Wattpad

Wattpad, օնլայն համայնք գրողներու եւ ընթերցողներու համար, որուն մէջ օգտատէրերը կրնան տեղադրել յօդուածներ, պատմութիւններ, Fanfiction-ներ, բանաստեղծութիւններ եւ վէպեր online ձեւով կամ Wattpad-ի application-ին միջոցով: Արձանագրուած օգտատէրերը ունին աւելի քան 10 միլիոն գիրքերու, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւնը ունին հրատարակելու իրենց աշխատանքները եւ շփուելու այլ գրողներու եւ ընթերցողներու հետ:

Համացանցային գրադարանի մշտային արխիվէն զատ, գրողը կրնայ պարբերաբար աւելցնել նոր ստեղծագործութիւններ: Wattpad-ը կը յամարուի ամենաշատ օգտագործուողը հետեւեալ երկիրներուն մէջ. ԱՄՆ, Քանատա, Մեծ Պրիդանիա, Ֆիլիբիններ, Ռուսաստան, Ղազախստան, Ղրղզիստան, Ուքրանիա, Թուրքիա եւ Ատրպէյճեան:[1]

Wattpad's Logo

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Wattpad-ը ստեղծուած է 2006-ին Ալեն Լաուի եւ Իվան Յուենի համագործակցութեամբ[2]: 2007-ը Փետրուարին Wattpad-ը յայտարարած է «Гутенберг» ծրագրէն աւելցած 17.000 գիրքերու մասին՝ դարձնելով զանոնք հասանելի, բջջային հեռախօսներ գործածողներուն[3]: 2009-ը Յունիսի, մամլոյ հաղորդագրութեան ժամանակ Wattpad-ի application-ը ներբեռնուած է աւելի քան 5 միլիոն անգամ[3]:2009-ը Մարտին թողարկուած է տարբերակ IPhone-ի համար: Ան ուղեկցուած է BlackBerry App World-ին թողարկումով 2009-ը Ապրիլին, 2009-ը Յունիսին Google Android-ին եւ Apple Ipad-ին 2010-ը Ապրիլին:

Օգտագործութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2014 Ապրիլի տուեալներով

  • Օգտագործման 85 տոկոսը եկած է բջջային սարքաւորումէն:
  • Կայքը ունի 40 միլիոն եզակի այցելուներ մէկ ամսուան մէջ:[4]
  • Աւելի քան 1000 աւելցուած պատմութիւններ մէկ օրուան մէջ:[5]
  • Մարդիկ մէկ ամսուան մէջ 11 միլիոն վայրկեան կ'անցընեն Wattpad-ի մէջ
  • Wattpad-ը հասանելի է աւելի քան 50 լեզուներով:

Նոր Հեղինակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմութիւնները, որոնք ստացած են առաւելագոյն ձայներու քանակը, կը յայտնուին «Հայտնիներ» բաժնին մէջ: Այս ցուցակը ամէն օր կը նորոգուի, միւս օգտատէրերուն դիմումներու եւ ձայներու շնորհիւ:

Wattpad-ը նաեւ ունի «Խորհուրդ կը տրուի» բաժինը, այն պատմութիւններու ցանկ է, որոնք հաստատուած են Wattpad-ի անձնակազմին եւ հրատարակչութեան կողմէ:

Այդ պատմութիւններուն մեծամասնութիւնը գրուած են professional գրողներու կամ ինքնաթողարկմամբ հետաքրքրուած գրողներու կողմէ:

Մրցոյթներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Wattpad-ը տարուայ ընթացքին կը կազմակերպէ մի քանի փոքր մրցոյթներ եւ հատ մը՝ գլխաւոր: Ամէնամեայ գլխաւոր մրցոյթը կը կոչուի «Wattys» եւ կը կատարուի 2013-էն ի վէր: Մրցոյթը բոլորին համար չէ, ովքեր ունին անձնական էջեր Wattpad-ի մէջ: Ամէնամսեայ փոքր մրցոյթներուն համար ռուսերէնով պէտք է մտնել AmbassadorsRU անձնական էջը:

Դեսպաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Wattpad-ի դեսպանները (Ambassadors), օգտատէր կամաւորականներու խումբ մըն է, որոնք Wattpad-ի աջակցութեամբ կ'աշխատին համայնքի զարգացման համար: Անոնք կը գործածեն սոցիալական նախաձեռնութիւններ, կ'օգնեն պատասխանել Wattpad-ի ընդհանուր հարցերը, ինչպէս նաեւ օգտատէրերուն տեղեակ կը պահեն այն մասին, թէ ինչ կը կատարուի համայնքին մէջ:

Ambassadors-ի համանմանմամբ, 2015-ի ձմրան հիմնադրուած է խումբ AmbassadorRU՝ ինքնատիպ բանավէճերու, տեղեկատուական եւ հասարակական տարածք անոնց համար, ովքեր կ'ապրին տարբեր երկիրներու մէջ, բայց Wattpad-ը կը կարդան կամ կը գրեն ռուսերէնով:

ՎԿ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Wattpad-ի պաշտօնական միակ էջը «Wattpad» է տուեալ սոցիալական ցանցին մէջ, որ գոյութիւն ունի Wattpad HQ եւ Wattpad դեսպաններու աջակցութեամբ: Այդ էջին մէջ կրնաք իմանալ Wattpad-ի վերջին նորութիւնները, կիսուիլ սեփական գիրքով, գտնել, թէ ինչ կարդալ ազատ ժամանակի ընթացքին, ինչպէս նաեւ ոգեշնչուիլ:

Ինսդակրամ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Wattpad-ը ունի երկու պաշտօնական էջեր ինսդակրամի մէջ, անոնցմէ մէկ հատը Անգլերէն Wattpad, իսկ միւսը՝ ռուսերէն Wattpad_Russian:

Wattpad-ի դեսպանները կը զբաղին Wattpad-ի ռուսերէն բոլոր պաշտօնական էջերու զարգացմամբ:

Դուիդդըր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Wattpad-ը ունի մէկ հատ անգլերէն պաշտօնական էջ Twitter-ի մէջ wattpad

Կայք Էջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Wattpad

Ընկերութեան Մասին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Wattpad-ը արձանագրուած է որպէս WP Technology, Inc. կը յամարուի քանատական ընկերութիւն՝ Թորոնթօ քաղաքի մէջ: Ներկայիս իրենց գրասենեակը կը գտնուի պատմական Ուելինկթոն փողոցի վրայ, Թորոնթոյի մէջ: Wattpad-ի խումբը անընդհատ կը մեծնայ եւ 2015-ին իրենց խումբը բաղկացած է 100-է աւելի մարդէ:[6]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «PW Select December 2012: Wattpad Revolutionizes Online Storytelling»։ PublishersWeekly.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2018-08-29 
  2. «How did Wattpad start? « Allen Lau's Blog»։ 2010-04-27։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2010-04-27-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-29 
  3. 3,0 3,1 «Press | Wattpad HQ»։ Wattpad HQ (en-US)։ արտագրուած է՝ 2018-08-29 
  4. Ingram Mathew (2014-04-08)։ «Collaborative-writing platform Wattpad gets $46M in financing for global expansion»։ gigaom.com (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-05-22-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-29 
  5. «Web Fiction, Serialized and Social» (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2018-08-29 
  6. «Wattpad» (հայերեն)։ 2018-06-08