Օրագիր Կ․ Պոլսոյ
| Օրագիր Կ․ Պոլսոյ | |
|---|---|
| Տեսակ | պարբերաթերթ |
| Լեզու | հայերէն և արեւմտահայերէն |
| Խմբագիր | Օգսեն Խոճասարյան? |
| Հիմնադրուած է | 1868 |
«Օրագիր Կ․ Պոլսոյ», քաղաքական, ազգային-առեւտրային օրաթերթ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լոյս տեսած է 1868-1878 թուականներուն Կ. Պոլսոյ մէջ՝ հայերէն եւ հայատառ թրքերէն (1868 թուականին կոչուած է «Օրագիր», 1876 թուականին՝ «Նորագիր», 1877-1878 թուականներուն՝ «Նոր դար»)։ Եղած է «Ծիլն Աւարայրի» (1866–1867) եւ «Օրագիր Ծիլն Աւարայրի» (1868, երկուքն ալ՝ խմբագիր՝ Մարկոս Աղաբեկեան) թերթերու շարունակութիւնը։
Խմբագիր-տնօրէնները եղած են Օգսէն Խոճասարեանը, Յակոբ Խանճեանը։
Պարբերականը դաւանած է սահմանադրական-միապետական սկզբունքներ, սպասուելիք ազատութեան բարեփոխումներու շրջանին մեծ տեղ յատկացուցած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ քրիստոնեայ ժողովուրդներու վիճակի բարելաւման, ներքին ինքնորոշման եւ կառավարման մեթոդներու կարգաւորման հարցերուն։ Պարբերականը ներկայացուցած է արեւմտահայութեան ծանր կացութիւնը, անոր վիճակի բարւօքումը կապած թրքական կառավարութեան բարենորոգիչ ձեռնարկներու եւ երկրագործական ընկերութիւններու գործունէութեան հետ։ Անդրադարձած է արեւմտահայերու սահմանադրական ժողովներու ընթացքին, որու շուրջ բանավիճած է «Մանզումէի Էֆքեարի», «Մեղուի», «Թատրոնի» հետ։ Պաշտպանած է Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական միապետութիւն հաստատելու, ժողովուրդներուն սահմանադրական ազատութիւններ շնորհելու գաղափարը։
«Նոր դար» պարբերականը հայ ժողովուրդի ապահովութիւնը պայմանաւորած է միապետներու մարդասիրական քաղաքականութեամբ եւ այդ պատճառով դրուատանքի խօսքեր ուղղեած է Ռուսաստանի կայսրին՝ ճորտատիրութեան վերացման կապակցութեամբ։
Տպագրած է նաեւ բանասիրական նիւթեր ու հաղորդագրութիւններ, անդրադարձած է ազգային եւ եւրոպական գրականութեան նորութիւններուն։
| Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ |