Գուգարքի արեւմտեան գաւառները մտած են Տփղիսի (Թիֆլիս) արաբական ամիրայութեան, IX դ․ կէսէն՝ վրաց Բագրատունիների տիրույթների մեջ, իսկ արեւելյան գավառները՝ հայ Բագրատունիների։ 969-970–ին արեւելեան Գուգարքի՝ Հայոց թագաւոր Աշոտ Գ․ Ողորմածի որդի Գուրգէնը, հիմնած է թագաւորութիւն՝ Շամշուլտէ կեդրոնով։ 1065–ին այս թագաւորութեան կեդրոնը տեղափոխուած է Լոռի բերդաքաղաքը, որուն հետեւանքով այն կոչուած է նաեւ Լոռիի թագաւորութիււն։ XI դ․ վերջին եւ XII դ․ սկզբին, Լոռիի թագաւորութեան տիրած են սելճուք նուաճողները։ Իսկ 1118 - 1123–ին այն սելճուքներէն գրաւած է՝ Դաւիթ Շինարար թագաւորը եւ տուած վրաց Օրբելիներուն։ Ճնշելով Օրբելիներու խռովութիւնը 1177–ին՝ վրաց Գէորգի III թագաւորը Լոռի բերդաքաղաքը յանձնած է ղփչաղներուն, իսկ 1185–էն՝ Զաքարեաններուն։ XII-XIII դդ․ Գուգարքի մէջ կալուածներ ունեցած են նաեւ Մամիկոնեանները եւ Արծրունիները։ Կիւրիկեաններու եւ Զաքարեաններու օրոք, արեւելեան Գուգարքը եղած է հայ մշակոյթի ու գիտութեան կեդրոն։ Զարգացած էր գորգագործութիւնը, փայտամշակութիւնը, մետաղագործութիւնը։ Արեւելեան Գուգարքի մէջ ապրած եւ ստեղծագործած են միջնադարեան ականաւոր գիտնականներ՝ Յովհաննէս Սարկաւագը, Գրիգոր Տուտեորդին եւ Մխիթար Գոշը։

Մոնղոլներու նուաճումներէն յետոյ, Զաքարեաններու տիրոյթ արեւելեան Գուգարքը, մտած է Կիւրճիստանի վիլայէթի մէջ։

Կաղապար:Մեծ Հայքի վարչական բաժանում