Jump to content

Օրես

Օրես
հին յուն․՝ Ὥραι
Ծնողներ հայր՝ Զեւս, մայր՝ Թեմիս

Օրես (յուն․՝ Ώρες)․ Հին Յունաստանի եղանակներուն եւ ժամանակին աստուածութիւններն էին։

Դիցաբանութեան համաձայն, Օրես Տիասին եւ Թեմիսին դուստրերն էին եւ Միրեսներուն եւ յաւերժահարսերուն քոյրերը։ Իրենց բնակարանը Իրիդանոս գետն էր։

Աթէնքի մէջ կը նշուէին որպէս Թալօ, Աւքսօ եւ Գարբօ։

Իսիոդոս կը նշէ զանոնք որպէս Էվնոմիա, Դիքի եւ Իրինի։ Անոնց պարտականութիւնն էր հետեւիլ մարդոց գործերուն։

Օրես, առաջինը եղան որ Աֆրոդիթին ընդունեցին, հագցուցին եւ Ողիմպոս ուղեկցեցան։ Անոնք Արեւ աստուծոյ օգնականներն էին եւ նաեւ տարուան եղանակները կարգի դնելով կ՛օգնէին հողին բուսականութեան։ Ըստ Օմիրոսին, անոնք Ողիմպոսին դարպասները ամպերով կը բանային եւ կը գոցէին։ Ինչպէս նաեւ, Իրային ձիերուն հոգ կը տանէին։

Ըստ Օրֆիկեան ոգերգներուն, անոնք Խարիդեսներուն եւ Միրեսներուն հետ Բերսեֆոնին Ադիսէն դէպի լոյս առաջնորդեցին։

Ըստ Աղեքսանտրեցի հեղինակներուն Օրեսներուն թիւը 12 է եւ Եէային ու Խրոնոսին դուստրերն են։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]