Jump to content

Ֆլօրէնս Եագուպեան

Ֆլօրէնս Եագուպեան, Այնթապցի դաշնակահար

Ֆլօրէնս զաւակն է Այնթապցի ծանօթ նկարիչ Լութֆի եւ երգչուհի Անահիտ Եագուպեաններու։ Ֆլօրէնս ծնած է Տօրչէսթըր, Մէս․, իսկ Հրաչ՝ Նիւվարք։ Քոյր ու եղբայր մանուկ հասակէն ցոյց տուած են երաժշտական տաղանդ, մէկը դաշնամուրի եւ միւսը ջութակի վրայ։

Ծնողներուն հետ Շիքակօ փոխադրուելէն ետք, անոնք ուսանած են «Պուշ» երաժշտանոցը եւ «Շիքակօ Միւզիք Գոլէճ»-էն ներս։ Իրենց առաջին նուագահանդէսը տուած են 11 եւ 16 տարեկան հասակին մէջ, Շիքակօ։

Սան Ֆրանսիսքօ գալով երեւցած են շատ մը Հայկական եւ Ամերիկեան ձեռնարկներու մէջ։

Ֆլօրէնսը դաշնակի ուսուցչուհի է եղած «Մօնթէ-Զումա Միլիթէրի Էքէտէմի»-ին մէջ։ Լոս Անճէլըս հաստատուելէն ետք, «Ուիլշայր թատրոն»-էն ներս սարքած է նուագահանդէս մը 1948-ին։ Շարժանկարի արուեստանոցներն ալ օգտագործած են իր տաղանդը։ Իր մասնագիտութիւնն է դաշնակ ուսուցանել: Ան ունի մեծ թիւով դասարան մը։

Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց, Բ․ հատոր