Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքա
Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքա[10] (սպ.՝ Federico del Sagrado Corazón de Jesús García Lorca, 5 Յունիս 1898[1][2][3][…], Ֆուենտա Վակերոս, Գրանադա, Անտալուսիա, Սպանիա[1][4][5][…] - 19 Օգոստոս 1936[3][6][7][…], Վիսնար, Գրանադա, Անտալուսիա, Սպանիա[5]) որ կը գիտնուի իբր Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքա, (5 Յունիս 1898[1][2][3][…], Ֆուենտա Վակերոս, Գրանադա, Անտալուսիա, Սպանիա[1][4][5][…] - 19 Օգոստոս 1936[3][6][7][…], Վիսնար, Գրանադա, Անտալուսիա, Սպանիա[5]), սպանացի բանաստեղծ, թատերագիր եւ բեմադրիչ մըն է: Հայերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է անոր «Մեղրի երգը» բանաստեղծութիւններու գրքոյկը (Երեւան, 1965)[11]։
Այս անունը սպաներէն անուանման օրէնքներով կազմուած է: Առաջին մականունը Կարսիա է՝ որ հայրենի մականունն է, իսկ երկրորդ մականունը Լորքա է՝ որ մայրենի մականունն է:
Լորքան՝ որ '27-նի սերունդին խորհրդաւոր անդամ մըն է, ճանչցուած է միջազգայնօրէն: Իբր '27-ի սերունդի անդամը, Եւրոպայի ամէնէն ազդեցիկ շարժումները (զորօրինակ Խորհրդապաշտութիւն, ապագայապաշտութիւն ու գերիրապաշտութիւն) սպանական գրականութիւնը ներկայացնող այս խոումբին բազմաթիւ արուեստագէտ ու բանաստեղծներէն մէկն է:[12][13]
Սպանիայի քաղաքացիական պատերազմի (սպ.՝ Guerra Civil Española) սկիզբը Ազգայնականներու կողմէ սպաննուած է:[14][15][16][17][18] Իր դիակը կորսուած է եւ չէ գտնուած: 2008-ին, սպանական դատաւոր մը Լորքային մահուան գծով խուզարկութիւններու կը սկսի: Կարսիա Լորքա ընտանիքը երկար ատեն, մեծ հաւանականութեամբ Լորքային գերեզմանը եղող Ալֆակարի շուրջը փորելու արտօնութիւն չէ տուած: Սակայն արտօնութիւնը ստանալէ վերջ մարդկեղէն մնացորդ մը չէ գտնուած:[19][20]
Կեանք եւ ասպարէզ[21]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վաղ տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆետերիքօ տել Սաքրատօ Քորասոն տէ Խեսուս Կարսիա Լորքան ծնած է 5 Յունիս 1898-ին[22], Հարաւային Սպանիոյ Կրանատա քաղաքէն 17 քմ․ դէպի արեւմուտք գտնուող փոքրիկ քաղաքի մը՝ Ֆուէնթէ Վաքերոսի մէջ։ Հայրը՝ Ֆետերիքօ Կարսիա Ռոտրիկեսը, բարգաւաճ հողատէր էր, որ ունէր ագարակ մը Կրանատայի մօտակայ արգաւանդ հովիտին (vega) մէջ եւ յարմարաւէտ առանձնատուն մը՝ քաղաքի սիրտին մէջ։ Կարսիա Ռոտրիկեսի հարստութիւնը բազմապատկուեցաւ շաքարի արդիւնաբերութեան վերելքին զուգընթաց։ Կարսիա Լորքայի մայրը՝ Վիսենթա Լորքա Ռոմերոն, ուսուցչուհի էր։
1905-ին ընտանիքը Ֆուէնթէ Վաքերոսէն տեղափոխուեցաւ մօտակայ Վալտերուպիօ քաղաքը (որ այն ատեն կը կոչուէր Ասքերոսա)։ 1909-ին, երբ տղան 11 տարեկան էր, անոնք փոխադրուեցան շրջանային կեդրոն հանդիսացող Կրանատա քաղաքը, ուր կար միջնակարգ դպրոցի համազօր վարժարան մը։ Հոն անոնց ամենածանօթ բնակարանն էր «Ուերթա տէ Սան Վիսենթէ» (Huerta de San Vicente) կոչուող ամառանոցը, որ այն ժամանակ կը գտնուէր Կրանատա քաղաքի արուարձաններուն մէջ։ Իր կեանքի մնացեալ տարիներուն ան միշտ կարեւոր համարեց բնութեան մօտ ապրիլը՝ գովաբանելով գիւղական միջավայրի մէջ իր ստացած դաստիարակութիւնը։ Այս երեք տուներն ալ՝ Ֆուէնթէ Վաքերոսը, Վալտերուպիօն եւ Ուերթա տէ Սան Վիսենթէն, այսօր կը գործեն որպէս թանգարաններ[23][24][25]։
1915-ին, միջնակարգ դպրոցը աւարտելէ ետք, Կարսիա Լորքան յաճախեց Կրանատայի համալսարանը։ Այս շրջանին անոր ուսումնառութիւնը կը ներառէր իրաւաբանութիւն, գրականութիւն եւ երաժշտական յօրինում (composition)։ Իր պատանեկութեան ընթացքին ան աւելի խոր կապուածութիւն կը զգար երաժշտութեան, քան գրականութեան հանդէպ։ 11 տարեկանին ան սկսաւ դաշնամուրի դասեր առնել Անթոնիօ Սեկուրա Մեսայէն, որ տեղական երաժշտանոցի ներդաշնակութեան (harmony) ուսուցիչ եւ յօրինող էր։ Ճիշդ Սեկուրան էր, որ ներշնչեց Ֆետերիքոյի երաժշտական ասպարէզի երազանքը։
Իր առաջին գեղարուեստական ներշնչումները ծնունդ առին Քլոտ Տեպիւսիի, Ֆրետերիք Շոփենի եւ Լուտվիկ վան Պեթհովընի ստեղծագործութիւններէն։ Աւելի ուշ, յօրինող Մանուէլ տէ Ֆալյայի հետ իր բարեկամութեան շնորհիւ, սպանական ժողովրդական բանահիւսութիւնը դարձաւ իր ներշնչման աղբիւրը (մուսան)։
Կարսիա Լորքան գրականութեան չդիմեց մինչեւ Սեկուրայի մահը՝ 1916 թուականին, եւ անոր առաջին արձակ գործերը, ինչպէս՝ «Գիշերերգ» (Nocturne), «Պալատ» (Ballade) եւ «Սոնաթ» (Sonata), ներազդուած էին երաժշտական ձեւերէն։ Երիտասարդ մտաւորականներու իր միջավայրը կը հաւաքուէր Կրանատայի «Գաֆէ Ալամետա»-ի «Էլ Ռինքոնսիյօ» (El Rinconcillo) անկիւնը։
1916 եւ 1917 թուականներուն, Կարսիա Լորքան իր համալսարանի փրոֆեսորներէն մէկուն հետ ճամբորդեց հիւսիսային Սպանիոյ Քասթիլիա, Լէոն եւ Կալիսիա շրջաններուն մէջ։ Այդ փրոֆեսորը նոյնպէս քաջալերեց զինք, որպէսզի գրէ իր առաջին գիրքը՝ «Տպաւորութիւններ եւ բնապատկերներ» (Impresiones y paisajes, որ տպագրուեցաւ հօրը հաշւոյն՝ 1918-ին)։ Ֆեռնանտօ տէ լոս Ռիոսը համոզեց Կարսիա Լորքայի ծնողքը, որ թոյլ տան իրենց զաւկին տեղափոխուելու Մատրիտի յառաջդիմական, Օքսպրիճի (Oxbridge) օրինակով ստեղծուած Ուսանողական կացարանը (Residencia de Estudiantes)՝ 1919 թուականին, մինչ ան անուանապէս կը յաճախէր Մատրիտի համալսարանի դասընթացքներուն[26]։
Իբրեւ երիտասարդ գրող
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մատրիտի Ուսանողական կացարանին (Residencia de Estudiantes) մէջ Կարսիա Լորքան մտերմացաւ Լուիս Պունիւէլի, Սալվատոր Տալիի եւ շատ մը ուրիշ ստեղծագործ արուեստագէտներու հետ, որոնք ազդեցիկ դարձան կամ պիտի դառնային ամբողջ Սպանիոյ մէջ։ Ան արժանացաւ բանաստեղծ Խուան Ռամոն Խիմենեսի հովանաւորութեան՝ մտերիմ կապեր հաստատելով թատերագիր Էտուարտօ Մարքինայի եւ Մատրիտի «Թէաթրօ Էսլավա»-ի (Teatro Eslava) տնօրէն Կրեկորիօ Մարթինես Սիերայի հետ։
1919–1920 թուականներուն, Սիերայի հրաւէրով, ան գրեց եւ բեմադրեց իր առաջին թատերախաղը՝ «Թիթեռնիկի չարախնդութիւնը» (The Butterfly's Evil Spell)։ Այն չափածոյ դրամա մըն էր, որ կը պատկերէր անհնարին սէր մը՝ ուտիճի (cockroach) եւ թիթեռնիկի մը միջեւ, ուր երկրորդական դերերով հանդէս կու գային այլ միջատներ։ Ընդամէնը չորս ներկայացումէ ետք, անշնորհակալ հանդիսատեսը զայն ձաղկեց ու բեմէն վռնտեց, ինչ որ անդրադարձաւ թատերասէր հասարակութեան հանդէպ Կարսիա Լորքայի ունեցած վերաբերմունքին վրայ՝ իր ասպարէզի մնացեալ տարիներուն։ Աւելի ուշ ան պիտի պնդէր, թէ 1927-ին գրուած «Մարիանա Փինետա»-ն (Mariana Pineda) իրականութեան մէջ իր առաջին թատերախաղն էր։ Ուսանողական կացարանին մէջ գտնուած միջոցին ան հետեւեցաւ իրաւաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն, թէեւ ուսումէն աւելի կը հետաքրքրուէր գրելով։
Կարսիա Լորքայի բանաստեղծութիւններու առաջին գիրքը՝ «Բանաստեղծութիւններու գիրք» (Libro de poemas), հրատարակուեցաւ 1921-ին, ուր մէկտեղուած էին 1918-էն ի վեր գրուած գործերը՝ ընտրուած իր եղբօր՝ Ֆրանսիսքոյի (մականունով՝ Փաքիթօ) օգնութեամբ։ Այս գործերը կը շօշափէին կրօնական հաւատքի, մեկուսացման եւ բնութեան թեմաները, որոնցմով լեցուն էին իր արձակ խորհրդածութիւնները։
1922-ի սկիզբը, Կրանատայի մէջ Կարսիա Լորքան միացաւ յօրինող Մանուէլ տէ Ֆալյային՝ խրախուսելու համար «Գանթէ Խոնտօ» մրցոյթը (Concurso de Cante Jondo)․ փառատօն մը, որ նուիրուած էր ֆլամենքոյի կատարողականութեան եւ անոր «գանթէ Խոնտօ» (խորունկ երգ) ոճի արժեւորման։ «Այս շրջանին Լորքան ուսումնասիրեց երգերու կարճ ժանրը, որուն օրինակն է "Պարտէզ, Մարտ" բանաստեղծութիւնը՝ գրուած 1921-1924 թուականներուն, որ աւելի ուշ ընդգրկուեցաւ իր "Canciones" (Երգեր) գիրքին մէջ»։ Նախորդ տարի Կարսիա Լորքան սկսած էր գրել իր «Poema del cante jondo» («Խորունկ երգի բանաստեղծութիւնը», որ հրատարակուեցաւ միայն 1931-ին), ուստի բնականաբար էսսէ մը յօրինեց ֆլամենքոյի արուեստին մասին եւ սկսաւ հրապարակաւ ելոյթներ ունենալ ի պաշտպանութիւն մրցոյթին։ Յունիսին կայացած երաժշտական փառատօնին ան հանդիպեցաւ հռչակաւոր ֆլամենքոյի երգիչ (cantaor) Մանուէլ Թորէին։ Յաջորդ տարի, Կրանատայի մէջ, ան Ֆալյայի եւ ուրիշներու հետ համագործակցեցաւ մանկական թատերախաղի մը երաժշտական արտադրութեան վրայ՝ «Աղջիկը, որ կը ջրէ ռեհանը եւ հարցասէր արքայազնը» (La niña que riega la albahaca y el príncipe preguntón), որ Լորքան վերամշակած էր անտալուզեան հեքիաթէ մը։ Ներշնչուած լինելով «Խորունկ երգ»-ի յաջորդական նոյն կառուցուածքային ձեւէն՝ անոր «Suites» (1923) ժողովածուն երբեք չաւարտեցաւ եւ չհրատարակուեցաւ մինչեւ 1983 թուական։
Յաջորդ քանի մը տարիներուն Կարսիա Լորքան աւելի ուշագրաւ կերպով ներգրաւուեցաւ Սպանիոյ յառաջապահ (avant-garde) արուեստի շարժման մէջ։ Ան հրատարակեց բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը՝ «Canciones» (Երգեր) խորագիրով, թէեւ այն սովորական իմաստով երգեր չէր պարունակեր։ Կարճ ժամանակ անց, Լորքան հրաւիրուեցաւ իր գծագրութիւններու շարքը ցուցադրելու Պարսելոնայի «Կալերիս Տալմաու»-ի (Galeries Dalmau) մէջ՝ 25 Յունիսէն մինչեւ 2 Յուլիս 1927։ Լորքայի էսքիզները ժողովրդական եւ յառաջապահ ոճերու խառնուրդ մըն էին՝ լրացնելով «Canciones»-ը։ Ինչպէս իր պոեզիան, այնպէս ալ գծագրութիւնները կըտացնէին աւանդական անտալուզեան պատկերներու ազդեցութիւնը, քիւպիստական համադրութիւնը եւ սեռային ինքնութեան շուրջ մտահոգութիւնները։ Քանի մը գծագրութիւններ բաղկացած էին իրարու վրայ դրուած երազային դէմքերէ (կամ ստուերներէ)։ Ան աւելի ուշ այդ կրկնակի դէմքերը նկարագրեց իբրեւ ինքնանկարներ, որոնք կը ցուցադրեն «մարդու լալու, ինչպէս նաեւ յաղթելու կարողութիւնը»՝ համահունչ իր այն համոզումին, որ վիշտն ու խնդութիւնը նոյնքան անբաժանելի են, որքան կեանքն ու մահը[27]։
«Romancero gitano»-ն («Գնչուական տաղեր», 1928), որ իր «Cancion» (Երգեր) շարքին մէկ մասն է, դարձաւ իր ամենաճանչցուած բանաստեղծական գիրքը։ Այն Սպանիոյ գիւղական վայրերուն մէջ մինչ այդ պատմուող տաղերու եւ բանաստեղծութիւններու խիստ ոճաւորուած նմանակումն էր։ Կարսիա Լորքան այս գործը կը նկարագրէ իբրեւ Անտալուզիոյ «քանդակազարդ խորան»՝ իր «գնչուներով, ձիերով, հրեշտակապետերով, մոլորակներով, իր հրէական ու հռոմէական զեփիւռներով, գետերով, ոճիրներով, մաքսանենգի ամէնօրեայ հպումով եւ Քորտոպայի մերկ մանուկներու երկնային նշմարով։ Գիրք մը, որ հազիւ թէ կ'արտայայտէ տեսանելի Անտալուզիան, բայց ուր կը դողայ թագնուած Անտալուզիան»։
1928-ին այս գիրքը անոր համբաւ բերաւ ամբողջ Սպանիոյ եւ սպանախօս աշխարհին մէջ, եւ միայն շատ աւելի ուշ ան ճանչցուեցաւ իբրեւ թատերագիր։ Իր կեանքի մնացեալ տարիներուն գրողը պիտի փնտռէր անտալուզեան մշակոյթի տարրերը՝ փորձելով գտնել անոր էութիւնը՝ առանց դիմելու «պատկերաւոր» (picturesque) կամ «տեղական գունագեղութեան» կաղապարուած օգտագործման։
Անոր երկրորդ թատերախաղը՝ «Մարիանա Փինետա»-ն, որուն բեմայարդարումը կատարած էր Սալվատոր Տալին, մեծ ընդունելութեան արժանացաւ Պարսելոնայի մէջ 1927-ին։ 1926-ին Կարսիա Լորքան գրեց «Կոշկակարին հրաշալի կինը» (The Shoemaker's Prodigious Wife) թատերախաղը, որ պիտի ցուցադրուէր միայն 1930-ականներու սկիզբը։ Այն երեւակայութեան մասին կատակերգութիւն (farce) մըն էր՝ հիմնուած սեթեւեթող, կամակոր կնոջ եւ կնամեծար կոշկակարի մը յարաբերութեան վրայ։
1925-էն 1928 թուականներուն ան կրքոտ կերպով կապուած էր Տալիի հետ։ Թէեւ Լորքայի հետ Տալիի բարեկամութիւնը ունէր փոխադարձ կրքի ուժեղ տարրեր, Տալին կը պնդէր, որ ինք մերժած է բանաստեղծին սեռային (erotic) քայլերը։ «Գնչուական տաղեր»-ու յաջողութեան զուգընթաց՝ տեղի ունեցաւ օտարացում Տալիէն եւ քանդուեցաւ սիրային կապը քանդակագործ Էմիլիօ Ալատրէն Փերոխոյի հետ։ Ասոնք յառաջացուցին խորացող ընկճախտ (depression)՝ վիճակ մը, որ աւելի կը սրուէր իր համասեռամոլութեան պատճառով ապրած տառապանքով։ Ան կը զգար, որ թակարդի մէջ ինկած է յաջողակ հեղինակի կերպարին (որ ստիպուած էր պահել հանրութեան առջեւ) եւ տանջահար, իրական ինքնութեան միջեւ, որ միայն առանձին կրնար ընդունիլ։ Ան նաեւ այն տպաւորութիւնը ունէր, թէ զինք կը կաղապարեն իբրեւ «գնչու բանաստեղծ»։ Ան կը գրէր․ «Գնչուները պարզապէս թեմա մըն են։ Եւ ոչինչ աւելի։ Ես նոյն յաջողութեամբ կրնայի ըլլալ կարի ասեղներու կամ ջրային բնապատկերներու բանաստեղծ։ Բացի այդ, այս գնչուականութիւնը ինծի կու տայ անկիրթ, տգէտ ու նախնական բանաստեղծի տեսք մը, որ դուն շատ լաւ գիտես, թէ ես չեմ։ Ես չեմ ուզեր կաղապարուիլ»[28]։
Կարսիա Լորքայի եւ իր ամենամօտիկ բարեկամներուն միջեւ աճող օտարացումը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ սիւրռէալիստներ Տալին եւ Լուիս Պունիւէլը համագործակցեցան իրենց 1929 թուականի «Անտալուզեան շունը» (Un Chien Andalou) ֆիլմին վրայ։ Կարսիա Լորքան զայն ընկալեց, թերեւս սխալմամբ, իբրեւ կատաղի յարձակում իր անձին դէմ։ Այս ժամանակաշրջանին Տալին հանդիպեցաւ նաեւ իր ապագայ կնոջ՝ Կալային։ Գիտակցելով այս խնդիրներուն (թէեւ թերեւս ոչ անոնց պատճառներուն)՝ Կարսիա Լորքայի ընտանիքը կազմակերպեց անոր երկարատեւ այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներ 1929–1930 թուականներուն։
1929-ի Յունիսին, Կարսիա Լորքան Ֆեռնանտօ տէ լոս Ռիոսի հետ մեկնեցաւ ԱՄՆ՝ «RMS Olympic» շոգենաւով, որ «RMS Titanic»-ի քոյր նաւն էր։ Անոնք հիմնականին մէջ մնացին Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, ուր Ռիոսը սկսաւ դասախօսութիւններու շարք մը, իսկ Կարսիա Լորքան, ծնողներուն նիւթական աջակցութեամբ, արձանագրուեցաւ Քոլոմպիա համալսարանի ընդհանուր ուսումնառութեան բաժանմունքը։ Ան անգլերէն կ'ուսանէր, բայց, ինչպէս նախապէս, ուսումէն աւելի կլանուած էր գրելով։ Քոլոմպիայի մէջ ան կը բնակէր «Furnald Hall»-ի թիւ 617 սենեակին մէջ, նախքան «John Jay Hall»-ի թիւ 1231 սենեակը տեղափոխուիլը։ Ան ժամանակ անցուց նաեւ Վերմոնթի, իսկ աւելի ուշ՝ Հաւանայի (Քուպա) մէջ։
Իր «Poeta en Nueva York» («Բանաստեղծը Նիւ Եորքի մէջ», հրատարակուած յետմահու՝ 1940-ին) ժողովածուն կ'ուսումնասիրէ օտարացումն ու մեկուսացումը՝ որոշ պատկերաւոր, փորձարարական բանաստեղծական հնարքներու միջոցով, եւ կրած է Ուոլ Սթրիթի տնտեսական տագնապի (Wall Street crash) ազդեցութիւնը, որուն ան անձամբ ականատես եղած էր[29][30][31]։
Քաղաքային կապիտալիստական հասարակութեան եւ նիւթապաշտ արդիականութեան այս դատապարտումը կտրուկ շրջադարձ մըն էր իր նախորդ գործերէն եւ բանահիւս (folklorist) կոչուելու պիտակէն։ Այս շրջանի իր թատերախաղը՝ «El público»-ն (Հասարակութիւնը), չհրատարակուեցաւ մինչեւ 1970-ականներու վերջը եւ երբեք ամբողջութեամբ չէ հրատարակուած, քանի որ ամբողջական ձեռագիրը, ըստ երեւոյթին, կորսուած է։ Այդուհանդերձ, Նիւ Եորքի Ամերիկայի Սպանախօս Մշակոյթի Ընկերութիւնը (Hispanic Society of America) կը պահէ անոր անձնական նամակներէն քանի մը հատը[32][33]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 3 4 5 6 Краткая литературная энциклопедия — М.: Советская энциклопедия, 1962.
- 1 2 3 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- 1 2 3 4 5 6 Internet Broadway Database — 2000.
- 1 2 3 varios autores Diccionario biográfico español — Real Academia de la Historia, 2011.
- 1 2 3 4 5 6 (unspecified title)
- 1 2 3 Itaú Cultural Enciclopédia Itaú Cultural — São Paulo: Itaú Cultural, 2001. — ISBN 978-85-7979-060-7
- 1 2 3 filmportal.de — 2005.
- ↑ LIBRIS — Շուէտի Ազգային Գրադարան, 2018.
- ↑ https://datos.gob.es/es/catalogo/e00123904-autores-espanoles-en-dominio-publico-fallecidos-desde-1900
- ↑ «Routledge Modern and Contemporary Dramatists»
- ↑ (հայերեն) Ֆեդերիկո Գարսիա Լորկա, 2025-03-17, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%96%D5%A5%D5%A4%D5%A5%D6%80%D5%AB%D5%AF%D5%B8_%D4%B3%D5%A1%D6%80%D5%BD%D5%AB%D5%A1_%D4%BC%D5%B8%D6%80%D5%AF%D5%A1&oldid=10256368, վերցված է 2026-06-09
- ↑ The Editors of Encyclopædia Britannica. "Generation of 1927. Encyclopædia Britannica Online. Encyclopædia Britannica Inc., n.d. Web. 18 Nov. 2015
- ↑ «Generation of 1927 - Spanish literature»
- ↑ Ian Gibson, The Assassination of Federico García Lorca. Penguin (1983) 0-14-006473-7
- ↑ Michael Wood, "The Lorca Murder Case", The New York Review of Books, Vol. 24, No. 19 (24 November 1977)
- ↑ José Luis Vila-San-Juan, García Lorca, Asesinado: Toda la verdad Barcelona, Editorial Planeta (1975) 84-320-5610-3 «Archived copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 6 September 2009-ին։ արտագրուած է՝ 2008-10-28
- ↑ Reuters, "Spanish judge opens case into Franco's atrocities", International Herald Tribune (16 October 2008) Archived 10 February 2009 at the Wayback Machine.
- ↑ Estefania Rafael (18 August 2006)։ «Poet's death still troubles Spain»։ BBC News։ արտագրուած է՝ 14 October 2008
- ↑ Giles Tremlett։ «No remains found»։ The Guardian (London)։ արտագրուած է՝ 14 August 2012
- ↑ «Lorca family to allow exhumation»։ BBC News։ 18 September 2008։ արտագրուած է՝ 28 May 2009
- ↑ (անգլերեն) Federico García Lorca, 2026-06-06, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Federico_Garc%C3%ADa_Lorca&oldid=1358076613, վերցված է 2026-06-09
- ↑ "Federico Garcia Lorca". Routledge Modern and Contemporary Dramatists. Archived from the original on 27 July 2011.
- ↑ «PATRONATO FEDERICO GARCÍA LORCA | FUENTEVAQUEROS | GRANADA || SPAIN»։ www.patronatogarcialorca.org։ արտագրուած է՝ 2026-06-09
- ↑ Gil, Antonio Matos; Moya, Nieves Vico (2019-11-13), CASA MUSEO FEDERICO GARCÍA LORCA, Dykinson, pp. 309–319, https://doi.org/10.2307/j.ctv2s0jcdb.28, վերցված է 2026-06-09
- ↑ "Huerta de San Vicente". huertadesanvicente.com.
- ↑ Charlton David (2001)։ Maurer, Ludwig։ Oxford Music Online։ Oxford University Press
- ↑ Leslie, Stainton (2013). Lorca – a Dream of Life. Bloomsbury Publishing. ISBN 978-1448213443.
- ↑ Maurer (2001) p. xiii
- ↑ García Lorca, Federico (1958). "Poeta en Nueva York". Madrid.
- ↑ Río, Ángel del (1948). "Historia de la Literatura Española". New York. pp. 340–343.
- ↑ Río, Ángel del. Columbia University. Amelia A. de del Rio. Barnard College. II Antología general de la Literatura Española, Federico García Lorca, pp. 785–791, Libro De Poemas, 1960 . Holt, Rinehart, and Winston, New York Library of Congress Card Number 60-6296
- ↑ "Hispanic Society of America". 16 October 2015.
- ↑ 5 April – 20 July 2013, Back Tomorrow: Federico García Lorca / Poet in New York, New York Public Library Exhibition. Fifth Avenue at 42nd Street Stephen A. Schwarzman Building, Wachenheim Gallery.
| ||||||||||