Jump to content

Ֆրանսական Հիւսիսային Ափրիկէ

Ֆրանսական Հիւսիսային Ափրիկէ (ֆրանսերէն՝ L’Afrique française du Nord, AFN կամ A.F.N.), գաղութատիրական պետութիւն մըն է Ֆրանսայի հիւսիսային Ափրիկէի մէջ՝ XIX եւ XX դարերուն։ Կը ներառէր Ալճերիան, Թունուզը, Մարոքը։

Ֆրանսական Հիւսիսային Ափրիկէն XIX դարուն

1830 թուականին, ֆրանսացիները սկսան գաղութացնել հիւսիսային Ափրիկէն։ Երկրին լաւագոյն հողերը բնակեցուեցան Եւրոպայէն գաղթականներով։ 1847 թուականին ֆրանսացիները լիովին գրաւեցին Ալճերիան եւ 1848-ին անիկա յայտարարուեցաւ Ֆրանսայի տարածք, բաժնուեցաւ գաւառներու՝ պրեֆեկտներու գլխաւորութեամբ, որոնք կը վերահսկուէին Ֆրանսայի գլխաւոր նահանգապետէն։ 1881 թուականին Ֆրանսա ներխուժեց Թունուզ եւ նոյն տարուան Մայիս 12-ին ստիպեց Թունուզի Պէյին ստորագրել Պարդոյի դաշնագիրը, ֆրանսական հովանաւորութեան փաստացի հաստատման մասին։ Սակայն զինուած պայքարը տեւեց գրեթէ մինչեւ XIX դարու վերջը։

Մարոքի մէջ հովանաւորութեան պաշտօնական հաստատումը տեղի ունեցաւ 1912 թուականի Մարտ 30-ին: Մարոքի ցեղերու զինուած դիմադրութիւնը ֆրանսացիները կարողացան ճնշել միայն 1920-ական թուականներու վերջերը։ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Ֆրանսական հիւսիսային Ափրիկէի տարածքին ծաւալեցան ռազմական գործողութիւններ։ 1942 թուականի Նոյեմբերին դաշնակից ուժերը ներխուժեցին գաղութ եւ քանի մը օր տեւած մարտերէ ետք ազատագրեցին Հիւսիսային Ափրիկէի տարածքը Վիշիի ռեժիմի զօրքերէն։ Թունուզը եւ Մարոքը անկախութիւն ստացան 1956 թուականին, Ալճերիան՝ 1962 թուականին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]