Ահարոն Տատուրեան

Ահարոն Տատուրեան
Ծննդեան անուն Ահարոն Ստեփանի Տատուրեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Ահարոն
Ծնած է 19 Սեպտեմբեր 1887(1887-09-19)
Ծննդավայր Քոճաէլի, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 31 Յունուար 1965(1965-01-31) (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Մոնմորանսի, Վալ տ՛Ուազ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան
Շարլզ Համալսարան, Փրակի մէջ
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, ուսուցիչ, գրագէտ
Աշխատավայր Դպրոցասէր Տիկնանց Վարժարան
Անդաստան
Արեւմուտք

Ահարոն Տատուրեան (19 Սեպտեմբեր 1887(1887-09-19), Քոճաէլի, Օսմանեան Կայսրութիւն - 31 Յունուար 1965(1965-01-31), Մոնմորանսի, Վալ տ՛Ուազ), արեւմտահայ բանաստեղծ։

Ծնած է Պոլիս։ Ուսումը ստացած է Պոլսոյ, ապա Վենետիկի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ։ 1908-ին դառնալով Պոլիս՝ մասնակցած է գրական շարժումին ու բանաստեղծութիւններով աշխատակցած «Ազդակ» եւ «Ազատամարտ» թերթերուն, ապա գործակցած է Զարեան-Օշական-Վարուժան խմբակին կողմէ նախաձեռնուած «Մեհեան» թերթին։ 1915-ին աքսորուած է։ 1919-ին վերադարձած է Պոլիս եւ քանի մը տարի կրկին հոն ապրելով՝ դարձեալ զբաղած է ուսուցչութեամբ։

1922-ին վերջնականապէս մեկնած է Պոլիսէն եւ Փրակայի համալսարանին մէջ հետեւած՝ գրականութեան։ Ապա անցած է Փարիզ, ուր շարունակած է ուսուցչական գործով զբաղիլ։ 1938-ին սկսած է հրատարակել իր բանաստեղծութիւնները առանձին հատորներով։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 235:
  1. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 142–143. — ISBN 978-2-905686-93-0