Marae Moana
Marae Moana |
|---|
Marae Moana կամ Գուք կղզիներու ծովային պուրակ (անգլ․՝ Cook Islands Marine Park)․ կը գտնուի Գուք կղզիներուն ջուրերուն մէջ։ Տարածութիւնն է 1․9 միլիոն քլ²։
Քեվին Իրօ միջավայրի մասնագէտը, առաջինն էր որ յղացաւ տարածքը պահպանման պուրակի վերածել (2010)։ Ծովային պուրակի անուանումը, որ ազատ թարգմանութեամբ կը նշանակէ «սուրբ օվկիանոս», ստեղծուած է 2014-ին Թերէորա քոլեջի ուսանող Պուշար Սոլոմոնոյի կողմէն, յետ անուանակոչման մրցոյթի ժամանակ։
Ծովային պուրակը կ՛ընդգրկէ օղակղզիներ, հրաբխային կղզի մը, բարձրաած կրաքարային կղզիներ եւ աւազէ վիմուտք մը։ Կը պատսպարէ բուստի 136 տեսակներ, 600-է աւելի ձուկի տեսակ եւ 21 կիտազգի տեսակ (կէտ ձուկեր եւ դլփիններ)։ Marae Moana պուրակը նաեւ տունն է կրիաներու երեք վտանգուած տեսակներու, թունայի որոշ տեսակներու, ինչպէս նաեւ խութային շանաձուկերու հինգ տեսակներու եւ ովկիանոսի շանաձուկի տեսակներու։ Պուրակը կը պատսպարէ նաեւ բազմաթիւ թռչուններ եւ բոյսեր։