Jump to content

Ֆութպոլի Միջազգային Օր

ֆութպոլի միջազգային օր, ՄԱԿ-ի որոշմամբ՝ 10 Դեկտեմբերը կը նշուի որպէս «ֆութպոլի միջազգային օր»։ ֆութպոլը նման պատուի արժանացած է հսկայական ժողովրդականութիւն վայելելու շնորհիւ։ Այսօր ամբողջ աշխարհին մէջ ֆութպոլ կը խաղայ 120 միլիոն մասնագիտացած եւ ալ աւելի շատ՝ սիրողական մակարդակի վրայ։ ֆութպոլը ոչ միայն խաղ է եւ զուարճանք, այլ նաեւ՝ ազգային բնաւորութեան արտացոլում։ ֆութպոլը կեանքի ոճ է։ ֆութպոլը նաեւ մեծ պիզնես է, որու տարեկան շրջանառութիւնը քանի մը տասնեակ միլիարտ տոլար կը կազմէ։ ֆութպոլը կը միաւորէ մարդոց ամբողջ աշխարհին մէջ։ Առաջին յիշատակումը ոտքով գնդակ խաղալու մասին կը վերաբերի չինական աղբիւրներուն՝ Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակ թուագրմամբ։ Չինացի զինուորները այդ խաղի շնորհիւ կը մնային լաւ ֆիզիկական վիճակով։ 2.5 հազարամեակ առաջ ֆութպոլ խաղցած են նաեւ Հին Յունաստանի եւ Հռոմի մէջ։ Ոմանք կը պնդեն, որ ժամանակակից ֆութպոլի հիմքոըմ եղած է 8-րդ դարուն Անգլիոյ մէջ ապրած սաքսոններու վայրի խաղը՝ ճակատամարտէն յետոյ թշնամիի կտրած գլուխներուն ոտքով հարուածելը։ 1863 թուականին ստեղծուեցաւ ֆութպոլի անգլիական ասոցիացիան եւ ընդունուեցին խաղի կանոնները՝ արգիլելով ձեռքով խաղը։ 1872 թուականին տեղի ունեցաւ առաջին միջազգային հանդիպումը Անգլիոյ եւ Շոթլանտիայի հաւաքականներու միջեւ։ Դարպասային ցանցը առաջին անգամ օգտագործուեցաւ 1891 թուականին Անգլիոյ Հիւսիսի եւ Հարաւի հաւաքականներու խաղի ընթացքին։

  • Հանրագիտակ օրացոյց, Երեւան, 1990

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]