The Supremes (Սուփրիմս) աղջիկներու ամերիկեան խումբ, կազմուած 1959-ին Տիթրոյթի մէջ, Միշիկըն, the Primettes (Փրայմեթս,) անունով: 1960-ականներուն «Մոթաուն Ռեքորտս» ընկերութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը ըլլալով, «Սուփրիմս» կարեւոր առեւտրական յաջողութիւն ունեցած է, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ձայնային խումբերէն ալ ամէնէն յաջողը՝ «Պիլպորտ» Billboard Hot 100 ցանկին մէջ՝ տասներկու երգերով, գրաւելով առաջին դիրքը: Այս յաջողութիւններուն մեծ մասը գրուած եւ արտադրուած էին «Մոթաունի» երգահաններու եւ արտադրողներու գլխաւոր խմբակին կողմէ՝ «Հոլանտ-Տոզիէ-Հոլանտ»: «Սուփրիմս»ի արձանագրած յաջողութիւնը կարելի է նկատել իբրեւ առաջադիրը ապագայի ափրիկեան-ամերիկեան R&B եւ սոուլ երաժիշտներուն մեծ յաջողութիւն ձեռքբերելուն համար: «Պիլպորտ»ը Սուփրիմս դասած է «Հոթ 100» Hot 100 պատմութեան 16-րդ մեծագոյն արուեստագէտը:
Ֆլորէնս Պալարտ, Մերի Ուիլսըն, Տայանա Ռոս եւ Պէթի Մաք Կլաուն՝ սկզբնական անդամները, բոլորն ալ Տետրոյթի Պրուսթըր-Տուկլաս հանրային կացարաններուն բնակչներ եղած են։ Ձեւաւորուելով որպէս «Փրայմեթս», անոնք «Փրայմս»ին (Փոլ Ուիլիըմզի եւ Էտի Քենտրիքսի հետ, որոնք շարունակեցին ձեւաւորելով «Թեմփթէյշընս») քոյր խումբն էին։ Պարպարա Մարթին 1960-ին կը փոխարինէ Մաք Կլաունին, եւ յաջորդ տարին խումբը «Սուփրիմս» անունով պայմանագիր կը կնքէ «Մոթաունի» Motown հետ։ Մարթին խումբէն կը հեռանայ 1962-ի սկիզբը, եւ Ռոս, Պալարտ եւ Ուիլսըն կը շարունակեն որպէս եռեակ:
Սուփրիմզ խումբը Էտ Սալիվընի պատկերասփռումէն, Փետրուար 20, 1966
1960-ական թուականներու կէսերուն, «The Supremes» մեծ հռչակ ձեռք կը ձգեն երբ Տայանա Ռոս գլխաւոր մեկնաբանողը կ՛ըլլայ եւ Հոլլանտ-Տոզիէ-Հոլլանտ՝ խումբին երգահանութեամբ եւ արտադրութեամբ կը զբաղի: 1967-ին, «Motown»ի նախագահ Պերի Կորտի խումբին անունը «Diana Ross & the Supremes»ի կը փոխէ, եւ Պալլարտին կը փոխարինէ Սինտի Պըրտսանկ երգչուհիով: 1970-ին, Ռոս կը հեռանայ իր մենակատարի ասպարէզը հետապնդելու համար եւ Ճին Թերել անոր կը փոխարինէ։ Իսկ խումբին անունը կը դարձակուի «The Supremes»ի: 1970 տասնամեակի կէսերուն խումբին կազմը կը շարունակէ փոխուիլ․ Լինտա Լորենս, Շերի Փէյն եւ Սուսէյ Կրին կը միանան, մինչեւ 1977-ի, երբ խումբը կազմութենէն 18 տարի ետք, կը լուծարուի։
«Սուփրիմս» երկու անգամ առաջադրուած է Կրեմմի մրցանակի՝ «Լաւագոյն Ռիթմ եւ Պլուզ ձայնագրութիւն» («Baby Love», 1965) եւ «Լաւագոյն ժամանակակից Ռոք-էնտ-Ռոլ խմբային ձայնային կատարում» («Stop! In the Name of Love», 1966) անուանումներով, սակայն երբեք մրցանակ չէ շահած: Անոնց երգերէն երեքը աւելցուած են Grammy Hall of Fame ցանկին մէջ՝ «Where Did Our Love Go» եւ «You Keep Me Hangin' On» (երկուքն ալ 1999-ին) եւ «Stop! In the Name of Love» (2001)։ Խումբը (Ռոս, Ուիլսըն եւ Պալարտ) 65-րդ Կրեմմի մրցանակաբաշխութեան ժամանակ (2023) անանուանուած է որպէս Կրեմմիի կեանքի նուաճումներու մրցանակ ստանալու ութ դափնեկիրներէն մէկը։
«Stop! In the Name of Love» (Կեցի՛ր, սիրոյ անունով) եւ «You Can't Hurry Love» (Սիրոյ դէմ չես կրնար շտապել) երգերը, ընդգրկուած են Rock and Roll Hall of Fame ցանկին 500 երգերուն մէջ, որոնք ձեւաւորած Են Ռոքէնտ Ռոլը: Ռոս-Ուիլսըն-Պալլարտ կազմը մուտք կը գործէ Rock and Roll Hall of Fame ցանկին մէջ 1988-ին եւ կ՛արժանանայ աստղի մը Հոլիուտի Փառքի Ճեմելիքին վրայ 1994-ին, ինչպէս նաեւ 1998-ին մուտք կը գործէ Vocal Group Hall of Fame ցանկին մէջ։ 2004-ին, Rolling Stone 97-րդ դիրքին վրայ կը զետեղէ խումբը «Բոլոր ժամանակներու 100 Մեծագոյն Արուեստագէտներուն» իր ցանկին մէջ: The Supremes յատկանշուած են իրենց ազդեցութիւններով սեւամորթ աղջիկներու խումբերու վրայ, որոնք իրենցմէ ետք յաջողած են ժողովրդական երաժշտութեան մէջ, ինչպէս The Three Degrees, The Emotions, The Pointer Sisters, En Vogue, TLC, Destiny's Child եւ Cleopatra: «The Beatles հոն էին», ըսած է Մատոնան իր մանկութեան մասին, «բայց աւելի նախանձախնդիր էի The Supremes-ով։ Ես շատ կը հետաքրքրուէի աղջիկներով կազմուած խումբերով»։