Արագածոտն

Արագածոտն, գաւառ Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի մէջ։ Կոչուած է նաեւ Ոտն Արագածոյ։ Այստեղ կը գտնուէին Հայաստանի մայրաքաղաքներ Արմաւիրն ու Վաղարշապատը։ Արագածոտնի մէջ է Վարդագէսաւան բնակավայրը, որ Վաղարշակ Ա. թագաւորի օրով (117-140 թթ.) վերանուանուած է Վաղարշապատ՝ դառնալով Մեծ Հայքի մայրաքաղաքը։

Միջին դարերուն Արագածոտնի հիւսիսոյին մասը կոչուած է Ամբերդ գաւառ՝ համանուն ամրոցի անունով։ IX-XIդդ Պահլաւունիներու կալուածն էր։ 1386-ին Արագածոտնը ասպատակեցին Լենկթեմուրի զօրքերը։ XVդ գաւառն ինկած է Քարա-Քոյունլուներու, ապա Աղ-Քոյունլուներու տիրապետութեան տակ, իսկ 1502-էն մտած է Սեֆեւեան Իրանի կազմին մէջ։ 1639-էն Արագածոտնը Երեւանի խանութեան մասերէն էր, իսկ 1828-ին Արեւելեան Հայաստանի միւս շրջաններու հետ միացուեցաւ Ռուսաստանին։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, Երեւան։