Jump to content

Ֆիլմ (թերթ)

«Ֆիլմ», Հայաստանի Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան կինեմատոգրաֆիայի պետական կոմիտէի կողմէ տպագրուած տասնօրեայ թերթ։

Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1969 թուականին, Երեւանի մէջ, խմբագիր՝ Ռ․ Մաթոսեան։

Գովազդած է հայ եւ խորհրդային կինոյի յաջողութիւնները համամիութենական եւ միջազգային փառատօներուն։ «Երկխօսութիւն երրորդի համար», «Վարք մեծաց», «Ռեժիսոր, օպերատոր, սցենարիստ» մշտական խորագրերու տակ ներկայացուցած են սուվետահայ նշանաւոր արուեստագէտներու նկատառումներն ու տեսակէտները տուեալ ժամանակի հայկական կինոյի, անոր զարգացման հեռանկարներու մասին։

Թերթին մէջ հանդէս եկած են նաեւ խորհրդային կինոյի ճանչցուած գործիչներ Նիկիտա Միխալկովը, Ստանիսլաւ Ռոստոցկին, Եուրի Իւանի Սեմէոնովը, Գ․ Ռայշը, Վ․ Նէադէոնովան եւ ուրիշներ։ Տպագրած է կինոսցենարներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։