Օշին Ա․ (թագաւոր)
| Օշին Ա․ | |
|---|---|
![]() | |
| Ծնած է | 10 Յունուար 1283 |
| Մահացած է | 20 Յուլիս 1320 (37 տարեկանին) |
| Մահուան վայր | Դրազարկի Վանք, Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն |
| Մասնագիտութիւն | գերիշխան |
| Վարած պաշտօններ | Հայոց արքայ |
| Ամուսին | Իզաբելլա Գ Հեթումյան? և Ժաննա Տարանտո? |
| Ծնողներ | հայր՝ Լեւոն Գ., մայր՝ Կեռան? |
| Երեխաներ | Լևոն Ե? |
Օշին Ա․ (10 Յունուար 1283 - 20 Յուլիս 1320, Դրազարկի Վանք, Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն), Կիլիկիոյ Հայոց թագաւոր 1308 թուականէն։ Հեթում Բ․–ի եղբայրը։ Յաջորդած է Լեւոն Դ․–ին։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լեւոն Բ. թագաւորի (1270-1289) եւ Կեռան թագուհիի տասնհինգերորդ զաւակն էր (իր աւագ եղբայներէն ու քոյրերէն վեցը մահացած են փոքր տարիքին)։
Եգիպտոսի մամլուքները, իրենց տեւական յարձակումներով, արդէն սկսած էին գրաւել կիլիկեան տարածքներ, իսկ մոնկոլներու հետ դաշինքը անբաւարար էր վճռական պաշտպանութիւն մը ապահովելու։ Կացութիւնը աւելի եւս բարդացած է մոնկոլ կայսրութեան աստիճանական իսլամացումով։
1303-ին, Օշինի աւագ եղբայրներէն Հեթում Բ. թագաւոր (1289-1293, 1295-1296, 1299-1303), հրաժարած է գահէն։ Գահ բարձրացած է իրենց եղբօրորդին՝ 14ամեայ Լեւոն Գ. (1303-1307), իսկ Հեթում դարձած է անոր խնամակալը։
Չորս տարի ետք, զօրավար Պիլարղուն, որ կիլիկեան մոնկոլական պահակազօրի ղեկավարն էր, մայրաքաղաք Սիսի մէջ մզկիթ մը շինելու դիտաւորութիւնը արտայայտած է, իսկ Հեթում նամակով բողոքած է Օլճէյթու խանին (1304-1316)։
17 Նոյեմբեր 1307-ին, Պիլարղու հրաւիրած է խնամակալն ու թագաւորը իր բանակատեղին՝ Անարզաւայի մօտերը, եւ զանոնք սպաննել տուած՝ իրենց շքախումբին հետ։
Թագաժառանգ Օշին յարձակած ու պարտութեան մատնած է Պիլարղուն, պարտադրելով, որ Կիլիկիայէն հեռանայ։ Ան թագաւոր հռչակուած է, իսկ Օլճէյթու մահուան դատապարտած է Պիլարղուն իր ոճիրին համար։
Նոր թագաւորը ամուսնացած էր իր զարմուհիին՝ Կոռիկոսի իշխանուհի Զապէլի հետ, եւ ունեցած մէկ որդի՝ Լեւոն (ծնած՝ 1309-ին)։
1309-ին, թագաւորը հրամայած է մահապատիժի ենթարկել Կիլիկիոյ մարաջախտ ու իր կնոջ հօրեղբայր Օշինը, որ պատասխանատու էր իր աւագ եղբօր՝ Թորոս Գ. թագաւորի սպանութեան (1298)։
Օշինի քոյրը, որուն անունը նոյնպէս Զապէլ էր, ամուսնացած էր Տիւրոսի (ներկայ Լիբանանի Սուր քաղաքի) Ամօրի իշխանին հետ։ Երբ վերջինը Կիպրոսի կառավարութիւնը բռնագրաւած է իր եղբօրմէն՝ Հենրիկոս Բ. թագաւորէն, վերջինս Օշինի կողմէ բանտարկուած է Կիլիկիոյ մէջ։ Սակայն, 1310-ին Ամօրիի սպանութենէն ետք, Հենրիկոս Բ. ազատ արձակուած ու Կիպրոս վերադարձած է։
Թագուհի Զապէլ մահացած է նոյնպէս 1310-ին։ Անոր մահէն ետք, Օշին ամուսնացած է Իզապէլ Լուսինեանի հետ, որ Կիպրոսի Հիւկ Գ. թագաւորի դուստրն էր եւ Բարձրբերդի տէր Կոստանդին Նղրացիի այրին։ Սակայն, ամուսնալուծուած է 1316-էն առաջ, իսկ Իզապէլ մահացած է 1319-ին։

Հեթում Բ.-ի պէս, Օշին եւս Հայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միութեան ջատագովը եղած է։ Այս միութեան գաղափարը Պապին կողմէ իբրեւ նախապայման կը դրուէր՝ եւրոպական զինուորական օժանդակութիւն ստանալու համար, բայց միաժամանակ ժողովրդային խոր դժգոհութեան աղբիւր էր։
Յովհաննէս ԻԲ. Պապը պահանջած է թագաւորէն, որ վերականգնէ Սիսի 1307-ի որոշումները՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ ծէսի որդեգրումը, ինչպէս եւ պապական գերիշխանութեան ճանաչումը, որոնք չեղեալ համարուած էին Ատանայի (1308) եւ Սիսի (1309) ժողովներուն կողմէ։ Թէեւ Ատանայի 1316-ի ժողովը վերահաստատած է այդ որոշումները, սակայն այս քայլը հանդիպած է ժողովուրդի եւ Մեծ Հայքի հոգեւորական դասու բուռն ընդդիմադրութեան, ինչ որ յաւելեալ պառակտում աղբիւր հանդիսացած է։
Համաձայնութիւն կնքուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ Ֆրանսայի միջեւ 7 Յունուար 1314-ին Օշին Ա. Կիլիկիոյ հայոց թագաւորին կողմէ, որպէսզի Կիլիկիոյ եւ Ֆրանսայի նաւերը հանգիստ օգտագործեն մէկը միւսին նաւահանգիստները` Այաս, Կորիկոս: Համաձայնագիրը պահուած է մինչեւ օրս Ֆրանսայի Մոնփելիէ թանգարանին մէջ[1]:
Օշին յանկարծամահ եղած է, Դրազարկի վանքին մէջ։ Անոր յաջորդած է որդին՝ 11ամեայ Լեւոն Դ. (1320-1342)։ Ժողովուրդին մէջ տարաձայնուած է, որ թագաւորը թունաւորուած էր իր զարմիկին ու երբեմնի աներձագին՝ Կոռիկոսի իշխան Օշինի կողմէ, որ խնամակալը դարձած էր։
Լեւոն Շանթը իր «Օշին Պայլ» թատերախաղին նիւթ դարձուցած է պատմական այս շրջանը[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Հայկական «Գետաղ» Բեռնանաւուն Պատմութիւնը (1695-1702)»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2024-10-28։ արտագրուած է՝ 2025-09-09
- ↑ «ՕՇԻՆ Ա. ԹԱԳԱՒՈՐ (մահ՝ 20 Յուլիս, 1320)»։ Armenian Prelacy (en-US)։ արտագրուած է՝ 2025-09-09
