Ակնաբերդ

Գիւղական համայնք
Ակնաբերդ
ազրպ.՝ Umudlu
Երկիր Արցախ
Շրջան Շահումեանի շրջան (Արցախ)
Տարածութիւն 668,0 քմ²
Բնակչութիւն 586 մարդ (2015)
Կրօնական կազմ Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ժամային գօտի UTC+4։00

Ակնաբերդ[1], գիւղական համայնք Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանին մէջ: Կը գտնուի հանրապետութեան հիւսիս արեւելեան հատուածին մէջ։ Քարվաճառ կեդրոնէն 67 Քմ հեռաւորութեան վրայ, իսկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն՝ 70 Քմ հեռաւորութեան վրայ։ Համայնքին մէջ կը գործեն գիւղապետարան, մշակոյթի տուն, բուժաշխատող մը, կը գործէ միջնակարգ դպրոց մը՝ 111 աշակերտներով, ունի 1 մանկապարտէզ՝ «Սօսէ» (ՀՕՄ) Հայ օգնութեան միութիւն, ուր կը յաճախեն 28 երեխաներ։ Համայնքը լեռնային է, ունի 668,0 հա տարածք։ Ակնաբերդ համայնքին սահմանային գօտիով կը հոսի Տրտու գետին վտակը դէպի Սարսանգի ջրամբար[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]