44. Պարտութիւն (գիրք)
| Հեղինակներ |
Կարէն Յարութիւնեան Վիգէն Չէթէրեան Աշոտ Ոսկանեան եւ Մկրտիչ Կարապետեան |
|---|---|
| Երկիր | Հայաստանի Հանրապետութիւն |
| Լեզու | Հայերէն (արեւելահայերէն) |
| Հրատարակող |
«Մարդկայնական Հետազօտութիւններու կեդրոն» (արեւելահայերէն՝ «Հումանիտար հետազօտութիւնների կենտրոն» |
Հրատարակչական թուական | 2025 |
| Էջ | 173 |
44. Պարտութիւն կամ ամբողջական անուանումով՝ 44. պարտութիւն 2020-ի Արցախեան պատերազմը՝ իրողութիւններ եւ հետեւողութիւններ Արցախի 2020 թուականի պատերազմի մասին համապարփակ վերլուծում մը ներկայացնող գիրք։ Համահեղինակներն են Կարէն Յարութիւնեան, Վիգէն Չըթըրեան, Աշոտ Ոսկանեան եւ Մկրտիչ Կարապետեան։ Գիրքը հիմնուած է զինուորական եւ քաղաքական գործիչներու հետ կատարուած 30-է աւելի հարցազրոյցներու վրայ[1] եւ կը քննէ պատերազմի պատճառները, ընթացքը եւ հետեւանքները։[2][3]
Ընդհանուր ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը կը բացայայտէ Արցախի հակամարտութեան պատմական եւ աշխարհաքաղաքական համածիրը, վերլուծելով Հայաստանի զինուորական, քաղաքական եւ դիւանագիտական պատրաստուածութիւնը պատերազմէն առաջ։ Հեղինակները կը պնդեն, որ հակառակ նախնական զգուշացումներուն եւ լարուած իրավիճակին, Հայաստանը պատշաճօրէն պատրաստ չէր դիմակայելու Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակումին, որ կ՚օժանդակուէր Թուրքիոյ կողմէ եւ կը գործածէր յառաջացեալ անօդաչու սարքեր (անգլերէն՝ Advanced unmanned aerial vehicle կամ drone)։[3]
Կառուցուածք ու Բովանդակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը կը բաժնուի 3 հիմնական գլուխներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առանձին տեսանկիւն մը կը ներկայացնէ պատերազմի մասին.
Երկու խօսք - Աշոտ Ոսկանեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այստեղ Ոսկանեան կը ներկայացնէ գիրքին նպատակները, կը պարզէ թէ հիմնական կը գրաւէ Վիգէն Չըթըրեանի վերլուծական հետազոտությունը՝ հիմնուած քաղաքական եւ ռազմական գործիչներու, որոշում ընդունողներու, մասնագէտներու եւ պատերազմի անմիջական մասնակիցներու հետ կատարուած երեսունէ աւելի հարցազրոյցներու վրայ։ Ի վերջոյ Ոսկանեան աշխատութիւնը կը բաղդատէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան (որու նիւթական աջակցութեամբ լոյս տեսած է գիրքը) մէկ ուրիշ հրատարակութեան հետ։[3]
2020-ի պարտութեան կիսապատասխան հարցերը - Կարէն Յարութիւնեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս գլուխը կը գնահատէ Հայաստանի ներքին քաղաքական պայքարները, դիւանագիտական սխալ հաշուարկները եւ զինուած ուժերու արդիականացման ձախողութիւնը պատերազմէն առաջ։ Հեղինակը կ'ընդգծէ կառուցուածքային թերութիւնները, որոնք նպաստեցին արագ զինուորական նահանջներուն։[3]
2020-ի Արցախեան պատերազմը եւ Հայաստանի պարտութիւնը (հարցազրոյցներու վրայ հիմնուած վերլուծութիւն) - Վիգէն Չըթըրեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնուելով քաղաքական գործիչներու եւ վերլուծաբաններու հետ հարցազրոյցներու վրայ, այս գլուխը խորազնին կերպով կը ներկայացնէ Հայաստանի ռազմավարական սխալները եւ Ազրպէյճանի ուժերու արհեստագիտական գերազանցութիւնը։ Չէտէրեան կ'ընդգծէ թրքական զինուորական օգնութեան դերը եւ անօդաչու սարքերու ազդեցութիւնը մարտադաշտին վրայ։[3]
Ռազմական պարտութի՞ւն, թէ՞ հասարակութեան համատարած ճգնաժամ - Աշոտ Ոսկանեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոսկանեան կը քննէ թէ արդեօ՞ք Հայաստանի պարտութիւնը զուտ զինուորական ձախողում մըն էր, թէ՞ աւելի լայն ընկերային տագնապ։ Ան կը քննարկէ ապատեղեկատուութեան դերը, ազգային բարոյականը եւ կառավարման խնդիրները, որոնք տկարացուցին Հայաստանի դիմադրողականութիւնը։[3]
Յաւելուած
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2020-ի Արցախեան պատերազմի ժամանակագրութիւնը - Մկրտիչ Կարապետեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս բաժինը կը ներկայացնէ հիմնական զինուորական դէպքերու օր առ օր նկարագրութիւն՝ քարտէսագրելով մարտադաշտի զարգացումները եւ ռազմավարական շրջադարձային կէտերը հակամարտութեան մէջ։[3]
Քարտէս 2020-ի Արցախեան պատերազմի ռազմական գործողութիւններու - Հայկ Յովհաննիսեան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այս գլուխը կը ներկայացնէ զօրքերու տեղաշարժերու տեսողական քարտէսներ, ցոյց տալով թէ ինչպէս Ազրպէյճանի ուժերը համակարգուած կերպով տարածք շահեցան եւ ինչպէս հայկական ուժերը դժուարացան հակայարձակում գործելու մէջ։[3]
Հեղինակներու մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այստեղ կը ներկայացուի գիրքի համահեղինակներ՝ Կարէն Յարութիւնեանի, Վիգէն Չըթըրեանի, Աշոտ Ոսկանեանի եւ Մկրտիչ Կարապետեանի ամփոփ կենսագրութիւնները։[3]
Ընդունելութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքը լոյս տեսաւ այն ժամանակ (պատերազմէն աւելի քան չորս տարի անց), երբ պաշտօնեաներու, վերլուծաբաններու եւ լայն հասարակութեան մէջ տակաւին կը տիրէին խորունկ տարաձայնութիւններ եւ մեղադրանքներ։ Հակառակ անոր, որ այս գիրքը Արցախեան պատերազմի հայոց պարտութեան առաջին ուսումնասիրական փորձը չէ, սակայն անիկա ընկալուեցաւ իբրեւ իւրայատուկ աշխատանք, որովհետեւ հիմնուած է 35 հարցազրոյցներու վրայ, որոնք քաղաքական բոլոր հորիզոններու անձնաւորութիւններու կը պատկանին, Հայաստանէն եւ Արցախէն։[1]
Այս աշխատանքը կարեւոր է բանակաշինութեան եւ անվտանգութեան համար փաստական տուեալներ հաւաքելու ու հանրութեան տեղեկացնելու համար։ Ինչպէս նաեւ կարեւոր է իբրեւ Հայաստան-Սփիւռք գիտաշխատողներու գործակցութեան արգասիք։[1][3]
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «44. Պարտութիւն / 2020-ի Արցախեան պատերազմը՝ իրողութիւններ եւ հետեւութիւններ», «Մարդկայնական Հետազօտութիւններու կեդրոն» (արեւելահայերէն՝ «Հումանիտար հետազօտութիւնների կենտրոն»), Երեւան, 2025։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 3 «Երրորդ բեւեռի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը»։ Նոր Յառաջ (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2025-02-11[permanent dead link]
- ↑ «Armenian Research Center in Humanities»։ archumanities.am։ արտագրուած է՝ 2025-02-11
- 1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 Վահան Կ․ Մանճիկեան «ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ – «44. պարտութիւն. 2020-ի Արցախեան պատերազմը՝ իրողութիւններ եւ հետեւողութիւններ»»։ Նոր Յառաջ (անգլերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2025-04-26-ին։ արտագրուած է՝ 2025-04-28