Գողթն

Գողթն, Գաղթական, Գաղթան, Գոլթանց գաւառ, Գողթնաստան, Գողթնաց գաւառ, Կոլթենէ, գաւառ կը գտնուի Մեծ Հայքի Վասպուրական աշխարհի հիւսիս-արեւելեան կողմը, Արաքս գետին ձախ կողմը[1]։

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գողթնը հին ու միջին դարերուն կը կազմէր առանձին նախարարութիւն, որ երբեմն կը մտնէր Սիւնիք աշխարհի կազմին մէջ։ Տարածքով կը համապատասխանէ այժմեան Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան Օրդուբադի, մասամբ նաեւ Գանձակի շրջաններուն։ Հարաւէն կը սահմանէր Արաքս գետը, արեւելքէն՝ Արեւիք եւ Ձորք, հիւսիսէն՝ Ծղուկք գաւառներուն։ Ունէր լեռնային ռէլիէֆ։

Սիւնեաց լեռնաշղթայէն եկող լեռնային գիւղերը գաւառը կը բաժնէին 10 առանձին ձորահովիտներու։ Գաւառի մէկ մասը՝ Բստաձորի մէկ հատուածը, անտառապատ էր, հարաւը՝ չոր ու տափաստանային։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գաւառը կը յիշատակուի Պտղոմէոսի «Աշխարհագրութեան» մէջ։ Գողթնի բնիկ տէրերը Հայկ նահապետի կազմած Ողթնեցի իշխանական տոհմն էր, որ կազմած էր առանձին նախարարութիւն. Հայոց արքունիքի մէջ գրաւած է 16-րդ գահը, եւ ըստ Զօրանամակի տուած է 500 հեծեալ։ Դ. դարուն Մեսրոպ Մաշտոց ծաւալած է Գողթնի քարոզչական գործունէութիւնը, որ ըստ աւանդութեան հաստատուած է Մրսվանիս գիւղին մէջ։ Գողթնի բնակչութիւնը զբաղած է այգեգործութեամբ, գինեգործութեամբ եւ շերամապահութեամբ։

Հինէն ի վեր Գողթն գաւառը հռչակուած է իր ժողովրդական երգիչներով՝ գուսաններով։ 641-ին արաբները գրաւած են Գողթնը։ Զ․ դարուն Գողթնի մէջ ստեղուած է եկեղեցական առանձին թեմ։

Թ․ դարուն Գողթնը կը մտնէ Սիւնիքի կազմին մէջ։ Ժ․ դարուն արաբ ամիրան բռնի ուժով տիրացած է Գողթնը, որուն հովանաւորած էին Ատրպատականի Սաջեան ամիրաները։ 913-ին Եուսուֆ Սաջեանը Սիւնիքի տէրերուն խլած է Երնջակ գաւառը եւ դրած է Գողթնի ամիրայի իրաւասութեան տակ։ 990-ական թուականներուն հայոց թագաւոր՝ Գագիկ Ա. գրաւած է Գողթն գաւառը։

ԺԱ. դարու կէսին Գողթնը կ'իյնայ սելճուկներու, ապա մոնղոլներու գերիշխանութեան տակ։ԺԶ. դարու սկիզբին Գողթնը անցած է Սեֆեան Պարսկաստանի կազմին մէջ։ Որպէս առանձին միաւոր, «Ազատ Չիրան» անունով մտած էր Նախիջեւանի խանութեան մէջ եւ բաժնուած էր 5 մահալի՝ Օրդուբադ, Ագուլիս, Դաշտ, Բելեւ, Չանանաբ։ Հայկական գիւղերը կը կառավարէին մելիքները։ 1604-ին Գողթնի բնակչութիւնը բռնի գաղթըցուած են դէպի Պարսկաստան։

1752-ին Գողթնը ենթարկուած է Գողթնը ենթարկուած է Ատրպատականի Ազատ խանի հերոսախումբի շահատակութեան։ ԺԹ․ դարուն մէկ քառորդին Գողթն գաւառը կ'ընդգրկէ հայ ազատագրական շարժում. Գողթնի մելիքները կը գործակցին Դաւիթ Բէկին:

Գողթնի եկեղեցիներէն նշանաւոր էին Շոռոթի Սուրբ Յակոբ գմբէթավոր բազիլիկը, Վերին Ագուլիսի Սուրբ Թովմա Առաքեալի վանքը, Ցղնայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ նաեւ Մսրվանիս գիւղի Ս. Մեսրոպ Վանքը։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Մեծ Հայքի վարչական բաժանումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-12-27-ին։ արտագրուած է՝ 2015-12-21