Ալքիմիկոսը

Ալքիմիկոսը
Պատկեր:Ալքիմիկոսը.jpg
Անտալուսիա
Հեղինակ Փաուլօ Քոելօ
Թարգմանիչ Հայերէն Արտակ Վարդազարեան
Երկիր Flag of Brazil (1968–1992).svg Բրազիլիա
Լեզու Փորթուկալերէն
Հրատարակող Editorial Planeta
Հրատարակչական թուական
1988
Գիրքի տեսակ արկածային գրականութիւն, գաղտնի վարդապետութիւն (Նորաավէպ)
ISBN 0-06-250217-4 և 85-7665-185-8
OCLC 26857452 եւ 132692366
Նախորդ գիրք Ուխտագնացութիւն
Յաջորդ գիրք Պրիտա


Ալքիմիկոսը կամ Ալքէմիսթը (Ալքէմիսթ բառացիօրէն կը նշանակէ տարրախոյս կամ ոսկեխոյզ)(փորթ.՝ O Alquimista), պրազիլացի գրող եւ բանաստեղծ Փաուլօ Քոելոյի նորավէպն է։ Առաջին անգամ տպագրուեր է 1988 թուականին։ Բնագիրը գրուած է փորթուկալերէն եւ թարգմանուած է մօտաւորապէս 67 լեզուներով։ Նորավէպի մէջ Ալքիմիկոսը կը հետեւի երիտասարդ հովիւ Սանթիակոյին, որ կը ճամբորդէ դէպի Եգիպտոս՝ գտնելու իր երազանքներու գանձը։

Գիրքը ամենաշատ վաճառուող գիրքերէն է ամբողջ աշխարհի մէջ։ Աւելի քան 65 միլիոն օրինակ վաճառուած է աշխարհի 56 լեզուներով։ Գրանցուած է Կինեսի արձանագրութիւններու գիրքին մէջ՝ որպէս հեղինակի կենդանութեան օրոք ամենաշատ թարգմանուած գիրք։ Հայերէն առաջին թարգմանութիւնը 2002 թուականին, կատարած է գրող, հրապարակագիր, թարգմանիչ Արտակ Վարդանեանը (Գրական թերթ, 1 Նոյեմբեր 2002)

Նիւթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այն եգիպտական բուրգերը, որոնց մասին կը պատմուի նորավէպի մէջ
  • Գրքի գլխաւոր հերոսը հովիւ Սանթիակոն է, որ կ՛ապրի Անտալուսիա: Օր մը Սանթիակոն երազ կը տեսնէ, որը կը դրդէ զինք հասնիլ եգիպտական բուրգերուն, որպէսզի գանձ գտնէ։
  • Ծեր գնչուհին գանձի 10 տոկոսի դիմաց կը մեկնաբանէ երազը։ Յետոյ երիտասարդ ճամբորդը կը հանդիպի Սալիմի արքայ Մելքիսէտտէքին, որ իրեն կը համոզէ Եգիպտոս ուղեւորուիլ, եւ կու տայ երկու քար՝ Ուրիմ եւ Թումիմ, որոնք դժուար որոշում ընդունելու ժամանակ կ՛օգնեն գտնել ճիշտ պատասխանը։
  • Այսպէս Սանթիակոն կը ծախէ իր ոչխարները եւ կ՛ուղեւորուի դէպի Ափրիկէ։ Ան կը կորսնցնէ իր ամբողջ կարողութիւնը եւ ստիպուած կ՛ըլլայ աշխատիլ վաճառականի մը  մօտ։ Աշխատած գումարով կ՛ուղեւորուի դէպի եգիպտական բուրգեր։ «Էլ Ֆայում»  անապատի ովասիսի մէջ կը գտնէ Ալքիմիկոսին։
  • Ալքէմիսթը կը սորվեցնէ Սանթիակոյին ճանչնալ «աշխարհի ոգին», կը պատմէ ալքիմիայի մասին եւ կ՛օգնէ առաջ երթալ իր ճակատագրի ճանապարհով։ Ան կը սիրահարուի Ֆաթումային։ Սանթիակոն գանձը կը գտնէ ոչ թէ Եգիպտոսի մէջ, այլ իր հայրենիք Սպանիոյ մէջ:

Կերպարներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Սանթիակօ - Գլխաւոր հերոս։ Ծնած էր փոքրիկ Անտալուսիա քաղաքի մէջ ու կ՛երազէր ճանապարհորդութեան մասին։ Օր մը ան իր ցանկութիւնը կը յայտնէ հօրը եւ արտօնութիւն կը ստանայ հովիւ դառնալ՝ յոյս ունենալով այդպէս ճանապարհորդել։ Գիշեր մը աւերուած եկեղեցւոյ մէջ երազ կը տեսնէ, որուն մէջ փոքրիկ տղայ հերոսին ցոյց կու տան եգիպտական բուրգերու մօտ թաղուած գանձի վայրը։ Օրեր անց Թարիֆի մէջ խորհրդաւոր մարդ մը Սանթիակոյին կ՛ուղարկէ Եգիպտոս իր գանձի ետեւէն։ Սանթիակոն այն մէկն է, որ նպատակ ունի կերտելու Սեփական Առասպելը։ Իր անձի ազատութիւնը շատ կարեւոր կը համարէ. ահա ինչու  հովիւ դարձեր էր։ Վերջը ան կը հասկնայ, որ ապահով խաղալը աւելի վտանգաւոր է իր ազատութեան համար, քան վտանգի դիմելը։
  • Մելքիսէտտէք - Սալիմի արքայ, խորհրդաւոր ճանապարհորդ։ Նոյն Մելքիսէտտէքն է, որ Թարիֆի մէջ Սանթիակոյին խորհուրդ կու տայ ուղեւորուիլ Եգիպտոս։ Կը պատմէ երիտասարդ ճանապարհորդին Աշխարհի Հոգիի եւ Սեփական Առասպելի մասին։ Մելքիսէտտէք հանդիպած էր նոյն այն մարդկանց, որոնք կը փորձէին ապրիլ Սեփական Առասպելով, նոյնիսկ եթէ անոնք չէին գիտեր այդ: Իր եւ Սանթիակոյի հանդիպման ժամանակ հերոսին կու տայ կախարդական քարեր՝ Ուրիմն ու Թումիմը։
  • Խանութպան - Վաճառական Թանժիէրի մէջ։ Ճանապարհորդութեան ընթացքին Սանթիակոյին կը կողոպտեն, եւ ան ստիպուած կ՛ըլլայ որոշ ժամանակ աշխատիլ ապակեղէնի խանութի մէջ։ Խանութի տէրն իր անձնական կարծիքն ունի կեանքի եւ երազանքներու մասին, բայց խորհուրդ կու տայ Սանթիակոյին չյանձնուիլ եւ չվերադառնալ հայրենիք։
  • Անգլիացի - Սանթիակոն կը միանայ կարաւանի մը, որ կ՛ուղեւորուէր դէպի «Էլ Ֆայում» ովասիս: Կարաւանի հետ «Էլ Ֆայում»  կը մեկնէր անգլիացի մի, որ մեծ ցանկութիւն ունէր յայտնի Ալքիմիկոսի աշակերտը դառնալու։ Անգլիացին լսած էր «Էլ Ֆայում» ապրող 200 տարեկան Ալքիմիկոսի մասին, որ ունակ էր ոեւէ մետաղը ոսկի դարձնել։ «Սահարա»ն կտրելու ընթացքին Սանթիակոն աւելի խոր կ՛ուսումնասիրէ ալքիմիան, շնորհիւ անգլիացիի ունեցած գրքին:
  • Ֆաթիմա - «Էլ ֆայում» ովասիս ապրող գեղեցիկ աղջնակ։ Սանթիակոն կը սիրահարուի անոր, եւ անոնք շաբաթներ շարունակ ամէն օր կը զրուցեն։ Սանթիակոն Ֆաթիմային ամուսնութեան առաջարկութիւն կ՛ընէ, բայց աղջիկը կը մերժէ ցանկալով, որ տղան սկիզբը ստեղծէ իր Սեփական Առասպելը եւ յետոյ նոր միանայ իր հետ։
  • Ալքիմիկոսը - «Էլ Ֆայում» ովասիսի բնակիչ, շատ զօրեղ ալքիմիկոս։ Սանթիակոն ծանօթացած է անոր շնորհիւ անգլիացիին։ Ալքիմիկոսը կը տիրապետէ երկարատեւ կեանքի դեղին եւ փիլիսոփայական քարին։

Մեջբերումներ նորավէպէն[1][Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տիեզերքի ոգին կը սնուի մարդկային երջանկութեամբ: Երջանկութեամբ, բայց նաեւ՝ վիշտով, նախանձով: Մարդը մեն մինակ պարտականութիւն ունի՝ հետեւիլ Սեփական Առասպելին մինչեւ վերջ:
Եթէ դուն ինչ-որ բան կը ցանկաս, ապա ամբողջ տիեզերքը կը նպաստէ քու ցանկութեան իրականացմանը:
Կեանքն ալ այն բանով է հետաքրքիր, որ երազները կարող են իրականութիւն դառնալ:
Երազներն այն լեզուն են, որմով մեզի հետ կը խօսի Տէրը: Այն աշխարհի լեզուներէն մէկն է: Եւ եթէ Տէրը մեզի կը դիմէ մեր հոգիի լեզուով, միայն մեզի հասկնալի կ՛ըլլայ իր ըսածը:
Մարդիկ, ինչպէս իրենց կը թուի, շատ շուտ կը գիտակցին իրենց կեանքի իմաստը: Գուցէ նոյն այդ պատճառով այդքան շուտ ալ կը հրաժարին անորմէ: Այդպէս ստեղծուած է աշխարհը:
Եթէ ինչ-որ բան կ՛ու զես ամբողջ սրտով, ապա դուն կ՛առնչուիս Աշխարհի հոգիի հետ: Իսկ անոր մէջ կուտակուած ուժը միշտ դրական է: Եւ ան աւելցուց, որ աշխարհի մէջ ամէն ինչ ոգի ունի՝ ըլլայ քար, թուփ, կենդանի, թէ նոյնիսկ պարզ միտք մը:
Սէրը կը պահանջէ ըլլալ անոր կողքին, որուն կը սիրես:
Ես կը սիրեմ քեզի, քանզի ամբողջ տիեզերքը նպաստեր է մեր հանդիպմանը:
Իմաստունները վաղուց հասկցած են, որ մեր այս բնական աշխարհը լոկ Դրախտի մէկ պատկերն է, անոր մէկ պատճէնը: Այս աշխարհի գոյութեան փաստը երաշխիք է, որ կայ մէկ ուրիշ, աւելի կատարեալ աշխարհ:
Երբ կը սիրես, կարելի չէ կանգնիլ տեղը` ինչպէս անապատը, սլանալ աշխարհով մէկ` ինչպէս քամին, նայիլ ամէն ինչին հեռուէն` ինչպէս դուն: Սէրը այն ուժն է, որ կը փոխէ Աշխարհի հոգին:


Հեղինակի մասին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

նորավէպի հեղինակ Փաուլօ Քոելօ

Փաուլօ Քոելօ (փորթ.՝ Paulo Coelho, ծն. 24 Օգոստոս, 1947, Ռիո տե Ժաներօ), պրազիլացի գրող եւ բանաստեղծ։ Դեռ վաղ տարիքէն ան մեծ սէր տածեր է գրականութեան եւ լրագրութեան հանդէպ։ Կիսատ թողած է համալսարանական կրթութիւնը, որ զբաղուի սիրելի գործով։ Շարք մը յայտնի վէպերու հեղինակ է, ինչպէս՝ «Հրաշագործի օրագիրը», «Ալքիմիկոսը», «Վալկիրիան», «Մաքթուպը», «5-րդ սարը», «Վերոնիկան որոշում է մահանալ», «Տասնմէկ րոպէ» եւ այլն։

Տե՛ս նաեւ Փաուլօ Քոելոյի այլ վէպեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]