LBCI

(Վերայղուած է LBCI (արեւմտահայերէն)-էն)
«LBCI»-ի լօկօ

MԼիբանանեան Հաղորդումներու Միջազգային Ընկերութիւն (անգլերէն՝ Lebanese Broadcasting Corporation International; արաբերէն՝ المؤسسة اللبنانية للإرسال انترناسيونال‎) Լիբանանի առաջին անձնական պատկերասփիւռի կայանն է: Հիմնուած է 1992-ին՝ գնելով կալուածամասը, պատասխանատուութիւնը եւ LBC-ի լօկօն, որ ստեղծուած էր 1985-ին՝ Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի ժամանակ:[1]

Այս պատկերասփիւռի կայանը համաշխարհային դարձաւ 1996-ին, երբ ստեղծեց «LBC Europe»-ը, որ կը սփռէր Եւրոպայի եւ Արաբական Աշխարհի առնչուած յայտագիրներ, «LBC America»՝ ԱՄՆ-ի եւ «LBC Australia»՝ Ասիոյ եւ Աւստրալիոյ մէջ։ Վերջերս, Լիբանանի մէջ հիմը դրաւ «LB2» ներկայացումներու կայանին:[1]

Յետպատերազմեան Ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանեան Ուժեր միլիցեան, որ 1985-ին «LBC» հիմնած էր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով զինուորական եւ դրամական գետնի վրայ անկում արձանագրած էր եւ իր ղեկավարը՝ Սամիր Ժաաժաաը կը բանտարկուէր 1994-ին: 1992-ին, Փիէռ Տահեր այլ բաժնետէրերու հետ կը հիմնէ «LBCI»-ին եւ զայն կ'արձանագրէ Պաապտայի առեւտրական տոմարին մէջ։ Տահեր մեծ թափով աշխատանք տարաւ «LBC»-ն գնելու համար:[2]

Ապրիլ 1996-ին, Տահեր եւ այլ բաժնետէրեր հիմը դրին «LBCsat» ձրի արբանեակի կայանին, որ շատ մեծ յաջողութիւն մըն էր, մանաւանդ սփիւռքի մէջ ապրող լիբանանցիներու համար:

2003-ին, «LMH» հաստատութեան հիմնադիր Սալեհ Քամելի եւ Ալ Ուալիտ պըն Թալալի միջեւ համաձայնութեան մը պատճառով, Պըն Թալալ կը փոխարինէ Քամելը:[3]

2008-ի վերջաւորութեան, որոշում կայացած է «LMH»-ի դրամագլուխը բարձրացնելու շուրջ: Ասոր համաձայն, Ալ Ուալիտ պըն Թալալ ամէնէն մեծ շահաբաժին ունեցողն է՝ «PAC»-ի («LBCI»-ի եւ «LBC SAT»-ի բովանդակութիւն տրամադրող) մեծ մասը գնելէ ետք, եւ «LBC SAT» հիմնուած է այն հասկացողութեան վրայ, որ դրամագլուխի բարձրացումը պիտի օգտագործուի յայտագիրներու բարելաւման եւ նորութիւններու համար՝ շէյխ Փիէռ Տահերի հսկողութեան տակ:

2010-ին, Ռուփերթ Մըրտօք կը միանայ խումբին եւ «PAC»-ն ու «LBC SAT»-ը կը միանան Ռօթանայի: Կ'ըսուէր, որ այս միացումը պիտի բարելաւէր եւ կազմէր խումբը, եւ այս մէկը յստակ արդիւնք մը կ'երեւէր սէուտցի իշխանին եւ աշխարհի ցանցերու մեծագոյն կայսրութեան տիրոջ՝ Ռուփերթ Մըրտօքի գործակցութեան: Այս ակնկալութիւնները չիրականացան:[4]

Ալ Հայաթի եւ «LBC SAT»-ի Միացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2002-ի վերջաւորութեան, «LBC SAT»-ը եւ Լոնտոնի մէջ տպուող սէուտական «Ալ Հայաթ» թերթը միացուցին իրենց լուրերը:[5] «LBC SAT»-ի լուրերու հաղորդումները կը կոչուէին «Ալ Հայաթ-LBC SAT լուրերու հաղորդում»: Այս համագործակցութիւնը վերջ գտաւ 2010-ին:

«LBCI»-ի Տեսակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • LBCI

• «LBCI»-ը լիբանանցի անկնդիրներու համար տեղական պատկերասփիւռի կայան մըն է, որմէ կը սփռուի զանազան ոճի յայտագիրներ:

  • LDC

• Լիբանանի Սփիւռքի կայանը «LBCI»-ի համաշխարհային տարբերակն է եւ զայն կրնան դիտել լիբանանցիները թէ՛ Լիբանանի մէջ ապրող, թէ՛ անկէ դուրս:

  • LB2 (նախապէս ծանօթ էր իբրեւ «LBCI Drama»)

• «LB2»-ն տեղական կայան մըն է, որմէ կը սփռուի արաբերէն լեզուով ներկայացումներ եւ սերիաներ:

  • LBCI NEWS

• «LBCI News»-ը տեղական կայան մըն է, որ կը հաղորդէ շտապ լուրեր:

  • LBCI HD

• «LBCI HD»-ն լիբանանեան առաջին HD կայանն է, որ «LBCI»-ի յայտագիրները կը սփռէ աւելի բարձր որակով: Սփռած է Սթար Աքատեմիի յայտագրի 10-րդ շրջանը 24 ժամ:

  • LBC EUROPE

• «LBC Europe»-ը Եւրոպայի ակնդիրներու համար «LBCI»-ի տարբերակն է:

  • LBC AMERICA

• «LBC America»-ն Ամերիկայի ակնդիրներու համար «LBCI»-ի տարբերակն է:

  • LBC AUSTRALIA

• «LBC Australia»-ն Աւստրալիոյ ակնդիրներու համար «LBCI»-ի տարբերակն է:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 LBCI պատկերասփիւռի կայանի պաշտօնական կայքի «Մեր մասին» բաժին
  2. «Lebanese media coverage of oil and gas sector»։ SKeyes։ August 2014։ արտագրուած է՝ 16 September 2014 
  3. «Saudi's Prince Alwaleed Buys 49% Stake In LBCsat from Sheikh Saleh Kamel of Art»։ Middle East Events։ 3 December 2003։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 21 May 2013-ին։ արտագրուած է՝ 12 September 2012 
  4. «What is the real story behind PAC?»։ արտագրուած է՝ 8 January 2013 
  5. «First merger of TV, print press in Middle East. - Xinhua News Agency»։ Highbeam.com։ 1994-03-10։ արտագրուած է՝ 2012-09-12 [permanent dead link]