Օղի

Օղի (ռուս.՝ водка, լեհ.՝ wódka) պինդ ալքոհոլային թորած խմիչք, որ գլխաւորաբար բաղկացած է ջուրէ եւ էթանոլէ։
Սովորաբար օղի կը պատրաստուի թթուած նիւթերէ, ինչպէս՝ միրգերէ։
Օղիի ալքոհոլային պարունակութիւնը սովորաբար կը կազմէ 40% ըստ ծաւալի (ԱԸԾ)։
Ռուսական, ուքրանական, էսթոնական, լաթվիական, լեհական, լիթուանական եւ չեխական արտադրութեան օղիները հետեւող են այս 40% ԱԸԾ-ին[1]։
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն մէջ սահմանուած ալքոհոլային մասնաբաժինը կազմած է 37,5% ԱԸԾ («Եւրոպական օղի»), մինչդեռ Միացեալ Նահանգներու մէջ օղիի պարունակութիւնը սկսած է 30% եւ բարձր։
Օղիի չափազանցած օգտագործումը կրնայ յառաջացնել առողջական խնդիրներ, ինչպէս լեարդի, սիրտի եւ ուղեղի[2]։
Օղիի պատմութիւն եւ ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օղիի օգտագործումը սկսած է միջնադարէն։ Ռուսական եւ արեւելեան եւրոպական ժողովուրդներու մէջ օղին աւանդաբար օգտագործուած է տօնական միջոցառումներու, հարսանիքներու եւ յիշատակի օրերու ժամանակ[3]։